Բժշկագիտական. Ծանրօրէն Վնասուած Ողնայար Ունեցող Անդամալոյծ Առնէտները Վերստին Քալեցնող Նոր Միջոցը` Խոստմնալից Անդամալոյծ Մարդոց Պարագային Եւս
Վերջերս ամերիկացի ու եւրոպացի խումբ մը մասնագէտներ յաջողած են քալեցնել անդամալոյծ դարձած առնէտներ:
Մասնագէտներուն համաձայն, առաջին անգամն է, որ կարելի կ՛ըլլայ վերաշխուժացնել ծանրօրէն վնասուած ողնայարներ: Այսուհանդերձ, հետագային նման միջոցի մը որդեգրումը կրնայ խոստմնալից դառնալ նաեւ անդամալոյծ մարդոց պարագային:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ ջղաբան Կրեկուար Քուրթին ու անոր գլխաւորած մասնագէտներու խմբակը ծանրօրէն կը վնասեն քսանեօթը առնէտներու ողնայարները եւ միայն կարգ մը հիւսկէններ անվնաս կը պահեն: Միւս կողմէ, սակայն, անոնք ամբողջութեամբ կը խզեն ջիղերուն միջեւ ուղղակիօրէն եղած կապերը. հետեւաբար, նշեալ առնէտները անկարող կը դառնան շարժելու իրենց ետեւի ոտքերը:
Մէկ շաբաթ ետք մասնագէտները քսանեօթը առնէտներէն տասնեօթն կ՛ենթարկեն յատուկ տեսակի դարմանումի մը, որուն մէջ կը ներառեն մարմնամարզ, քիմիական նիւթերէ կազմուած բաղկացուցիչներով ներարկումներ, ինչպէս նաեւ` ելեկտրական ցնցումներ: Մնացեալ տասը առնէտները որեւէ դարմանում չեն ստանար եւ այդպէս անդամալոյծ կը մնան:
Մասնագէտները նշեալ ուսումնասիրութեան համար կը պատրաստեն յատուկ սարք մը, որ ուղիղ ձեւով կախուած կը պահէ առնէտները, սակայն, միեւնոյն ատեն կը մղէ զանոնք դէպի առջեւ քայլեր առնելու:
Ամերիկացի ջղաբան Նաոմի Քլէյթմեն բացատրած է, թէ այդ յատուկ սարքով կատարուած մարզանքը այնպիսի՛ անդրադարձներ (ռիֆլեքսներ) յառաջացուցած է առնէտներուն մէջ, որ որոշ չափով կրաւորական դարձուցած է քալելու գործընթացը: Այլ խօսքով, երբ նշեալ սարքը դէպի առաջ մղած է առնէտին աջ ոտքը, ապա ատիկա անդրադարձ մը յառաջացուցած է անոր ձախ ոտքին մէջ, որ մղած է ձախ ոտքին դէպի առջեւ քայլ մը առնելուն:
Տուրմին Հասնելու Զօրաւոր Կամք…
Մինչ այդ, նշեալ սարքին զուգահեռ, մասնագէտները առնէտներուն վնասուած ողնայարներուն մէջ յառաջացուցած են ելեկտրական ցնցումներ, որոնք որոշ չափով նմանած են ոտքերը շարժելու գործընթացին համար ուղեղէն ղրկուած ազդանշաններուն, ինչպէս նաեւ կատարած են քիմիական բաղկացուցիչներով կազմուած ներարկումներ, որոնք նպաստած են ջիղերու բջիջներուն միջեւ խզուած կապերուն վերաշխուժացման եւ ելեկտրական ցնցումներուն տեղէ տեղ փոխանցման:
Տասնեօթը առնէտները սարքին վրայ յատուկ վարժութիւններու հետեւած են երեք շաբաթ շարունակ, որմէ ետք մասնագէտները ընտրած են անոնցմէ տասն եւ սկսած են փոքր անցքի մէջ քալեցնել տալ զանոնք` անշուշտ միշտ ուղիղ կախուած պահելով զանոնք եւ բաճկոնակի նման անոնց հագցուած հաստ կերպասով մը զանոնք կապուած պահելով սարքին:
Քանի մը շաբաթ ետք տասը առնէտները արդէն իսկ յաջողած են արագօրէն բարձրանալ աստիճաններէն: Նշեալ հանգրուանին, մասնագէտները տուրմի կտորներ տեղադրած են աստիճաններուն վերջաւորութեան: Նման երեւոյթ մը յաւելեալ քաջալերած է առնէտները եւ մղած է զանոնք արագացնելու իրենց քալուածքը` հասնելու համար տուրմին:
Երբ մասնագէտները յատուկ սարքերու միջոցով նկարահանած են առնէտներուն ողնայարին ջիղերու բնաթելերը, գրեթէ ամբողջական կերպով վերստին աճած գտած են զանոնք, ինչպէս նաեւ նկատած են, թէ այդ բնաթելերը նոր կապեր հաստատած են ուղեղին եւ ողնայարին ջիղերու հիւսկէններուն միջեւ:
Վերստին Քալելու Յո՞յս
Նման երեւոյթ մը պարզուած է միայն այն տասը առնէտներուն մօտ, որոնք յաւելեալ վարժութիւններու հետեւած են եւ ատեն մը ետք կրցած են արագօրէն բարձրանալ աստիճաններէն, իսկ այն եօթը առնէտներուն մօտ, որոնք` սարքին միջոցով ուղիղ կախուած պահուած են, սակայն յաւելեալ վարժութիւններու չեն մասնակցած, քայլեր առնելու որեւէ բարելաւում չէ յառաջացած, հակառակ որ անոնք շարունակ ստացած են ելեկտրական ցնցումներ ու քիմիական յատուկ նիւթերու ներարկումներ: Նաեւ նշեալ եօթը առնէտներուն ողնայարին նկարահանումները գրեթէ աննշան աճ ցոյց տուած են անոնց ջիղերուն բնաթելերուն մէջ:
Մասնագէտ Քլէյթմեն ըսած է, թէ նման տեսակի դարմանումներ արդէն իսկ նախապէս փորձարկուած են անդամալոյծ մարդոց վրայ, սակայն նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ հետաքրքրականը ա՛յն է, թէ վերոնշեալ երեք միջոցները փորձարկուած են միասնաբար, մինչդեռ նախապէս կատարուած փորձարկումներուն մէջ անոնք կիրարկուած են անջատաբար, եւ այդ պատճառով ալ օրին նոյնքան խոստմնալից արդիւնքներ ձեռք չեն ձգուած անոնցմէ:
«Մայօ Քլինիք»-ի ջղաբան Թոնի Ուինտպենքին համաձայն, առնէտներուն վրայ կատարուած նորագոյն փորձարկումներէն ստացուած խոստմնալից արդիւնքները կարելի է ձեռք ձգել նաեւ մարդոց պարագային:
Մասնագէտ Ուինտպենք կարեւոր նկատած է վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքներուն միջոցով կարելի է յոյս ներշնչել անդամալոյծ դարձած ա՛յն մարդոց, որոնց ողնայարները այնքա՛ն ծանրօրէն վնասուած են, որ վերստին քալելու ո՛չ մէկ երաշխիք տրուած է անոնց:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւր՝
«Նէշընըլ Ճիոկրաֆիք»

