Եուրօ-2012. Փորթուգալցի Փոսթիկայի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Հելտըր Փոսթիկա

Լեհ լրատու գործակալութիւններուն համաձայն, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Հելտըր Փոսթիկայի համար Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր վրայ կատարուած քննութիւնները ցոյց տուին, որ ան այս վիճակով մրցաշարքը չի կրնար շարունակել:

Ան Չեխիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտէն դուրս բերուած էր վիրաւորուելէ ետք եւ փոխարինուած Հիւկօ Ալմէյտայով:

Կը կարծուէր, որ ան ապաքինումի նշաններ ցոյց պիտի տայ եւ իր մասնակցութիւնը բերէ Սպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, սակայն Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ըսաւ, որ անոր համար մրցաշարքը աւարտած է:

Share this Article
CATEGORIES