Իմ Լեզուիս Բառերը
ԱՆԺԷԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ
Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում…
Նախակրթարանի չորրորդ դասարանն էի, հաւանաբար, երբ սորվեցայ այս բանաստեղծութիւնը: Ի՜նչ ոգեւորութեամբ կ՛արտասանէի զայն, սիրտս ու հոգիս դրած բառերուս մէջ` կարծես կուրծքս վահան կը դարձնէի բոլոր այն չարագործներուն դէմ, որոնք մեր երգերը դարձուցեր էին լացակումած, մեր խրճիթները` մութի մէջ կորած, բայց երբ կը հասնէի վերջին տունին, հպարտութիւն մը կ՛ուռեցնէր սիրտս ու անբեկանելի ուժ մը կու տար բառերուս…
Աշխարհ անցիր` Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ` ես իմ Մասիսի սարն եմ սիրում…
Բայց… կար հարց մը, որ զիս անհանգիստ կ՛ընէր, կը պակսեցնէր ուրախութիւնս. ես չէի հասկնար «արեւահամ բառ» արտայայտութիւնը: Չէի հասկնար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այդտեղ «բառ» բառը: Ձեռքս անցած բառարաններուն մէջ կը փնտռէի այդ բառին իմաստը, իմ գիտցածէս տարբեր չէր, ուրեմն, հասկնալով հանդերձ բոլոր բառերուն իմաստը, չէն հասկնար այդ արտայայտութեան գրական արժէքը: Ներքնապէս կը տանջուէի, ինքզինքս կը մեղադրէի, չէ՞ որ ընկերներէս ոչ մէկը չէր հետաքրքրուեր այդ բառով, հաւանաբար ես էի, որ բթամիտ էի, բանաստեղծական արտայայտութիւն մը ընկալելու կարողութիւն չունէի:
Անցան քանի մը տարիներ, ու գաղտնիքը բացայայտուեցաւ ինծի համար: Մեծն Թէքէեանն էր, որ օգնութեան հասաւ.
Քեզ, հայ լեզո՛ւ, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման…
Մեր անցեալին թանձրախիտ ստուերներուն մէջ կարծես
Մէյմէկ պտուղ` քու բոլոր բառերդ ինծի կ՛երեւան,
Որոնց մէջէն կը քալեմ ու կը քաղեմ զանոնք ես:
Մէյմէկ պտուղ գոյնզգոյն` ամբողջ բառերդ ահա,
Հիւթեղ բառերդ` զոր որքան հասունցուցին արեւներ,
Բառերդ որոնք այս պահուս շրթանցս վրայ եմ բռներ,
Բառերդ որ քիմքս կ՛օծեն եւ կը սփոփեն սիրտս հիմա…:
Օ՜ բառե՜ր, բառերը իմ լեզուիս, ես ձեզ կ՛արտասանէի մեծ հաճոյքով, ձեզ կը սորվէի մեծ խանդաղատանքով, ձեր մէջ կը տեսնէի իմաստը կեանքիս, բայց չէի գիտեր, թէ զգայական հաճոյք է, որ կը զգացի ձեզմէ: «Հիւթեղ բառերու» համին գիտակցութիւնը ինծի պարգեւեց սիրելի Թէքէեանը:
Հասունացման ու գիտակցութեան զարգացման այդ հանգրուանէն անցնելէ ետք, ես ալ աւելի սիրեցի Չարենցին բանաստեղծութիւնը, մանաւանդ անոր առաջին տողին վրայ ադամանդի պէս շողացող «արեւահամ բառը»:
1967 թուականին Երեւանի մէջ համահայկական շուքով կը նշուէր Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 70-ամեակը: Գրական մթնոլորտը ամբողջութեամբ յագեցած էր մեծ բանաստեղծին շունչով: Կը յիշեմ` պետական համալսարանին մէջ կազմակերպուած էր գրական երեկոյ մը, ուր ելոյթ պիտի ունենար Չարենցին դուստրը` Անահիտ Չարենցը: Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ էր երեկոյին, ու բոլորին մօտ ափսոսանք կար այդպիսի մեծութեան մը եղերական վախճանին համար:
Այդ տարի ես 2-րդ տարուան ուսանող էի. մեզի անտիկ (հին) գրականութիւն կը դասաւանդէր փրոֆ. Առաքել Առաքելեանը: Արդէն 80-ը անց ծերունի մըն էր, երկար, ալեփառ մազերը տարածուած ուսերուն, սպիտակ, բամպակի պէս նուրբ դէմքով ու թափանցիկ ակնոցներով. աւելի եւրոպացիի կը նմանէր, քան հայու: Իր հագուածքով, քալուածքով ու շարժուձեւերով կը յիշեցնէր հին Յունաստանի ազնուականները: Կ՛երեւի դասանիւթն էր, որ զինք դարձուցած էր այդպիսի «անտիկ» կերպար մը, մանաւանդ որ մեր գործածած դասագիրքն ալ իր հեղինակութիւնն էր:
Չարենցեան այդ օրերուն էր, օր մը, ան դասարան մտաւ բարձրաձայն արտասանելով`
Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում…
Մենք զարմացած կը դիտէինք զինք, որովհետեւ աչքերը փակած էր ու ձեռնափայտի դոփիւններով կը փորձէր երաժշտական կշռոյթ հաղորդել իր ասմունքին: Ան եկաւ, բարձրացաւ ամպիոնին վրայ ու դեռ աչքերը փակ աւարտեց բանաստեղծութիւնը: Մենք ոտքի, անակնկալի եկած էինք պահին վերասլաց ոգեկանութենէն: Կարծես մեհենական արարողութիւն մըն էր, որ կը կատարուէր, որուն ընթացքին մեր սիրելի քուրմը Չարենցի հանճարեղ այդ տողերով իր երկիւղած պաշտամունքը կը խնկարկէր Վահագն աստուծոյ…
Երբ Առաքեալ պապիկը (այդպէս կը կոչէինք զինք) բացաւ աչքերը, լուռ դիտեց մեզ պահ մը ու պատգամի պէս ըսաւ.
– Տղա՛ք, եթէ Չարենցը ուրիշ ոչինչ գրած ըլլար բացի այս բանաստեղծութենէն, դարձեալ մեծ պիտի ըլլար ու պիտի ապրէր դարերուն մէջէն: Լա՛ւ սորվեցէք այս բանաստեղծութիւնը ու մի՛ մոռնաք խօսքերս…
Այսօր արդէն Չարենցի ծննդեան 115-ամեակն է ու մթնոլորտը դարձեալ յագեցած է մեծ բանաստեղծին նուիրուած ձեռնարկներով: Ամէնուրեք կը կազմակերպուին անոր նուիրուած գրական երեկոներ, կը հրատարակուին անտիպ գործերը, կը հարստանայ տուն-թանգարանը նոր յարդարանքով ու նոր ցուցանմուշներով, ու բոլորը ոգեշնչուած` կ՛արտասանեն անոր բանաստեղծութիւնները: Այս բոլորը արթնցուցին մէջս անցեալի յուշերը ու անգամ մը եւս հաստատեցի, թէ տարիներ չեն խամրեցուցած սէրս մայրենի լեզուիս բառերուն հանդէպ, մանաւանդ` այդ բառերէն ամէնէն հիւթեղին, որ ունի արեւի համ…
Ես համոզուած եմ, որ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանին» մեր երգ-երգոցն է, մեր ազգային հաւատամքը, մեր ալֆան եւ օմեկան…

