«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նոր Հաճընի Հիմնադրութիւնը Եւ Թեմերու Կազմակերպումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծ Եղեռնէն եւ Հաճընի 1920-ի ութամսեայ դիւցազնամարտէն վերապրած եւ Լիբանան ապաստան գտած հաճընցիները գլխաւորաբար Պէյրութի, Ժունիէի եւ Զահլէի մէջ կեդրոնացած էին: Իսկ Սուրիոյ մէջ անոնք գլխաւորաբար Ալեքսանտրեթի եւ Դամասկոսի մէջ կայք հաստատած էին: Հազիւ տուն տեղ եղած, անոնց առաջին գործերէն մէկը եղաւ հայրենակցական միութիւն մը կազմել, նպատակ ունենալով օգնութեան ձեռք երկարել անկարներուն եւ չքաւորներուն եւ հասնիլ անոնց նիւթական ու կրթական կարիքներուն:
Հաճընցի փաստաբան Մարտիրոս Սեքսէնեան 1923-ին Ալեքսանտրեթէն Ժունիէ փոխադրուեցաւ, ուր այն ժամանակ շուրջ ութսուն հաճընցի ընտանիքներ կային: Ան հաճընցիները մէկ շրջանի մէջ տեղաւորելու գաղափարը յղացաւ: Հաճընցիք որոշեցին Նոր Հաճըն անունով թաղամաս մը կազմել Պէյրութի մէջ: Ծրագիրը ներկայացուեցաւ Սահակ Բ. կաթողիկոսին: Վեհափառը բարձր գնահատեց հաճընցիներուն գաղափարը, օրհնեց ծրագիրը եւ վաւերացուց 15 մարտ 1924-ի նամակով:
Այնուհտեւ Հաճընի հայրենակցական միութիւնը յարաբերութեան մէջ մտաւ Միացեալ Նահանգներու Հաճընի հայրենակցական Վերաշինաց միութեան հետ եւ պարզեց ծրագիրը: Սակայն Վերաշինաց միութեան կողմէ պատասխանուեցաւ, որ Ամերիկայի հաճընցիները որոշած են Խորհրդային Հայաստանի մէջ կառուցել Նոր Հաճըն անունով աւան մը, հոն համախմբելու համար տարագիր հաճընցիները:
Խորհրդային Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական պայմանները եւ բոլոր հաճընցիները հոն տեղափոխելու դժուարութիւնները նկատի ունենալով, ամերիկաբնակ շատ մը հաճընցիներ անիրականանալի գտան Վերաշինացին որոշումը եւ զօրավիգ կանգնեցան Պէյրութի հայրենակցական միութեան, Պէյրութի մէջ կառուցելու համար Նոր Հաճըն թաղամասը:
Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգի Փասատենա քաղաքէն հաճընցի արեւելեան գորգի վաճառական Կոստանդին Կերթմէնեան որոշեց իր անձնական զոհողութեամբ Պէյրութի մէջ ձեռնարկել Նոր Հաճըն աւանի շինութեան: Կոստանդին եւ կինը` Քրիստինէ մեծ եռանդով գործնական քայլերու ձեռնարկեցին, իսկ Քրիստինէի հայրը` վերապատուելի Սարգիս Տէվիրեան իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ ծրագիրի իրականցման:
Պէյութի արեւելեան կողմէ, Ռըմէյլի շրջանին մէջ շէյխ Նագլի Նուֆար կալուած մը ունէր: Հոնկէ անդին, դէպի ծովեզերքը կ՛երկարէր Ամանոս քէմփը, եւ Նուֆարի կալուածին ու քէմփին միջեւ հողէ ճամբայ մը կ՛երկարկէր: Նուֆարի կալուածին մօտը հաստատուած էր ֆրանսական Ժենի զինուորական կայանը:
Հաճընցիք հողի գնման յանձնախումբ մը կազմեցին, բանակցութեան մէջ մտան շէյխ Նագլի Նուֆարի հետ եւ համաձայնեցան 7500 օսմանեան ոսկիի գնել 36 հազար կանգուն տարածութեամբ կալուածը: Յանձնախումբը հաճընցի 415 ընտանիքներու բնակութեան համեմատ բաժնեց հողատարածքը եւ ամսական վճարումի դրութեամբ յանձնեց անոնց հողերը: Այսպիսով առաջին հանգրուանին գոյացաւ հազար ոսկի: Պէյրութի Ազգերու դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Պրիւնիէ հինգ տարիէն վճարելի 3500 օսմանեան ոսկիի փոխատուութիւն մը ըրաւ: Իր կարգին վերապատուելի Սարգիս Տէվիրեան երեք հազար ոսկի փոխ տուաւ: Այսպիսով հաւաքուեցաւ 7500 օսմանեան ոսկին եւ հաճընցիք տէր դարձան կալուածին:
Հողատարածքի գնումէն ետք սկսան շինարարական աշխատանքները: Նորակառոյց աւանը կոչուած էր փոխարինելու կործանած եւ այլեւս պատմութեան անցած երբեմնի արծուեբոյն գեղատեսիլ Հաճընը: Յարութիւն Փիլիպոսեան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ շինութեան գործին մէջ, իսկ Ազգերու դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Պրիւնիէ գրեթէ ձրիաբար շինանիւթեր տրամադրեց: Կողք-կողքի միայարկ կամ երկայարկանի բնակարաններ կառուցուեցան եւ քէմփերէն ու տարբեր շրջաններէ հաւաքուած հաճընցի ընտանիքները հոն իրենց տոհմիկ բարքերով ու աւանդութիւններով համախումբ կեանքի պայմաններ ստեղծեցին: Հաճընցի ընտանիքներուն մէջ տիրապետողը Հաճընի բարբառն էր:
Շէյխ Նագլի Նուֆար խոստացած էր հազար կանգուն հող նուիրել եկեղեցիի եւ դպրոցի շինութեան համար: Ան իր ձեռքով խաչը տեղաւորեց հողին վրայ: Այդ օր վրանի տակ սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ: Եկեղեցւոյ կառուցման համար 1933-ին շինարարական յանձնախումբ կազմուեցաւ: Նորակառոյց եկեղեցին կոչուեցաւ Սուրբ Գէորգ, ի յիշատակ Հաճընի երբեմնի փառաւոր Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին: Հաճընցիք, գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը, Հաճընի իրենց վերջին առաջնորդ եւ այդ ժամանակ կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Պետրոս արքեպիսկոպոս Սարաճեանը հրաւիրեցին կատարելու եկեղեցւոյ օծումը: Օծումի արարողութիւնը կատարուեցաւ 19 յունիս 1938-ին: Կառուցուեցաւ նաեւ Սահակ Մեսրոպեան վարժարանը եւ Տատրեան մանկապարտէզը, ինչպէս նաեւ աւետարանական Կերթմէնեան վարժարանը:
Եկեղեցւոյ եւ դպրոցի կառուցման առիթով Սահակ Բ. կաթողիկոս հայրապետական պատգամ մը ուղղեց հաճընցիներուն:
*
* *
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Լիբանան եւ Սուրիա ապաստան գտած հայութիւնը եկեղեցականօրէն չորս թեմերու բաժնուեցաւ: Սկզբնական շրջանին Պէյրութ, Դամասկոս եւ Լաթաքիա Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող հոգեւոր հովուութիւններ էին: 1929-ին անոնք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փոխանցուեցան: Կիլիկիոյ պատմական թեմերէն մնացած էին Բերիոյ (Հալէպի), ինչպէս նաեւ Կիպրոսի թեմերը:
Պէյրութի, Դամակոսի եւ Լաթաքիոյ հովուութիւններուն Երուսաղէմի պատրիարքութենէն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փոխանցումէն ետք, հոգատար երկիրներուն մէջ կազմակերպուեցան Լիբանանի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ թեմերը:
1933-ի ամրան թեմական եւ վարչական նոր փոփոխութիւններ եւ դասաւորումներ եղան: Լաթաքիոյ թեմը վերցուեցաւ եւ Լաթաքիա, Անտիոք, Ալեքսանտրեթ, Քեսապ, Մուսա Լեռ, եւ շրջակայ հայաբնակ գիւղեր միացուեցան եւ վերակազմուեցաւ Անտիոքի պատմական թեմը: Իսկ Բերիոյ թեմին պատկանող Համայի եւ Հոմսի շրջանները Դամասկոսի թեմին կցուեցան:
Թեմական նոր փոփոխութիւններուն անդրադառնալով «Ազդակ» 10 նոյեմբեր 1933-ի թիւով եւ «թեմերու կազմակերպութիւնը» խմբագրականով կը գրէր.
«1920 հոկտեմբերին, Ֆրանքլէն Պույյոնի եւ Էնկիւրիի կառավարութեան միջեւ կնքուած դաշնագրին հետեւանքով կիլիկիահայութիւնը ստիպուեցաւ հեռանալ իր հայրենիքէն եւ ապաստանիլ հարեւան երկիրներու մէջ: Շնորհիւ իր մօտիկութեան եւ Ֆրանսայի հովանաւորութեան, Սուրիա եւ Լիբանան ընդունեցին մեծամասնութիւնը աղէտուած հայութեան: Հայ ժողովուրդի հետ միասին տեղահան եղան նաեւ իր հոգեւոր պետերն ու իշխանութիւնները: Սուրիոյ մէկ մասը արդէն կազմելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմ, Ծերունազարդ Վեհափառը իր Աթոռը փոխադրեց Սուրիա եւ վերջէն ֆրանսական կառավարութեան մասնաւոր որոշմնագրով ճանչցուեցաւ հովանաւորեալ երկիրներու մէջ գտնուող հայութեան հոգեւոր ընդհանուր պետ:
Աւելի վերջ, Երուսաղէմի պատրիարքութեան եւ կաթողիկոսութեան միջեւ տիրող երկուութեան վերացումով, ամրացաւ Վեհափառի դիրքը եւ անմիջապէս սկսաւ ազգային կազմակերպուած աշխատանքին: Տեսնելով կազմակերպական աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնն ու ծանրութիւնը, վեհ. Սահակ Բ. իրեն օգնական հրաւիրեց գեր. Բաբգէն եպս. Կիւլեսէրեանը, որ վերջէն, Ազգային Համագումարի միջոցաւ ալ Աթոռակից եւ ծերունի կաթողիկոսին յաջորդը ընտրուեցաւ:
Թեմերու կազմակերպութեան գործը կը կազմէր առաջին եւ գլխաւոր մտահոգութիւնը վեհափառներու: Թէպէտ կաթողիկոսութիւնը չորս թեմեր ունէր հովանաւորեալ երկիրներու մէջ` Լիբանան, Հալէպ, Դամասկոս եւ Լաթաքիա, սակայն, դժբախտաբար Սահմանադրական եղանակով ազգային կազմակերպութիւն գոյութիւն չունէր կարգ մը թեմերու մէջ: Բացի այդ, Անտիոքի շրջանը, իր ստուարաթիւ հայութիւնով, բոլորովին անթեմ եւ անհովիւ մնացած էր:
Թեմերու բաժանումին մէջ ալ անկանոնութիւններ եւ անպատշաճութիւններ կային: Օրինակի համար, Ալեքսանտրեթ քաղաքը իր շրջաններով կը բաժնուէր Անտիոքի թեմէն եւ կը միանար Հալէպի թեմին, ստեղծելով կարգ մը դժուարութիւններ` վարչական եւ կազմակերպական:
1932 մարտ 8-ին գումարուող կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսական ժողովը, նկատի ունենալով թեմերու կազմակերպութեան եւ սահմանադրական ու միօրինակ վարչական դրութեան ստեղծումի անհրաժեշտութիւնը, պատրաստած էր ծրագիր մը եւ ներկայացուցած կաթողիկոսարան: Ըստ եպիսկոպոսական ժողովի որոշման, Ալեքսանտրեթ սանճագը ամբողջութեամբ եւ Լաթաքիոյ թեմը միասնաբար պիտի կազմէին` մէկ թեմ եւ պատմական անունով այդ վերակազմելի թեմը պիտի կոչուէր «Առաջնորդութիւն Անտիոքի», ինչպէս գոյութիւն ունէր նախ քան պատերազմ եւ ենթակայ էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Այս որոշումով արդէն Ալեքսանտրեթ բաժնուած կ՛ըլլար Հալէպէն եւ կը վերանար վարչական դժուարութիւնը, որ կը ստեղծուէր այդ քաղաքի հալէպի թեմին մաս կազմելով:
Մարտ 8-ի եպիսկոպոսական ժողովը կարգ մը փոփոխութիւններ կ՛որոշէր նաեւ միւս թեմերու սահմաններուն մէջ, որովհետեւ տեսնուած էր որ Հալէպի թեմը երկարելով մինչեւ Տէր Զօր եւ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանները եւ հարաւ` մինչեւ Լիբանանի եւ Դամասկոսի կուսակալութեան սահմանները, վարչական ծանր դժուարութիւններու կ՛ենթարկուէր: Հետեւաբար Համայի եւ Հոմսի շրջանները կը կցուէր Դամասկոսի թեմին:
Եւ ահա, թէպէտ բաւական ուշ, սակայն վերջապէս յաղթելով վարչական դժուարութիւնները, Կաթողիկոսարանը այս ամառ ձեռնարկեց այդ երկու թեմերու կազմակերպութեան գործին: Խադ եպիսկոպոս Դամասկոսէն փոխադրուեցաւ Անտիոք եւ Կաթողիկոսարանի կողմէ տրուած հրահանգին համաձայն կազմեց առժամանակեայ վարչական ժողով մը, որուն գործակցութեամբ պիտի վերակազմուի Անտիոքի Առաջնորդական թեմը եւ պիտի ընտրուին ժողովները ըստ Սահմանադրութեան: Առժամեայ վարչական ժողովի կազմը ամէն յոյս կը ներշնչէ մեզ որ այդ կարեւոր թեմի կազմակերպութիւնը եւ Սահմանադրական մարմիններու ընտրութիւնները շուտով պիտի իրականանան եւ պիտի սկսին աշխատանքի: Որովհետեւ շատ մեծ գործ կայ այդ թեմի մէջ կատարուելիք: Օր առաջ պէտք է լրացնել կազմակերպական աշխատանքները: Հայ գիւղացիութիւնը այդ շրջաններու մէջ կ՛ապրի տնտեսական շատ տագնապալի վիճակի մը մէջ եւ պէտք ունի օժանդակութեան: Մանաւանդ կրթական գործը լուրջ հոգածութեան առարկայ պէտք է դառնայ Անտիոքի թեմին մէջ:
Դամասկոսի թեմը եւս պէտք է վերակազմուի շուտով եւ ստեղծուին հոն եւս սահմանադրական մարմիններ, վարելու համար ազգային գործերը: Պէտք չէ մոռնալ որ բացառիկ կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ այս թեմը, որուն կեդրոնը կը գտնուի Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ: Պէտք չէ թողուլ որ յարաբերական աշխատանքները վարուին ըստ կամայականութեան: Ոեւէ պարագային, կարելի է հրաւիրել օժանդակութիւնը հայ երեսփոխաններու, որոնք ունին լայն շրջանակներ եւ յարաբերութեան ամէն յարմարութիւններ:
Այս երկու թեմերու կազմակերպութեան լրացումով, կաթողիկոսարանը կ՛ունենայ չորս կանոնաւոր թեմեր եւ հովանաւորեալ երկիրներու հայ գաղութն ալ կ՛օժտուի ներքին ուժեղ կազմակերպութեամբ մը, սահմանադրական հիմունքներով: Աթոռակից վեհափառը, վստահ ենք որ կազմակերպական աշխատանքներու արագ լրացումին համար անպակաս պիտի ընէ իր հսկողութիւնը եւ առիթ պիտի չտայ ձգձգումներու, որովհետեւ անմիջական եւ աւելի կարեւոր աշխատանքներ կան թեմերու կազմակերպութենէն անմիջապէս վերջ:





