Գիրք, Գրականութիւն, Համացանց… Եւ Ընթերցող

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

– Ես «ԲԱԳԻՆ» կը կարդամ համացանցով,- ըսաւ ճեմարանականի տիտղոսով տիկին մը,- կարիք չկայ բաժանորդագրուելու:

Երէց սերունդէն գրասէր հայ մը, իր կարգին, շարունակեց.

– Գիրք եւ թերթ համացանցի վրայ պէտք է տեղադրել, աւելի ընթերցող կարելի է ունենալ:

Անպայման դրամական կարիք ունեցողներ չէին խօսակիցներս: Ոչ ալ խնայասէր: Ուրեմն հարց կար: Արհեստագիտութեան եւ գործնապաշտութեան քաղաքակրթութիւնը կը խօսեցնէր տիկինը եւ պարոնը: Տիկինը ցոյց տուաւ գունաւոր էջերով իր տպած «ԲԱԳԻՆ»-ը: Հաւանօրէն իր տպած գունաւոր «ԲԱԳԻՆ»-ները աւելի կ՛արժէին, քան` վճարելի բաժանորդագինը:

Այս ընթերցողները բացառութիւններ չեն:

Գիրքերու եւ թերթերու տպաքանակի գահավիժած թիւերը աւելի քան խօսուն են:

Արդիականութինը պիտի գուժէ՞ գիրքի եւ թերթի վախճանը:

Եթէ գիրք եւ թերթ համացանցով տրամադրելի պէտք է ըլլան, ո՞ւր պիտի պահուին անոնք վեց ամիս, մէկ տարի, կամ դար մը ետք: Պիտի փակե՞նք գրատուները, գրադարանները եւ մատենադարանները: Ինչպէ՞ս ժառանգութիւն պիտի կտակուի:

Ո՞վ, որո՞նք եւ ինչո՞ւ գիրք կամ թերթ պիտի խմբագրեն:

Աւելի պարզ. գիրք եւ թերթ պիտի դառնան ընդհանրացած «չա՞թ», որ հետզհետէ շեշտուող առանձնութիւններու ակնթարթային դարման է:

Էմմանուէլ Քանթ իմաստասէրը կ՛ըսէր, որպէս բարոյական ըմբռնում, որ հարկ է գործել այնպէս, որ մեր արարքը վերածուի տիեզերական օրէնքի, այսինքն բոլոր գրասէրները եւ ընթերցողները յիշուած բացառութիւն չեղող երկու անձերու օրինակին հետեւին…

Հետեւա՞նքը…

Իսկ ո՞ր միջոցներով պիտի հրատարկուին թերթերը, գիրքերը: Կը խնայուին առաքման եւ ցրուումի ծախսերը: Բայց ո՞վ պիտի վճարէ գրողները, խմբագիրները:

Այս պայմաններուն մէջ մէկ հատիկ պատճառ պէտք է տալ, թէ ինչո՛ւ գրողը եւ ստեղծագործողը պիտի շարունակեն իրենց գործը, երբ իրենց աշխատանքը պիտի վերածուի վաճառատուներու տոպրակի, որուն պարունակութիւնը պարպուելէ ետք, աղբաման պիտի դրուի, այս պարագային` համակարգիչի աղբամանը, եւ անհետ կորսուի:

Այսինքն միտքի եւ տաղանդի արտադրութիւնը հովին պիտի տրուի, ժառանգութիւն պիտի չըլլայ: Մատենադարանները կրնան վերածուիլ պահեստանոցի կամ խաղատան: Գրականութիւնը` ժամանցի: Եթէ դեռ գրելու փորձութիւն ունեցողներ մնան:

Երեւանի Մատենադարանը, զոր լուսանկարելով հպարտութիւն կը զգանք, իր դիրքով եւ կառոյցով հրաշալի «էլիտար» ճաշարան (ներողութիւն` ռեստորան)  կամ «քազինօ» կրնայ ըլլալ…

Արհեստավարժութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը պիտի հնչեցնե՞ն ստեղծագործութեան մահերգը, առանց Շոփենի, կամ գրականութիւնը, իմացական հրապարակագրութիւնը եւ իմաստասիրական գրականութիւնը պիտի զոհե՞ն անմիջականի հետամուտ հակամշակոյթին:

Համացանցով կարելի է քանի մը տող գրել, լսել, լսուիլ, անդուռ եւ անդուր կարծիք յայտնել, մինչդեռ գիրք եւ խմբագրուած թերթ պատասխանատուութիւն են, առանց որուն` անորակը եւ անիշխանութիւնը կը դառնան կանոն, եւ այս` յանուն ժողովրդավարութեան եւ կարծիքի ազատութեան, առանց ծիծաղելիութեան սարսափի: Փռապանը կրնայ երկու բառով ըսել, որ համաձայն չէ Պղատոնիա, վարորդը կրնայ ապուշ կոչել տիեզերագնացը, տակառային երգիչը` գերադասել Փավարոթիի կամ Լուսինէ Զաքարեանի, աղանդաւոր տիկինը նզովել… Օլեմփիան:

Կը մտածե՞նք երբեմն, որ երբ ազնիւ գրականութիւնը կ՛ընդունինք որպէս ընթացիկ սպառողական ապրանքի, ո՞ւր կ՛երթանք եւ ո՞ւր կը տանինք ընկերութիւնը, քաղաքակրթութիւնը եւ մշակոյթը:

Հակայառաջդիմութիւն թող չվերագրուի, երբ այս տողերը կարդացուին: Եթէ կարդացուին… Համացանցային անմիջական ընթերցման էջերու մաս չեն կազմեր այս տողերը: Բազմադարեան կուտակումով եւ զտումով ստեղծուած մշակոյթը, մշակոյթները, ակնթարթային «պատգամ»-ներու պիտի վերածուին, ակնթարթային նուազումով եւ նուազուրդով: Փոխանակ զանգուածներու հոգեմտաւոր զարգացումը եւ հարստացումը դէպի վեր առաջնորդելու, գիտական միտքի նուաճումը մարդկութիւնը դէպի վար քաշելով, ըստ նուազագոյնի պատկերի  պիտի հարթէ: Եթէ համացանցով կարելի է դիտել Միքելանճելոյի, Մոնէի, Լոթրեքի գործերը, նստած համակարգիչի պաստառին առջեւ, եթէ կը հրամցուի ՍԵրվանթէսի «Տոն Քիշոթ»-ը մէկ էջ ամփոփումով եւ պատկերազարդուած, ինչո՞ւ մարդիկ յանձն պիտի առնեն գիրք գնել եւ կարդալ: Այսինքն ժառանգութեան թելը պիտի կտրուի:

Համակարգիչը հրաշալի գործիք մըն է, համացանցը հիանալի գիւտ մըն է: Հարցը այն է, որ ի՞նչ կը կարդանք  անոնցմով: Թուայնացած գիրքը եւ թերթը իրենք զիրենք կը դատապարտեն ստոյգ մահուան, նաեւ` գրողը, հրապարակագիրը եւ լրագրողը: Պիտի հասնի՞նք հոն, ուր համակարգիչի եւ համացանցի անսահման կարելիութիւններուն պիտի տիրապետենք, բայց պիտի կորսնցնենք մարդու երեւումէն ի վեր շթաքարերու համբերութեամբ ստեղծուած մշակոյթը:

Պիտի դիմե՞նք դէպի համաշխարհային անմշակութային վիճակ:

Նոյնիսկ մեր «փոքր ածու»-ն, որուն համար պատմահայր Մովսէս Խորենացի կ՛ըսէր, թէ «հոն կան մեծութիւններ», պիտի ամայանայ, քանի որ թուայնանալով եւ եթերայնանալով` մշակոյթը, գրականութիւնը անմիջականին մէջ պիտի խրին, անվաղորդայն եւ ակնթարթային մակերեսայնութեան հետեւանքով:

Կը յիշեմ առակագիր Եզովբոսի պատմածը լեզուի մասին, որ ան ամէնէն լաւ եւ ամէնէն վատ բանն է: Գտնել եւ կարդալ Եզովբոսը եւ անոր իմաստութեան լոյսին տակ գնահատել համակարգիչը եւ համացանցը:

Օր մը յանկարծ կրնանք անդրադառնալ, որ ուշացած ենք: Եւ այն ատեն կը դադրինք շարունակութիւն ըլլալէ: Կու գայ ժամանակը նորի:

Ո՞ր նորին եւ ի՞նչ ընելու համար:

«Բագին»-ի բաժանորդագրութիւն»ը շատ մանրիկ հարց է: Բայց էլեկտրոշոք է բոլոր անոնց համար, որոնց ապագայ պատկերացնելու ունակութիւնը կոշկոռ չէ կապած, որոնք դեռ ի վիճակի են անդրադառնալու եւ հակազդելու:

Մարդու ինքնութիւնը կազմող մշակոյթը պիտի աւազախրի՞ զանգուածային դարձող թամ-թամային եւ կարգախօսային անմշակութեան անանուն ովկիանոսին մէջ:

Կարծէք այս ընթացքը թափով կը շարունակուի, քանի որ հաւաքականութիւններու, երկիրներու եւ աշխարհի առաջնորդութիւնը մշակոյթը որպէս ազդակ ունենալէ ամէն օր քիչ մը աւելի կը դադրի:

Եւ մշակոյթը հետզհետէ կը կծկուի հետզհետէ կծկուող փոքրամասնութեան մը շրջանակին մէջ:

Դեռ օր մը փոքրամասնութիւն բառն անգամ պերճանք պիտի ըլլայ:

 

6 յունիս 2012, Պուրճ-Համուտ

 

 

Share this Article
CATEGORIES