Աշխարհի «Մեծ Իրադարձութեանց» Լոյսին Տակ. «Արաբական Գարո՞ւն», Թէ՞… Դժոխք
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ՍՈՒՐԻՈՅ վիճակուած ողբերգութիւնը, Իրաքէն ետք, ցարդ ամէնէն արիւնալին է ու ստեղծած` Լիբանանի տագնապը յիշեցնող բարդ վիճակ: Սատտամի Իրաքին գրաւումէն ետք Արեւմուտքն ու Միջին Արեւելքի անոր դաշնակիցները պաշարած են Սուրիան ու կը հետապնդեն զայն եւս ամբողջականօրէն իրենց մականին ենթարկելու նպատակով: Պէտք չունինք վերադառնալու մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան կամ յաջորդ դարաշրջանները` վեր առնելու համար Սուրիոյ բանալի դերն ու դիրքը` Միջին Արեւելքի մէջ: Արաբական աշխարհի կեդրոնական մէկ պատուանդանը գրաւող Սուրիան, հակագաղթատիրական պայքարին մէջ իր բանալի բաժինը ունենալէ ետք, տասնամեակներ շարունակ մնաց Արեւեք-Արեւմուտք հակամարտութեան` Պաղ պատերազմի առանցքներէն մէկը: Վերջին երկու տասնամեակներուն, այսինքն` Խորհրդային Միութեան անկումին ու անոր անմիջական հետեւանքներէն մէկը եղող Ծոցի տագնապներու օրերուն, Սուրիա ապրեցաւ աշխարհի հզօրներուն հետ պաղ ու տաք հանգրուաններ, ինչպէս որ էր պարագան արաբական այլ երկիրներու, յատկապէս` Իրաքի: 90-ական տարիներու սկիզբին, արաբական աշխարհին մէջ նոր բաժնեկցութիւններու «քարտէս»-ին մէջ, Սուրիա, կամովին թէ հարկադրաբար, ստիպուեցաւ առնել քայլեր, որոնք առերեւոյթ կը համապատասխանէին նոր աշխարհի թելադրանքներուն: Դրացիներուն հետ (իբր թէ) «զերօ հարցեր»-ու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, թելադրուած` Արեւմուտքի «պոս»-երէն, Սուրիան ալ դրաւ Թուրքիոյ հետ դաշնակից-գործակիցի ճամբուն մէջ, Դամասկոս հրաժարեցաւ Ալեքսանտրեթի գօտիէն, զոր վիճելի կը նկատէր իր անկախութեան դարաշրջանը կանխած օրերէն` 1939-էն ի վեր. տակաւին, Սուրիա շարունակեց արդիականացումի ու Արեւմուտքի հետ գործակցութիւնը զարգացնելու ընթացքը, սակայն այսօրուան իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ անոր առած քայլերը չեն գոհացներ Արեւմուտքի հաշիւները: Իշխանափոխութեան դրօշով ճամբայ հանուած ընդդիմութիւնը անվերապահ ու բացայայտ քաջալերանք կը գտնէ դուրսէն, բազմահարիւր միլիոններու բացայայտ օժանդակութիւններ կը հոսին Թուրքիայէն ու Արեւմուտքի լծակից արաբական երկիրներէն, մինչդեռ այլ երկիրներու պարագային, մօտաւորապէս նոյն «տրամաբանութեամբ» ճամբայ ելլող ընդդիմադիր շարժումներ կը կրեն լախտի հարուածներ: Տակաւին, երէկի սերտ գործակիցը` Թուրքիան, վերմակը կը վերցնէ պահ մը քուն մտած իր կայսերական ախորժակներուն վրայէն ու խաղաղարարի, հաշտարարի ու ընդդիմադիրներ պահպանողի պատմուճան հագած` անուղղակի քաջալերանք կը գտնէ հիւսիսային Սուրիոյ ու Իրաքի նկատմամբ իր վաղեմի ծրագիրներուն համար: Ինչպէս արաբական այլ երկիրներու, նոյնպէս ալ Սուրիոյ պարագային, արեւմտեան մամլոյ լուսարձակները կը կեդրոնանան առաւելաբար ընդդիմադիրներու տեղեկատուութեան վրայ, արաբական ու ՄԱԿ-ի խաղաղարար նախաձեռնութիւնները կը մատնուին փակուղիի եւ ձախողութեան, իրողութիւնները կը ներկայացուին արտաքին շահերու պրիսմակով, ու երկիրը կ՛առաջնորդուի արիւնահեղութենէ արիւնահեղութիւն: Վերջին շաբաթներուն, արտաքին գործօնները ի վերջոյ գտան ուժգին դրսեւորում, երբ Ուաշինկթըն ու` Մոսկուա զիրար մեղադրեցին զինական օժանդակութիւններու հարցով: Ուաշինկթըն Մոսկուան մեղադրեց Սուրիոյ զինական օժանդակութիւն տրամադրելու յանցանքով (յետոյ խոստովանեցաւ, որ Սուրիոյ տրամադրուած ուղղաթիռները… արդէն Սուրիոյ պատկանող զէնքեր էին, որոնք նորոգութեան ու բարեփոխութեան համար Մոսկուա տարուած էին ու վերադարձուած), իսկ Մոսկուա Ուաշինկթընն ու դաշնակիցները մեղադրեց Սուրիոյ ընդդիմադիրները զինելու եւ հաշտարար լուծումի մը չերթալու մէջ զանոնք քաջալերելու յանցանքով: Աշխարհը նաեւ ականատես եղաւ Մոսկուայի մօտեցումին համախոհութիւն յայտնող Չինաստանի կեցուածքին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մակարդակով: Ռուսիոյ նորագոյն մէկ քայլը` երկու մարտանաւ Թարթուս ղրկելու շարժումը, տարբեր մեկնաբանութիւններ գտաւ. Արեւմուտքը զայն նկատեց Սուրիոյ իշխանութեան հանդէպ վստահութեան նուազումի քայլ, Սուրիոյ մօտիկ կանգնողներ ըսին, թէ ատիկա Մոսկուայի կողմէ նախագահ Ասատի զօրակցական նշան է: Իսկ թէ Մեքսիքայի Լոս Քապոս քաղաքին արեւը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Օպամա-Փութին հանդիպումին վրայ, ցոյց պիտի տան յառաջիկայ օրերը:
Յստակ է, որ արտաքին կողմերուն համար, կարեւորը ճշմարտութիւններն ու արդարութեան հետամտութիւնը չեն անպայման, այլ` որոշ հաշիւներու հետապնդումն ու իրականացումը: Եթէ ընդդիմադիր կոչուողները խոստացած են երաշխաւորել որոշ ուժերու շահերը, անոնց զինական ու այլ օժանդակութիւններ տրամադրելը կ՛արդարանայ, մինչեւ իսկ «Քայիտա»-ի պէս խմբաւորումներու ներթափանցումը կը դիտուի հանդուրժողութեամբ, Թուրքիոյ վերապահուած դերը կը կոչուի «խաղաղարար», իսկ այլ երկրի մը մէջ նոյնօրինակ նպատակներ հետապնդողներ կը կոչուին խափանարար ու ահաբեկիչ: (Այս նշումներով չենք ուզեր թողուլ այն տպաւորութիւնը, թէ կ՛արդարացնենք այսինչ կամ այնինչ իշխանութիւնը կամ ընդդիմութիւնը, այլ կ՛ուզենք լուսարձակի տակ բերել այն շիլ ու այլանդակ հաշիւները, որոնք իսկութեան մէջ ներշնչում կու տան այս կամ այն իշխանութեան արարքներուն, կամ կը քաջալերեն ու կը զսպեն ընդդիմադիրներ): Բնականաբար, այլապէս խաղաղ բարեփոխում ապրող այս ու նմանօրինակ երկիրներ կ՛իյնան ահաւոր նահանջի մէջ, մարդիկ կը ջարդուին, աւազակութիւնն ու անիշխանականութիւնը ազատ դաշտ կը գտնեն, ինչպէս պատահեցաւ ու կը շարունակուի Իրաքի մէջ, արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղարար քաղաքականութեան խորագիրները կը գունաթափուին, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` կը ներկուին կարմիրով, անմեղներու արիւնով…
ԵՄԷՆը ապրեցաւ ի՛ր ողբերգա-կատակերգութիւնը, զինուորական, քաղաքական թէ այլ երեսներով, եւ իր անունը արձանագրեց Եգիպտոսի, Թունուզի ու քիչ մըն ալ Լիպիոյ ցանկին վրայ: Նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ իր ընդդիմադիրներուն կողմէ հռչակուած էր իբրեւ բռնատէր մը, որ շուրջ 30 տարիէ ի վեր վստահած էր Արեւմուտքի յենարանին: Արեւմուտքը, գլխաւորաբար Ուաշինկթըն, ոգի ի բռին «մինչեւ վերջին շունչ» պաշտպան կանգնեցաւ Սալեհի, որ անմիջականօրէն կը վայելէր Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնն ու զինակցութիւնը: Իր պալատին վրայ յարձակման մը պատճառով, Սալեհ անցեալ տարի վիրաւորուեցաւ ու Սէուտական Արաբիոյ մէջ երկարատեւ դարմանումի ենթարկուեցաւ: Երկրէն անոր բացակայութիւնը ընդդիմութեան պայքարը միայն թեթեւ մեղմացումի տարաւ, նաեւ առիթ տուաւ երկար սակարկութիւններու ու նախապատրաստութեան, թէ «իշխանափոխութիւնը» ինչպէ՛ս պէտք է կատարուէր: Ու աշխարհը Եմէնի մէջ ականատես եղաւ կատակերգական պատմական աճպարարութեան մը. ընդդիմադիրներուն պահանջները իբր թէ գոհացում գտան. Սալեհ, երկար բացակայութենէ ետք Սանաա վերադարձաւ, յետոյ ընդունեց Ուաշինկթընի հրաւէրը եւ Միացեալ Նահանգներ հասաւ «խորհրդակցութիւն ունենալու» անուան տակ (Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ ան դարմանումի կու գայ, Սալեհ պնդեց, որ ինք դարմանումի պէտք չունի…): Եւ տեղի ունեցաւ կատակերգութեան վերջին արարը. Սալեհի փոխ նախագահը` Ապըտ Ռապպօ Ալ-Հատի նախագահ ընտրուեցաւ (միակ թեկնածուն էր), ու ժողովրդավարութիւնը յաղթանակ մը արձանագրեց անոր ընտրութեամբ: Յետո՞յ, Եմէն մտաւ… հակամարտութիւններու նոր փուլ մը, երկրին հիւսիսային ու հարաւային կարգ մը գօտիները կ՛ապրին զինեալ դէպքեր, որոնց քաղաքացիական պատերազմ կոչելէ կը խուսափին Սանաայի մօտիկ ու հեռաւոր դաշնակիցները. Ուաշինկթըն անօդաչու օդանաւերով կ՛օժանդակէ ընդդիմադիրներուն տրուած հարուածներուն, իսկ «Քաիտա»-ն, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, կը կանգնի ընդդիմադիրներուն կողքին, կը յայտարարուի, թէ անիկա թափանցած է Եմէնի (ինչպէս Սուրիոյ եւ այլուր) ընդդիմադիրներու շարքերուն մէջ, իսկ երկուշաբթի, 18 յունիսին, յատարարեց, թէ ինք կը կանգնէր բանակի հրամանատար Սալեմ Ալի Քաթանի կեանքը խլած անձնասպանական արարքին ետին: Այս բոլորով, իշխանութեան տրամադրուած արեւմտեան աջակցութիւնը կ՛արդարանայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան ու նման խորագիրներով, իսկ ռազմավարական ու շահադիտական հաշիւները կը պահուին քողարկուած:
ՊԱՀՐԷՅՆի պարագան նմանութեան եզրեր ունի Եմէնի հետ, այն առումով, որ քարիւղով հարուստ այդ երկիրը կը հանդիսանայ ամերիկեան նաւատորմի միջինարեւելեան մէկ կարեւոր խարիսխը եւ… շահու աղբիւր Արեւմուտքին համար: Հոն կայ նաեւ իրանեան գործօնը, գիծ, որ կը նշուի նաեւ Սուրիոյ պարագային (բնականաբար հարցը շրջանայինէն անդին է, ու կարելի է իրողութիւնները դիտել աշխարհի մեծերուն` Արեւմուտքի, Ռուսիոյ ու Չինաստանի միջեւ լայն մրցակցութիւններու շրջագիծին մէջ): Պահրէյնեան ընդդիմութիւնն ալ ճամբայ ելաւ արդարութեան, ժողովրդավարութեան ու նմանօրինակ ազնիւ դրօշներ պարզած, սակայն ճնշուեցաւ արեան մէջ: Եթէ եգիպտացիք մինչեւ այսօր ունին «Ազատագրումի Հրապարակ»-ը, եւ յաճախ հոն կը վերադառնան ցոյցերու համար, Պահրէյնի ընդդիմադիրները կորսնցուցին իրենց բողոքի խորհրդանիշը եղող «Մարգարիտի Հրապարակ»-ն անգամ. իշխանութիւնները քանդեցին հրապարակին կեդրոնը կանգնած խորհրդանշանը… Ընդդիմադիրներու շարժումը ճնշուեցաւ սէուտական բանակին միջամտութեամբ (անշուշտ` Ուաշինկթընի ու դաշնակիցներու թելադրանքով ու օրհնութեամբ), ընդդիմադիր պարագլուխներ բանտերը լեցուեցան, բանտարկութեան դատապարտուեցան մինչեւ իսկ բժիշկներ, որոնք բողոքի ցոյցերու ատեն հիւանդանոց փոխադրուած ընդդիմադիր վիրաւորներ դարմանած են…
Փակուղի՞
Այս ու հետեւող զարգացումները ի յայտ կը բերեն դաժան իրողութիւն մը. արաբական աշխարհը, յատկապէս պատմական որոշ անցեալ ու կեցուածք ունեցող երկիրներ նետուած են ձեւական «գարունի» մը մէջ, որ սակայն իրողապէս դժոխքի վերածած է անոնց ժողովուրդներուն կեանքը: Իրաքցիներուն համար բազմատասնեակ ու բազմահարիւր զոհ-վիրաւոր պատճառող ռմբահարումները դարձած են առօրեայի մաս, ու Ուաշինկթըն հպարտանալու կամ ինքնարդարացումի ոչ մէկ պատճառ ձգած է իր ետին, թէ` Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութիւնը «ժողովրդավարական կարգեր»-ով փոխարինելով, իր բանակները Իրաքէն դուրս բերելով` իրաքցիներուն գարուն բերած է:
Եգիպտոսի, Սուրիոյ ու Եմէնի մէջ շարունակուող ծուռութիւններով ու արիւնահեղութիւններով, գարնանային որեւէ նշոյլի մասին կարելի չէ խօսք ընել: Տագնապահար երկիրները մատնուած են փակուղիի, որմէ դուրս գալու ամէն փորձ ու նախաձեռնութիւն կը մատնուի խափանումի:
Այժմու պատկերը ընդհանուր առմամբ անյուսութիւն եւ յոռետեսութիւն կը պատճառէ, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ արաբական երկիրները, ամբողջ աշխարհին հետ միասին, անցած են նման դաժան հանգրուաններէ, կարճ ու երկար փուլերէ: (Ի դէպ, արաբական երկիրներուն պարտադրուած «գարուն»-ը սահմանափակուած չէ միայն արաբական աշխարհով, այլ անոր տարբերակները կ՛ապրին եւրոպական երկիրներ, Փաքիստան ու Աֆղանիստան, մինչեւ անգամ Միացեալ Նահանգներ. այդ մասին կ՛արժէ անդրադառնալ առանձին):
Տուեալ կացութեան մէջ փրկութիւնն ու դարմանումը ըստ բաւականին դժուար են, բայց ոչ` անկարելի: Բանալին, բնականաբար, ինքնագիտակցութեան վերականգնումին ու սեփական շահերը գերադաս դաւանելու մէջ է, առաջադրանքներ, որոնք այսօր կրնան թուիլ ցնորական, որովհետեւ ինչպէս տնտեսական աշխարհին մէջ, նոյնպէս ալ ռազմաքաղաքական բեմին վրայ, աննախընթաց աճուրդ տեղի կ՛ունենայ: Տուեալ երկրի մը իշխանութիւնը մինչեւ իսկ եթէ ամէնէն արդարն ու ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն շահերը պաշտպանողն ըլլայ, անիկա կրնայ սասանումի ենթարկուիլ վարձկան ընդդիմադիրներու կողմէ, որոնք պատրաստ են, որոշ վարձատրութեան դիմաց, ու մեկնելով ոչ ընդհանրական դառնութիւններէ, դառնալու «ժողովրդավարութիւն ու արդարութիւն» պաշտպանող արտաքին կողմերու կամակատարը: Անոնք նաեւ արտաքին կողմերու յենարանով կը մարմնաւորեն անձերու իշխանափոխութիւն, մինչդեռ պարտադրուած գիծերը կը մնան անփոփոխ:
Դարմանը, սակայն, անկարելի չէ, որքան ալ դժուար ըլլայ: Եգիպտացիք, սուրիացիք, լիպիացիք ու այլ երկիրներ կրնան վերադառնալ մօտիկ անցեալի իրենց պատմութեան ու վերականգնել ազգային գիծ, սեփական շահերու եւ արդարութեան, հանդուրժողութեան պայմանները: Այլ խօսքով, սկիզբ առած շարժումին պէտք է ներարկել ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ հենք ու խորք, այսինքն` վերադառնալ այն գիծին, որ արժեւորեց արաբական ազգայնականութիւնն ու իրագործեց գաղթատիրութեան դէմ պայքարին յաջողութիւնը:
Նման կամքի գոյառման պարագային, ամէնէն դժուար մարտահրաւէրը, մի՛շտ ալ, սեփական երկրին շահերը միջազգային ազդեցութիւններուն հետ ներդաշնակ պահելու արուեստն է. մօտիկ անցեալը ցոյց կու տայ, որ այդ արուեստէն զերծ չէ արաբական աշխարհը: Եւ իսկական գարուն կարելի՛ է կերտել այդ ճամբով:
(Վերջ)

