Սուրիոյ Նոր Կառավարութեան Մէջ Հայազգի Նախարար

Նազիրա Ֆարահ Սարգիս` ձախին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի թիւ 210 հրամանագիրով կազմուած է Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը` Ռիատ Հիժապի գլխաւորութեամբ:

Կառավարութեան անդամ երեսուն նախարարներու շարքին է նաեւ հայազգի Նազիրա Ֆարահ Սարգիսը, որ նշանակուած է բնապահպանութեան նախարար:

Սարգիս ծնած է 1962-ին, Հալէպ: Ան մասնագիտութեամբ քիմիագէտ է, գիտութիւններու թեկնածու, աշխատած է Հալէպի համալսարանին մէջ:

Նշենք, որ ներքին գործոց, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները անփոփոխ մնացած են:

Share this Article
CATEGORIES