Ընդունելով Իրանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը` «Հայաստանի Եւ Իրանի Ժողովուրդները Կապուած Են Անցեալով, Ներկայով Եւ Ապագայով» Շեշտեց Էդուարդ Նալբանդեան

Հաւատարմագիրներու յանձնումէն պահ մը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Իրանի նոր նշանակուած դեսպան Մոհամետ Ռեյիսը`  հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնումի առիթով:

Շնորհաւորելով դեսպանը անոր նշանակման առիթով` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի ժողովուրդները` իբրեւ դրացիներ, կապուած են անցեալով, ներկայով եւ ապագայով, ինչ որ բեղուն հիմք է փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման համար:  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին իր առաքելութեան մէջ` յոյս յայտնելով, որ դեսպանը նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման ու համագործակցութեան խորացման:

Դեսպան  Ռեյիս, շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթանքներուն համար, ընդգծեց, որ Իրանի իշխանութիւնները մեծապէս կարեւոր կը նկատեն բարեկամ Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումը, եւ վստահեցուց, որ պաշտօնավարման ընթացքին պիտի կատարէ առաւելագոյնը հայ-իրանական համագործակցութեան զարգացման համար:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր` քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային համագործակցութեան, միացեալ ճիգերով իրականացուող ու նախատեսուող ծրագիրներ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն: Այդ առումով նշուեցաւ, որ յանձնախումբը  կարեւոր դերակատարութիւն ունի տնտեսական համագործակցութեան, միացեալ ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման գործին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES