Բժշկագիտական. Ամերիկեան Անջրպետագնացութեան Գործակալութեան` Նասա-Ի Խումբ Մը Մասնագէտներ Ոսկրափտութեան Ախտաճանաչումը Կատարող Նոր Ձեւ Մը Կը Գտնեն
Մայիսի վերջաւորութեան Ամերիկեան անջրպետագնացութեան գործակալութեան` ՆԱՍԱ-ի խումբ մը մասնագէտներ գտած են այնպիսի՛ ձեւ մը, որուն միջոցով կարելի եղած է ոսկրափտութեան ախտաճանաչում կատարել տակաւին անոր սկզբնական հանգրուաններուն մէջ եղած ատեն:
Ոսկրափտութեան սկզբնական հանգրուանը յաճախ աննկատ կ՛անցնի, եւ անոր ախտաճանաչումը կը կատարուի ա՛յն ատեն, երբ ոսկորներուն տկարացման պատճառով կոտրուածքներ կը յառաջանան մարմնին տարբեր բաժիններուն ոսկորներուն մէջ:
ՆԱՍԱ-ի մասնագէտները նման աշխատանքի մը նախաձեռնած են` ի մտի ունենալով գլխաւորաբար անջրպետագնացները, որոնք շատ աւելի հակամէտ են ոսկրափտութեան յառաջացման վտանգին` նկատի ունենալով, որ անջրպետին մէջ ձգողական ուժին նուազագոյն տարողութիւնները, պատճառ կը դառնան մարդկային կմախքին տարբեր ոսկորներուն պարպուելու եւ, հետեւաբար, ոսկրափտութիւն կը յառաջացնեն:
Ոսկրափտութեան սկզբնական հանգրուանները յայտնաբերող նոր ձեւին մէջ մասնագէտները փորձած են չափել մարդկային մէզին մէջ յայտնուող քալսիոմի զուգատիպերուն (այսոթօփերուն) տարողութինները: Քալսիոմի նշեալ զուգատիպերուն տարողութիւններուն մէջ ուշագրաւ փոփոխութիւններ կը յառաջանան, երբ ոսկորը կը սկսի հետզհետէ փճանալ: Այսուհանդերձ, երբ քալսիոմի տարբեր զուգատիպերը կը յայտնուին մէզին մէջ, ապա ատիկա ցոյց կու տայ ոսկորի խտութեան մէջ կանխահասօրէն յառաջացած փոփոխութիւնները:
Ոսկրափտութեան Սկզբնական Հանգրուանները
Ճշգրտօրէն Յայտնաբերող Միջոցը
Մասնագէտները նշած են, որ թէեւ ոսկորի խտութեան տարողութիւնները չափող սարքերը ցոյց կու տան ոսկրափտութեան տարբեր հանգրուանները, բայց եւ այնպէս այդ սարքերը կարողութիւնը չունին ցոյց տալու ոսկորի տկարացման սկզբնական հանգրուանները, այնքան, որքան ունի նորագոյն միջոցը:
Նորագոյն միջոցին փորձարկման համար մասնագէտները նկատի ունեցած են տասներկու առողջ մարդիկ, որոնց երեսուն օր շարունակ անկողինը պառկած պահած են` նկատի ունենալով, որ անկողինին մէջ երկարատեւ պառկած մնալը կը նուազեցնէ ոսկորի խտութեան տարողութիւնը:
Մասնագէտները գրեթէ օրական դրութեամբ չափած են նշեալ մարդոց մէզին մէջ յայտնուած քալսիոմի տարբեր զուգատիպերուն տարողութիւնները եւ արդէն իսկ մէկ շաբաթ ետք ոսկորի խտութեան տարողութեան նուազում նկատած են անոնց մօտ:
Մինչ այդ, երբ մասնագէտները, մէզի քննութեան զուգահեռ, նշեալ մարդոց ոսկորի խտութեան տարողութիւնը չափած են նաեւ գոյութիւն ունեցող նկարահանման սարքերուն միջոցով, այս վերջինները որեւէ նուազում ցոյց չեն տուած անոնց ոսկորի խտութեան տարողութիւններուն մէջ:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ փրոֆ. Արիէլ Անպար ըսած է, թէ փորձարկումներէն ձեռք ձգուած արդիւնքները կրնան նպաստել տարբեր հիւանդութիւններու (օրինակ` կարգ մը քաղցկեղներու) պատճառով յառաջացած ոսկրափտութեան առաջքը առնելու գործնական միջոցներու որդեգրման:
Բրիտանացի մասնագէտ տոքթ. Նիքոլա Փիլ հետաքրքրական գտած է ոսկրափտութեան սկզբնական հանգրուանները յայտնաբերելու նպատակով քալսիոմի տարբեր զուգատիպերը օգտագործող նոր միջոցին յայտնաբերումը եւ ըսած է, թէ հետագային նման միջոցի մը որդեգրումը կը դիւրացնէ տարբեր հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդներուն առողջական վիճակին շատ աւելի ճշգրիտ արժեւորումը կատարելու աշխատանքը:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւր՝ Պի. Պի. Սի.)

