Պեթիսի Յետսապահ Ռոքուէ Մահացաւ

Ռէալ Պեթիսի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող յետսապահ Միկել Ռոքուէ նախորդ շաբաթավերջին մահացաւ` երկար ժամանակ քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք:

Սպանական ակումբին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 23 տարեկան մահացած մարզիկը մարտ 2011-էն ի վեր կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ:

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներէն շատեր, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան, այս լուրին ի տես իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին անոր ակումբին եւ ընտանեկան պարագաներուն:

Նշենք, որ Պարսելոնայի կրտսերներու խումբին հետ իր մրցումները սկսած Ռոքուէ մաս կազմած է նաեւ Լիվըրփուլի:

Share this Article
CATEGORIES