Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարը` Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախորդ նստաշրջանին ընթացքին տրուած որոշումներու կատարման ընթացքը եւ յառաջիկայ նստաշրջանին վերաբերող հարցեր:
Նիքոլայ Պորտիւժա Հայաստանի նախագահին զեկուցեց նաեւ 2012 թուականի աշնան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու ռազմափորձերու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Դարձեալ երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր կարգին ընդունեց Նիքոլայ Պորտիւժան:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներու իրականացման ընթացքը եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան օրակարգային հարցերը:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց կազմակերպութեան քարտուղարութեան կողմէ իրականացուող ընթացիկ աշխատանքները:


