Հայրենի Կեանք

«Վիվասել«Էմ.Թի.Էս.»-ը Հիւրընկալած Է
Սփիւռքահայ
Երիտասարդներ

«Վիասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Հարաւային Քալիֆորնիայէն հայրենիք եկած Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին սաները ծանօթացան Հայաստան առաջատար բջիջային ընկերութեան կառավարման մշակոյթին, նորարութիւններուն եւ շարունակաբար առաջարկուող արհեստագիտական զարգացած միջոցներուն:

Առեւտուրի յաջողութիւնը կը սկսի տնտեսութեան զարգացման նպաստելու առաքելութեան գիտակցութենէն: Հայաստանի մէջ գործարար մշակոյթի նոր ձեւ առաջարկած, ընկերային պատասխանատուութեամբ առաջնորդուող «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը ձգտի իր օրինակով ցոյց տալ աշխատանքային քաղաքակիրթ արժէհամակարգի դրական ազդեցութիւնը: Տարբեր լսարաններու հետ պարբերաբար կազմակերպուող հանդիպումները այդ նպատակին իրագործման ուղիներէն են:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէնին Ռալֆ Եիրիկեանին հետ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի սաներուն առաջին հանդիպումը կայացած էր 2 տարի առաջ, երբ Ռ. Եիրիկեան Միացեալ Նահանգներ այցելած էր:

«Ցանկութիւն, վճռակամութիւն եւ քրտնաջան աշխատանք: Այս է յաջողութեան հասնելու բանաձեւը, որուն հիմքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ յարգանքը: Սխալած չեմ ըլլար, եթէ յայտնեմ, որ հաւաքական պատասխանատուութիւնը եւս յարգանքի դրսեւորման միջոց է` բաժանորդի, հասարակութեան եւ առհասարակ երկրին հանդէպ: Հայրենիքի հանդէպ սէրը պէտք է դրսեւորուի ամէնօրեայ աշխատանքով: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի որդեգրած արժէհամակարգին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ աշխատակիցը: Անկախ զբաղեցուցած պաշտօնէն եւ ստանձնած պատասխանատուութեան չափաբաժնէն` գնահատելի են բոլորը», հաղորդած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Առաջատար ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնին հետ սփիւռքահայ երիտասարդութեան հանդիպումը եղած է ուսուցողական եւ հետաքրքրական: Ափրիկէի մէջ գործող յաջողակ կազմակերպութիւններու փորձին հետ համադրութեան պարագային, անոնք հասած են այն եզրակացութեան, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ձեռքբերումները կայուն են եւ մրցունակ` շուկայի մէջ առաջատարի հեղինակաւոր համբաւը պահպանելու եւ հետագային եւս առաջնորդուելու համար:

Շարլ Ազնաւուրի Հրապարակը Եռաչափ
Պատկերներով
Պիտի Պատուի

Երեւանի քաղաքապետութիւնը եւ «Ամերիկա» դրամատունը մայրաքաղաքի բնակչութեան եւ հիւրերուն կարելիութիւն ընձեռած են «Աւելին իրագործելու ազատութիւն» կարգախօսին տակ 20 օր շարունակ ներկայացնել մայրաքաղաքի արտաքին ձեւաւորման առնչութեամբ իրենց կարծիքները եւ առաջարկները:

Մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ տեղադրուած «Երազանքներու պատ»-երուն եղած են բազմաթիւ երազանքներ:

Նկատի առնելով Երեւանի մէջ եռաչափ պատկերներով ձեւաւորում ունենալու բազմաթիւ խնդրանքները` կազմակերպիչներու նախաձեռնութեամբ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակի սալայատակը ամբողջութեամբ պիտի ձեւաւորուի եռաչափ պատկերներով: Այս նպատակով Երեւան հրաւիրուած է գերմանացի աշխարհահռչակ եռաչափ նկարիչ Նիքոլա Առնտթը:

Կազմակերպիչները չեն բացայայտեր, որ ի՛նչ նկար պիտի պատկերուի սալայատակին: Աշխատանքը կը կատարուի ջրակայուն եւ ջերմակայուն յատուկ ներկերով:

Ազատամարտիկ Նորիկ Խաչատրեանի
Կիսանդրիի
Բացում

Երեւանի քաղաքապետարանի թիւ 113 դպրոցի բակին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուած է արցախեան ազատամարտիկ Նորիկ Խաչատրեանի կիսանդրիին: Բացման պատիւը վերապահուած էր Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ ազատամարտիկի որդիին:

Կիսանդրիին բացումը եւ նոր յաջորդած տօնական ձեռնարկը նուիրուած էին Նորիկ Խաչատրեանի ծննդեան 50-ամեակին եւ մահուան 20-ամեակին:

Ազատամարտիկին անունը կրող դպրոցին բակին մէջ հաւաքուած անոր զինակից ընկերները եւ հարազատները, գոհունակութիւն յայտնելով նախաձեռնութեան համար, ընդգծած են, որ յարգանքի նման դրսեւորումը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ հայրենիքը կը գնահատէ իր նուիրեալ զաւակները: Անոնք շեշտած են, որ այսպիսով նաեւ կը դաստիարակուի հայրանասէր եւ ազգանուէր սերունդ մը:

Հայկական Տօնական Ուտելիքներու
Բացօթեայ
Փառատօն

«Հացը լեռներում» տօնածիսական ուտեստեղէններու փառատօնը համախմբեց հայկական 13 տօները: Փառատօնը տեղի ունեցաւ 13 յունիսին, Էրեբունի արգելոց-թանգարանի յարակից տարածքին մէջ: «Փառատօնը քայլ է հայկական ինքնութիւնը պահպանելու համար նաեւ խոհանոցի միջոցով, եւ այս մէկը կը գրաւէ արտասահմանցի զբօսաշրջիկները», յայտնած է «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան:

20 տաղաւարներու մէջ տարբեր կրթական հաստատութիւններ եւ ճաշարաններ ներկայացուցին հայկական 13 տօներու` Ամանոր, Ս. Սարգիս, Բարեկենդան, Ծաղկազարդ, Նաւասարդ, Զատիկ, Վարդավառ, Ս. Ծնունդ, Տեառնընդառաջ, Համբարձում, Խաչվերաց, Մեծ Պահք, Խաղողօրհնէք խորհրդանշական ուտեստները:

«Փառատօնին անուանումը կապուած չէ միայն հացի հետ, այլեւ` հայկական շրջանակներու մէջ ընդհանրացած «հաց ուտելու» գաղափարին», հաղորդած է Ս. Մամուլեան: «Հացը լեռներում» փառատօնին ներկայացուած են նաեւ յոյներու եւ ուքրանացիներու տաղաւարները` իրենց ազգային ուտելիքներով:

Նշենք, որ պարային եւ երաժշտական ելոյթները ամբողջ փառատօնին ընթացքին ոգեւորեցին մթնոլորտը եւ հայկական շունչ փոխանցեցին: «Հացը լեռներում» փառատօնը իրականացուեցաւ 4-րդ անգամ ըլլալով անոր կազմակերպման աջակցեցան Երեւանի քաղաքապետութիւնը եւ անձնական ընկերութիւնները:

Շրջանառութեան Մէջ Են
Նոր
Թղթադրամներ

25 յունիսին շրջանառութեան դրուեցան 5, 10 եւ 20 հազար դրամ արժէքներով 2012-ին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան թղթադրամները:

Ըստ Կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութեան, այդ թղթադրամները Հայաստանի մէջ վճարումներ ընելու օրինական միջոցներ են եւ կարելի է անվերապահօրէն ընդունիլ զանոնք` առանց ժամկէտային սահմանափակումներու:

«5 հազար դրամ անուանական արժէքով 1999, 2003 եւ 2009 թուականներուն, 10 հազար դրամ անուանական արժէքով 2003, 2006 եւ 2008 թուականներուն, 20 հազար դրամ անուանական արժէքով 1999, 2007 եւ 2009 թուականներուն հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան թղթադրամները կը մնան շրջանառութեան մէջ` առանց սահմանափակումներու եւ շրջանառութեան պայմաններու փոփոխութեան», նշուած է Կեդրոնական դրամատան հաղորդագրութեան մէջ:

«Էյ.Թի.Փի.»-Ն Լոռիի Մէջ Բացումը Կատարեց
Մայքըլ
Եւ Վիրճինիա Օհանեաններու Անուան
Նոր Բնապահպանական Կեդրոնին

13 յունիսին, «Էյ.Թի.Փի.»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդը եւ անձնակազմը Օհանեան ընտանիքի անդամներուն հետ կատարեցին Մայքըլ եւ Վիրճինիա Օհանեաններու անուան նոր բնապահպանական կեդրոնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւն, Լոռիի մարզի Մարզահովիտ գիւղին մէջ: Բացման արարողութեան պաշտօնական հիւրերն էին Հայաստան փոխվարչապետ, Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան եւ Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալբանդեան:

Հետեւելով Կարին գիւղի մէջ տեղակայուած բնապահպանական կեդրոնին յաջողութեան` «Էյ.Թի.Փի.»-ն իր նոր կեդրոնին մէջ պիտի ընդունի աշակերտներու, ուսանողներու, բնութիւնը սիրող խումբերու, ուսուցիչներու, գիւղատնտեսներու` Հայաստանէն եւ արտասահմանէն: Հիւսիսային կեդրոնին առաջին շահառուները պիտի ըլլան Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու բնակիչները: Կրթական կեդրոնը կը գտնուի «Էյ.Թի.Փի.»-ի Միրաք անտառային տնկարանին մօտ, որ առիթ կը ստեղծէ համադրելու տեսական գիտելիքը գործնականին մէջ:

«Էյ.Թի.Փի.»-ի գործադիր տնօրէն Թոմ Կարապետեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտած է, որ` «Այսպիսի կեդրոն կառուցելու համար պէտք է ունենալ նպատակի եւ առաքելութեան յստակ միտք, նիւթական միջոցներ, որուն համար մենք շնորհակալ ենք Վիրճինիա Օհանեանին եւ իր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ի հարկէ անհրաժեշտ է համայնքին աջակցութիւնը, որ կ՛արժեւորէ կրթութիւնը եւ բնապահպանութիւնը: Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս երեք տարրերը առկայ ըլլան այստեղ», նշած է ան:

Մեկնաբանելով կատարուած աշխատանքին մասին` Թոմ Կարապետեան աւելցուցած է, որ` «Ժամանակի ընթացքին կեդրոնին շրջակայքը աւելի եւ աւելի պիտի գեղեցկացնէ Մարզահովիտը եւ պիտի ծառայէ Հայաստանի փոքրիկներուն: Մենք կը ցանկանք, որ Հայաստանի երիտասարդութիւնը խնամէ շրջակայ միջավայրը եւ այս կեդրոնը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ զանոնք կրթելու գործընթացին մէջ:

«Էյ.Թի.Փի.»-ի հիմնադիր Քարոլին Մուկար իր խօսքին մէջ յիշեց ուժանիւթի ճգնաժամային տարիները, երբ «Էյ.Թի.Փի.»-ն հիմնադրուեցաւ: «1990-ականներուն, երբ բոլորը կը տառապէին ուժանիւթի եւ վառելանիւթի պակասէ, մարդիկ ստիպուած էին ծառեր հատել, որպէսզի կենդանի մնային: Հատուած ծառերուն բուները ամէնուրեք էին: «Էյ.Թի.Փի.»-ն ծնաւ այդ ծանր ժամանակներուն: Այդ դժուարին օրերուն էր, որ մենք որոշեցինք ներդրում ունենալ Հայաստանի ապագային համար», դիտել տուաւ Ք. Մուկար: Ան շարունակած է` ըսելով, որ` «Այսօր մենք բացումը կատարեցինք Մայքըլ եւ Վիրճինիա Օհանեաններու անուան բնապահպանական կեդրոնին, որպէսզի մեր փոքրիկներն ու ուսանողները սորվին, որ փայտը վերականգնուող նիւթ է, եթէ պէտք եղածին պէս խնամուի: Անոնք կրնան սորվիլ նաեւ, որ Հայաստանի ապահով ապագայի համար որքա՛ն կարեւոր է կայուն շրջակայ միջավայր ունենալը»:

Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալբանդեան ըսած է. «Խորապէս կ՛արժեւորեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Էյ.Թի.Փի.»-ի իրագործած ծրագիրներուն Հայաստանի, մասնաւորաբար Լոռիի մէջ կատարած աշխատանքին համար: Անոնց ներկայութիւնը Լոռիի մէջ շատ կարեւոր է, որովհետեւ Լոռին նաեւ հանքարդիւնաբերական կեդրոն է»:

Այնուհետեւ Տաճատ քհնյ. Դաւիթեան օրհնած է նոր կեդրոնը, իսկ Մարզահովիտին փոքրիկները ընկերակցած են անոր` երգելով շարականներ:

Տեղեկացնենք, որ այս տարի «Էյ.Թի.Փի.»-ն կը նշէ իր 18-ամեակը: Անիկա համայնքային ծառատունկերու եւ անտառատնկման շնորհիւ աւելի քան 4 միլիոն ծառ տնկած է ամբողջ Հայաստանի տարածքին: «Էյ.Թի.Փի.»-ի բնապահպանական կրթութեան ծրագիրին մէջ կ՛աշխատին հարիւրաւոր ուսուցիչներ` հազարաւոր աշակերտներու հետ:

«Էյ.Թի.Փի.»-ի առաքելութիւնն է աջակցիլ հայ ժողովուրդին օգտագործելու ծառերը կենսապայմանները բարելաւելու եւ շրջակայ միջավայրը պահպանելու համար` առաջնորդուելով ինքնաբաւութիւնը խթանելու եւ տեղական միջավայրի համակարգը պահպանելու ձգտումով: «Էյ.Թի.Փի.»-ի երեք գլխաւոր ծրագիրներն են` ծառատունկը, բնապահպանական կրթութիւնը եւ կայուն զարգացման նախաձեռնութիւնը: Նշենք, որ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել www.armeniatree.org կայքը:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES