50 Տարի Առաջ ( 27 Յունիս 1962 )
Նշան Փալանճեան Ճեմարանի
Ամավերջի Հանդէսը
Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 23 յունիս 1962, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին, ճեմարանի շքեղ պարտէզին մէջ:
Ընդարձակ բեմին ճակատը պարզուած էին լիբանանեան երկու դրօշակներ, որոնց ճիշդ մէջտեղը` մեր սիրելի եռագոյնը:
Ճեմարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, քառաձայն եւ աշխուժ եռանդով երգեց լիբանանեան քայլերգը եւ Մ. Իշխանի հեղինակած Ճեմարանի քայլերգը, որոնք ունկնդրուեցան յոտնկայս:
Հանդէսին բացումը կատարեց Ճեմարանի տնօրէններէն Մ. Իշխան:
«Ճեմարանը 27-րդ տարին ըլլալով շրջանաւարտ կու տայ այսօր: Ուրախ են մեր շրջանաւարտները, որովհետեւ կ՛արժանանան Ճեմարանի վկայականին: Ուրախ են մեր ծնողները, որովհետեւ իրենց անսահման զոհողութիւններուն արդիւնքը կը տեսնեն: Ուրախ են Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որովհետեւ իրենց ջանքերուն պսակումը կը տեսնեն:
«Աւարտականի այս պսակումը, ինքնիրեն չի կատարուիր: Անիկա արդիւնք է երկարատեւ տարիներու ճգնութեամբ ձեռք բերուած աշխատանքի, յարատեւ ճիգի եւ մասնաւոր նշանակութիւն ունի մանաւանդ այս հաստատութեան համար, ուր ուսուցիչը պաշտօնեայ չէ, հոգւով ու սրտով կ՛ապրի աշակերտութեան հետ, խնդակից է անոնց ուրախութեան եւ մասնակից` անոնց տխրութեան ու ձախողութեան: Այս իմաստով ալ, ծնողք, ուսուցիչ եւ աշակերտ, միասնաբար կը գործակցին այս հաստատութեան մէջ:
«Ուսումը հոս կանգ չ՛առներ, այստեղ չի վերջանար: Ամէն մէկը իր մտահոգութիւններն ու երազները ունի. մեր ցանկութիւնն է, որ յաջողին կեանքի մէջ:
«Մեր սպասելիքը, սակայն, ամէն բանէ առաջ, գաղափարի մարդն է, հայ մարդը եւ հայ մտաւորականը, ջահակիրը հայ մշակոյթին, Ճեմարանի հիմնական նպատակին ու ոգիին ծառայողը:
«Երթաք բարով, չմոռնաք այն, ինչ որ Ճեմարանը եւ հայ ժողովուրդը կը սպասէ ձեզմէ:»
Ճոն Թովմասեան, յստակ առոգանութեամբ , արաբերէն արտասանեց «Լուպնան»-ը` գնահատանքի արժանանալով:
Յարութիւն Քիւրքճեան, վեցերորդ դասարանէն, խնամքով պատրաստուած ողջերթի ուղերձը կարդաց` բաժանման յուզումով եւ յաջողութեան մաղթանքով:
Անգլերէնով գեղեցիկ արտասանութիւն մը ըրաւ Հուրիկ Թուխանեան:
Աւարտական դասարանէն Յարութիւն Մխիկեան ապրումով կարդաց հրաժեշտի ուղերձը` յուզումի եւ ուրախութեան պահեր ստեղծելով:
Ճեմարանի տնօրէններէն Գ. Բանեան կարդաց 1961-1962 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը:
Ճեմարանը այս տարի ունեցած է 538 աշակերտ եւ 37 ուսուցիչ: Ելեւմուտքը եղած է 155,000 լ. ոսկի եւ` փայլուն ուսումնական տարեշրջան մը բոլորած:
Գ. Բանեան, տեղեկագրի վերջաւորութեան, իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ:
«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, այսօրուընէ դուք կը մտնէք կեանքի ասպարէզ, ո՛ւր ալ ըլլաք, պէտք չէ մոռնաք, որ ճեմարանական էք, գաղափարական այն սերունդին կը պատկանիք, որ հոգեւոր ժառանգն է աղբալեաններու եւ շանթերու:
«Եղէք գիտակից, պարկեշտ, գաղափարապաշտ հայ քաղաքացի, հայ մտաւորական: Ծառայել հայութեան` պատիւ մըն է, եթէ մոռնաք հայութիւնը, դաւաճանած կ՛ըլլաք ձեր ազգին, ձեր ծնողներուն եւ ճեմարանական ուխտին:
«Բարի ճանապարհ ձեզ եւ յաջողութիւն կեանքի մէջ: Ձեր ուսուցիչներուն եւ ճեմարանական ընկերներուն սէրը, որպէս փարոս, թող լուսաւորէ ձեր կեանքի ուղիները»:
«Կարօտ Մասիս»-ին 12 հոգինոց խմբական յաջող արտասանութիւնը բացառիկ գնահատանքի արժանացաւ:
Մեր ամէնէն վաւերական ու տաղանդաւոր բանաստեղծներու, քերթուածներէն առնուած եւ իմաստալից յաջորդականութեամբ շարադրուած, սրտախօս տողեր էին Մասիսի յաւերժական փառքը պանծացնող եւ գաղափարապաշտ ու հայրենազուրկ սերունդները կարօտի տենչով յուզող, մանաւանդ երբ վերջին տողերը կ՛արտասանուէին այնքան սրտաբուխ. «Կարօտ ենք քեզի Մասիս, ջա՛ն Մասիս»:
Ճեմարանի տնօրէն Ս. Վրացեան խօսք առնելով` ըսաւ.
«Ճեմարանը այս տարի անցուց խաղաղ աշխատանքի իրապէս յաջող տարի մը:
Այս յաջողութիւնը կը պարտինք ոչ միայն մեր ներքին համերաշխ աշխատանքին, այլ եւ ծնողներու եւ հայ հասարակութեան, որ բարի զգացումով վերաբերեցաւ մեր աշխատանքներուն հանդէպ եւ օգնեց: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որ անձանձրոյթ հետեւեցաւ մեր աշխատանքներուն եւ օգտակար եղաւ, նաեւ` մեր հեռաւոր հայրենակիցներուն:
«Ամէն մէկ հաստատութիւն իւր գոյութեան ընթացքին միշտ պէտք է յառաջ երթայ, զարգանայ, որպէսզի իր առաքելութիւնը լրիւ կերպով կատարէ: Ժամանակի պահանջներուն համապատասխան կ՛ընթանայ նաեւ Ճեմարանը»:
Շնորհակալութեան պատշաճ խօսքերէ ետք, իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` եզրակացուց.
«Գնացէք եւ քարոզեցէք աշխարհի մէջ ճեմարանականութիւնը»:
Ծափերով արտայայտուած գնահատանքի մէջ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը:
12 հոգի, 6 աղջիկ եւ 6 մանչ, ինչպէս նաեւ 11 ազատ ունկնդիրներ ստացան իրենց վկայագրերը:
Ճեմարանի երգչախումբը ժողովրդական երկու երգ երգեց եւ «Յառաջ նահատակ»-ով վերջ գտաւ հանդէսը:
ՀՐԱԶԴԱՆ

