Եուրօ-2012. Իտալիա Փենալթիներով (4-2) Յաղթեց Անգլիոյ. Զապի Ալոնսօ Կերտեց Սպանիոյ Յաղթանակը` Նշանակելով 2 Կոլ. Այսօր Եւ Վաղը` Հանգիստի Օրեր
Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումները ամբողջացան երէկ, երբ տեղի ունեցաւ չորրորդ եւ վերջին մրցումը, երբ Քիեւի Ողիմպիական դաշտին վրայ իրարու դէմ ճակատեցան Անգլիա եւ Իտալիա:
Եթէ քառորդ աւարտականի նախորդ երեք մրցումները աւարտեցան սովորական ձեւով (90 վայրկեանէն), այս մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգումէն, ապա` փենալթիներէն ետք միայն:
Անոնք երկուքն ալ 120 վայրկեան փորձեցին կոլ նշանակել, սակայն անոնց մարզիկներուն փորձերը անցան ի զուր, որովհետեւ ոեւէ մարզիկ չյաջողեցաւ ցնցել մրցակիցին բերդին ուռկանը, թէեւ Իտալիա երկու առիթով ցնցեց Անգլիոյ բերդին սիւնը:
120 վայրկեան ետք, երբ յաղթական կազմ մը չեղաւ, դիմուեցաւ փենալթիներուն, որոնց միջոցով Իտալիա տարաւ վերջնական յաղթանակը` 4-2 արդիւնքով:
Անգլիայէն կոլ նշանակեցին Սթիւըն Ժերար եւ Ուէյն Ռունի, մինչ Էշլի Եանկ հարուածեց բերդին սիւնին, իսկ Էշլի Քոլի հարուածը զսպուեցաւ Ճիանլուիճի Պիւֆոնի կողմէ:
Ինչ կը վերաբերի Իտալիոյ, Մարիօ Պալոթելլի, Անտրէա Փիրլօ, Անթոնիօ Նոքերինօ եւ Ալեսանտրօ Տիամանթի կոլ նշանակեցին, մինչ Ռիքարտօ Մոնթոլիվօ բերդէն դուրս հարուածեց:
Այսպիսով, Իտալիա, որ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, հինգշաբթի օր Վարշաւայի մէջ պիտի ճակատի Գերմանիոյ դէմ:
Պէտք է ըսել, որ Իտալիա, որ գնդակին տիրապետեց 63 տոկոսով, կոլ նշանակելու աւելի առիթ ունեցաւ, աւելի քան երեսուն անգամ հարուածելով Անգլիոյ բերդապահ Ճօ Հարթի բերդին ուղղութեամբ:
Իտալիա ձեռք ձգեց 7 քորնըր, մինչ Անգլիա` 3:
Օրուան փորթուգալցի իրաւարար Փետրօ Փրոյենքա երկու անգամ գործածեց իր դեղին քարտը Իտալիոյ դէմ:
Այժմ կիսաւարտական հասնող չորս խումբերը` Գերմանիա, Իտալիա, Փորթուգալ եւ Սպանիա, երկու օր հանգիստ պիտի ընեն` պատրաստուելու համար կիսաւարտականի մրցումներուն:
Սպանիա – Ֆրանսա` 2-0
Շաբաթ, 23 յունիսին, Տոնեցքի մէջ տեղի ունեցած Սպանիա – Ֆրանսա քառորդ աւարտականի երրորդ ճակատումը աւարտեցաւ տիտղոսակիր Սպանիոյ յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Զապի Ալոնսօ, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր 100-րդ մրցումը կը կատարէր, ունեցաւ յիշատակելի եւ անմոռանալի օր մը` նկատի ունենալով, որ ան նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը:
Մրցումին 19-րդ վայրկեանին ան գլխու զօրաւոր եւ սքանչելի հարուածով մը պարտութեան մատնեց Ֆրանսայի բերդապահ Հիւկօ Լորիսը: Ան մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ) արդիւնքը բարձրացուց երկուքի, երբ իր նպատակին հասցուց իր կազմին շնորհուած փենալթին:
Թէեւ տիտղոսակիր Սպանիա քիչ մը «պաղ» մրցում մը կատարեց, սակայն անիկա այժմ 18-րդ մրցումն ըլլալով կը մնայ անպարտելի: Անիկա իր վերջին պարտութիւնը կրած է 2010-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն` պարտուելով Զուիցերիայէն (1-0):
Սակայն հակառակ ատոր, անիկա 55 տոկոսով տիրապետեց գնդակին: Մրցումին Ա. կիսախաղը համեմատաբար աւելի հետաքրքրական էր, քան` երկրորդը, նկատի ունենալով, որ անիկա քիչ մըն ալ եղաւ ձանձրացուցիչ:
Այսպիսով, Սպանիա իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Փորթուգալը (չորեքշաբթի օր):
Այսօր եւ վաղը հանգիստի օրեր են:
Նշենք, որ այս մրցումին, դաշտէն դուրս կամ անոր մէջ տեսնուեցաւ հայկական Եռագոյնը` բարձրացուած ֆութպոլասէր հայերու կողմէ, որոնք դէպի Տոնպաս Արենա ուղղուած էին` ներկայ գտնուելու այս մրցումին:
Վստահաբար այլ մրցումներուն ընթացքին ալ հայեր ներկայ գտնուեցան, սակայն Totalfootball.am-ի նկարները կը հանդիսանան խօսուն, լուսանկարուած անոր նկարիչին` Աշոտ Առուշանեանի կողմէ:







