Իրան, Աֆղանիստան Եւ Ուաշինկթընի Հարաւասիական Երկսայրութիւնը
ԹՐԻՎԻՏԷՇ ՍԻՆԿ ՄԱՅՆԻ
«Եուրէյժիանեթ»
Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութիւնը լուրջ երկընտրանքի դիմաց է հարաւային Ասիոյ մէջ։ Ուաշինկթըն ողջունեց Թիւրքմենիստանի վերջերս յայտարարած յանձնառութիւնը իր բնական կազը Աֆղանիստանի տարածքով ուղարկելու Փաքիստան եւ Հնդկաստան, բայց եթէ Ուաշինթըն կ՛ուզէ իրականացնել իր իղձը` ամրապնդել Կեդրոնական եւ հարաւային ասիաներուն միջեւ կապերը, ապա ամերիկացի քաղաքագէտները պէտք է գտնեն ձեւերը շրջանցելու երկու խոչընդոտ` Իրանն ու Շանկհայի Համագործակցութեան, Կազմակերպութիւնը (ՇՀԿ):
Միացեալ Նահանգներու համար հիմնական դժուարութիւնը հետեւեալն է. Ուաշինկթըն վճռած է պահպանել Իրանի վրայ ճնշումները, այն յոյսով, որ անոնք կը յանգին Թեհրանի հիւլլէական ծրագիրի դադրեցման: Բայց նոյն պահուն Իրանը «պարունակի մէջ պահել» ու քաղաքականութիւնը, իր ներկայ ձեւով, կը խաչաձեւէ Աֆղանիստանի կայունացման ամերիկեան ճիգերը:
Արդարեւ, Աֆղանիստանի կայունացման համար Ուաշինկթընի ծրագրած ու կիրարկած ռազմավարութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է պատերազմներէն աւերուած այդ երկիրը վերածել շրջանային առեւտուրի կեդրոնի: Թիւրքմենիստանի բնական կազը տարանցընելու համաձայնագիրը, որ մայիսի վերջերուն ստորագրուեցաւ, կարեւոր քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ: Բայց հարկ է նշել, որ «Նոր մետաքսի ճանապարհ» կառուցելու այդ ծրագիրին դիմաց բազմաթիւ արգելքներ կը ծառանան: Ուստի կը թուի, որ եթէ Ուաշինկթըն կառչած պիտի մնայ Աֆղանիստանի կայունացման իր ռազմավարութեան, ապա ան պիտի ստիպուի ճկունութիւն ցուցաբերելու Իրանի առնչութեամբ, որովհետեւ Փաքիստանն ու Հնդկաստանը ցարդ հակամէտ չեն թուիր միանալու Իրանի մեկուսացման ամերիկեան ճիգերուն:
Յայտնի է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ Փաքիստանի յարաբերութիւնները շատ փշոտ են այս օրերուն: Իսլամապատ աներկբայօրէն յայտարարեց, որ թէեւ կը միանայ Թիւրքմենիստանը Հարաւային Ասիոյ կապող «ԹԱՓԻ» խողովակաշարին, ապա ան վճռած է շարունակել աշխատանքը իրանափաքիստանեան խողովակաշարին վրայ: Ամերիկացի պաշտօնատարները ուժեղ ընդդիմութիւն ցուցաբերած են այս վերջին ծրագիրին, բայց փաքիստանցիք կառչած կը մնան անոր երկու պատճառով. առաջին` Իսլամապատ ճիգ կ՛ընէ հաստատելու այն տպաւորութիւնը, թէ ինք Ուաշինկթընէն անկախ արտաքին քաղաքականութիւն կը վարէ. երկրորդ` ան արդէն տնտեսապէս յանձնառու է այդ ծրագրին, որովհետեւ այդ առնչութեամբ ստորագրած նախապատրաստական արձանագրութիւնը կ՛ըսէ, որ եթէ Փաքիստան մինչեւ 2014-ի վերջը խողովակաշարի իր բաժինը չամբողջացնէ, ապա մեծագումար տուգանքներ եւ հատուցումներ պիտի վճարէ Թեհրանին:
Նիւ Տելհին ալ տրամադրուած չի թուիր կրճատելու Թեհրանի հետ իր յարաբերութիւնները: Այս ուղղութիւնը ակնբախ էր, երբ Հնդկաստան վերջերս ընդունեց իրանեան գործարարական մեծ պատուիրակութիւն մը. այդ առաքելութեան ընթացքին իրանցիք ստորագրեցին շաքար, բրինձ եւ սոյա ներածելու մեծագումար համաձայնագիր. ասոր կողքին, նաեւ ստորագրուեցաւ երկկողմանի առեւտուրը արագ ընդարձակելու մասին միացեալ յայտարարութիւն մը: Նիւ Տելհի նաեւ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհին, որ 31 մայիսին Հնդկաստանի վարչապետ Մանմոհան Սինկին յանձնեց պաշտօնական հրաւէր` ներկայ գտնուելու օգոստոսին Թեհրանի մէջ գումարուող ոչ յանձնառուներու գերաստիճան ժողովին: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Հնդկաստանի ղեկավարութեան հետ նաեւ քննարկեց այլ կարեւոր հարցեր, ինչպիսիք են Ատենի ծոցին մէջ ծովահէնութեան դէմ միացեալ պայքարն ու մանաւանդ` Իրանի պարտադրուած արեւմտեան պատժամիջոցները շրջանցելու համար Հնդկաստանի շատ շահաբեր համաձայնութիւններ:
Միացեալ Նահանգներ նաեւ հաշուի պէտք է առնեն Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գծով Հնդկաստանի յոյսերը: ՇՀԿ պետութիւններու շրջանային համախմբում մըն է, որուն մէջ տիրական են Ռուսիան ու Չինաստանը. անոնք կազմակերպութեան վերջին ժողովին վերահաստատեցին անկախ քաղաքականութիւն վարելու եւ իրենց տնտեսական շահերը ապահովելու իրաւունքը: Հնդկաստան կազմակերպութեան մէջ դէտի հանգամանք ունի եւ կը յուսայ, որ մօտ ապագային լիիրաւ անդամ դառնալով` տնտեսական կապերը կը զարգացնէ անոր միւս անդամներուն, ի մասնաւորի ` Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկստանի հետ: Նշենք, որ Իրանն ալ ՇՀԿ-ի դէտ-անդամ է:
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւնը տասնամեակէ մը ի վեր կասկածով կը դիտէ կեդրոնական Ասիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական ու ռազմավարական ներկայութիւնը` աներկբայ կոչեր ուղղելով շրջանէն հեռացնելու ամերիկեան ուժերը: Իր կողմէն, Միացեալ Նահանգներու զինուորական ղեկավարութիւնը բացայայտօրէն թշնամական վերաբերում ցուցաբերած է Կեդրոնական Ասիոյ ապահովական հարցերը ստանձնելու եւ հակակշռելու ՇՀԿ-ի փորձերուն:
Ուրեմն Հնդկաստան կ՛աշխատի սերտօրէն գործակցելու ՇՀԿ-ի հետ, եւ միեւնոյն ատեն Աֆղանիստանի կայունացման ամերիկեան ծրագրի հիմնական դերակատարներէն է. ուստի հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել, թէ ամերիկացի քաղաքագէտները ինչպիսի՛ վերաբերում պիտի ունենան ՇՀԿ-ի հետ Հնդկաստանի գործակցութեան սերտացման նկատմամբ:
Ցարդ Աֆղանիստանի կայունացման շուրջ ամերիկեան քննարկումները մեծ տեղ չեն տուած ՇՀԿ-ի դերակատարութեան. բայց հաւանական է, որ կազմակերպութիւնը իր դէտ-անդամներու շարքին մէջ ընդունի Աֆղանիստանը, եւ անոր բարձրաստիճան պաշտօնատարները վերջերս յստակ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Աֆղանիստանի մէջ կազմակերպութեան դերակատարութեան գծով:
Արդ, նկատի ունենալով, որ ՇՀԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու շահերն ու ծրագիրները շատ տարբեր են, Քապուլի ՇՀԿ-ի կողմ հակումը սուղ պիտի արժէ վերաշինութեան եւ այլ ոլորտներէն ներս արեւմտեան օժանդակութիւններու իմաստով:
Այս տուեալներն ու զարգացումները դէտերը կը մղեն հարց տալու, թէ արդեօ՞ք կեդրոնական եւ հարաւային ասիաները իրարու կապելու ծրագիրը ցնորք մը պիտի մնայ առանց Իրանի գործակցութեան. Նիւ Տելհի ինչպէ՞ս պիտի հաւասարակշռէ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի հետ իր կապերը. եթէ ՇՀԿ-Քապուլ մերձեցումը զարգանայ, Ուաշինկթըն պիտի հրաժարի՞ Աֆղանիստանի տնտեսական կայունացման իր ծրագիրներէն: Տեսնե՛նք:

