Բժշկագիտական. Վիզէն Վար Անդամալոյծ Դարձած Հիւանդներ Կրնան Իրենց Մտքով Հակակշռել Մարդամեքենայի Մը Թեւին Շարժումները
Մայիսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու քանի մը հիւանդանոցներու ու համալսարաններու մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարող խումբ մը մասնագէտներ իրարու հետ գործակցաբար կը պատրաստեն ու կը փորձարկեն այնպիսի՛ ծրագիր մը, որուն նպատակը կ՛ըլլայ որոշ չափով անկախ դարձնել վիզէն վար անդամալոյծ եղող հիւանդները:
Նշեալ ծրագիրին մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են մարդամեքենայի մը թեւին պատրաստութիւնը, որուն միջոցով վիզէն վար անդամալոյծ եղող երկու հիւանդներ կրցած են իրենց մտքով հրահանգել ու իրենց ուզած դիրքով շարժել տալ այդ թեւը եւ, այդպիսով, առանց մէկու մը օգնութեան խմել իրենց ուզած հեղուկը:
Այսուհանդերձ, մասնագէտները շատ փոքր գերզգայուն սարք մը տեղադրած են նշեալ հիւանդներուն ուղեղին մէջ եւ զայն միացուցած համակարգիչի մը, որ այդ սարքին մէջ արձանագրուած ելեկտրական ազդանշանները վերծանելով` զանոնք վերածած է հրահանգի եւ իր կարգին կապուած ըլլալով մարդամեքենայի մը թեւին` այդ հրահանգը փոխանցած է այս վերջինին, որ անմիջապէս գործադրած է զայն:
Ուղեղին մէջ տեղադրուած գերզգայուն սարքը իր մէջ կ՛արձանագրէ ուղեղին ջիղերու բջիջներուն միջեւ յառաջացած ու անոնց մէջ սփռուող ելեկտրական ազդանշանները: Նշեալ ազդանշանները ուշագրաւ կերպով կ՛աշխուժանան ուղեղին տարբեր բաժիններուն մէջ տարբեր աշխատանքներու նախաձեռնած ատեն:
2006-ին մասնագէտներու նշեալ խմբակը այլ ուսումնասիրութեան մը միջոցով, ցոյց տուած է, թէ վիզէն վար անդամալոյծ եղող մարդիկ կրնան համակարգիչի մուկը իրենց ուզած ուղղութեամբ շարժելու հրահանգներ տալ իրենց մտքով եւ, այդպիսով, իրենց ուզածը արտայայտել համակարգիչի պաստառին վրայ:
Անբացատրելի Ուրախութիւն
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները բացատրած են, թէ երբ վիզէն վար անդամալոյծ եղող հիւանդը մտածած է թեւը եւ կամ ձեռքը շարժելու մասին, ապա անիկա աշխուժացուցած է ուղեղին մէջ մարմնի անդամներուն շարժումներուն հսկող բաժինին ջիղերու բջիջները, որոնցմէ յառաջացած ելեկտրական ազդանշանները ուղեղին մէջ տեղադրուած սարքին միջոցով փոխանցուած են համակարգիչի մը, որ իր կարգին վերծանած է հրահանգը:
Ուսումնասիրութեան մասնակցող երկու հիւանդներն ալ ուղեղի կաթուածի պատճառով իրենց վիզէն վար անդամալոյծ եղած են մօտաւորապէս տասնհինգ տարի առաջ:
Նշեալ հիւանդներէն` Քեթի Հաչինսըն, որ ներկայիս յիսունութ տարեկան է, յաջողած է փորձարկման ատեն մտքով շարժել տալ մարդամեքենայի մը թեւը եւ անոր միջոցով կրցած է իր բերնին մօտեցնել սուրճի գաւաթ մը. բան մը, որ տասնհինգ տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կրցած է ընել` առանց մէկու մը օգնութեան:
Հաչինսըն, որ քանի մը տարիէ ի վեր իր շուրջիններուն հետ կը կապուի աչքի շարժումներով համակարգիչի պաստառին վրայ տեղադրուած գիրերը ընտրելով եւ այդպիսով արտայայտելով իր միտքը, երբ կրցած է սուրճ խմել առանց մէկու մը օգնութեան, ըսած է. «Ինծի համար անհաւատալի էր առանց մէկու մը օգնութեան սուրճ խմելը: Խանդավառ էի: Յոյսի զգացումներ ունէի, ինչպէս նաեւ` անկախ ըլլալու զգացում մը»:
Նորագոյն Արհեստագիտութիւնը Կրնայ
Օգտակար Դառնալ Նաեւ Հաշմանդամներուն
Հաչինսընին առողջական վիճակին հետեւող ամերիկացի ջղաբան փրոֆ. Ճոն Տոնոկ ըսած է, թէ փորձարկման ընթացքին արձանագրուած յաջողութենէն անդին, Հաչինսընին ապրած անբացատրելի ուրախութիւնը մեծ գոհացում տուած է մասնագէտներուն:
Փրոֆ. Տոնոկ նշած է, թէ նման միջոցով մը կարելի եղած է օգնել վիզէն վար անդամալոյծ եղող հիւանդին` իրագործելու համար տարիներէ ի վեր իր երազած մէկ ցանկութիւնը:
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ ուղեղի կաթուած անցուցած մարդոց ուղեղին շարժումներու հետ առնչուած բաժինը կը շարունակէ աշխուժ մնալ կաթուածէն աւելի քան տասը տարի ետք:
Փրոֆ. Տոնոկ ըսած է, թէ ուղեղին մէջ տեղադրուած ելեկտրական ազդանշանները արձանագրող գերզգայուն սարքը բաւական դիմացկուն է` նկատի ունենալով, որ անիկա Հաչինսընին ուղեղին մէջ տեղադրուած է վեց տարի առաջ, երբ մասնագէտները սկսած էին նորագոյն ուսումնասիրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Թէեւ նորագոյն ուսումնասիրութենէն կարելի եղած է ձեռք ձգել խոստմնալից արդիւնքներ, այսուհանդերձ, մասնագէտները կը նախատեսեն, թէ տակաւին անհրաժեշտ է քանի մը տարի` նախքայն այդ նորագոյն արհեստագիտութիւնը անդամալոյծներուն մատչելի դարձնելը:
Մասնագէտները նշած են նաեւ, թէ նման արհեստագիտութիւն մը շատ հաւանաբար օգտագործուի նաեւ հաշմանդամներուն պարագային` անոնց վիրահատուած անդամները փոխարինող արուեստական անդամներուն շարժումները հակակշռելու համար:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւր՝ Պի. Պի. Սի.)

