Ռուսիա Երրորդ Անգամ Ըլլալով Տուգանքի Ենթարկուեցաւ
Եու. Է. Էֆ. Ա.ի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին, Եու. Է. Էֆ. Ա.ի պատիժներ տնօրինող յանձնախումբը երրորդ անգամ ըլլալով տուգանքի ենթարկեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Անիկա առաջին անգամ 120 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ, երբ 8 յունիսին անոր համակիրները (շուրջ երեսուն անձեր) յարձակեցան դաշտին ապահովութեան հսկող անձերուն վրայ:
12 յունիսին անիկա ստացաւ այլ տուգանք մը (30 հազար եւրօ), երբ անոր համակիրները բախում ունեցան լեհ համակիրներու հետ:
Վերջապէս, երրորդ տուգանքը եղաւ 35 հազար եւրօ, որովհետեւ 16 յունիսին անոր համակիրները դէպի դաշտ պայթուցիկներ նետեցին եւ արգիլեալ գրութիւններու պաստառներով դաշտ ներկայացան:
Եուրօ-2008-ի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուան հասած Ռուսիոյ պարագային Եու. Է. Էֆ. Ա.ն շատ հաւանաբար անկէ խլէ վեց կէտ` Եւրոպայի յաջորդ ախոյեանութեան կապակցաբար: Այսինքն` անիկա զտումի մրցումները կրնայ սկսիլ նուազ վեց կէտով:

