Թենիս. Լա Քոլինա Ակումբին Մրցաշարքը` 28 Յունիսէն 7 Յուլիս
Հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապ 28 յունիսէն 7 յուլիս կը կազմակերպէ Պազիլ Մկրտիչի անուան թենիսի տարեկան 2-րդ մրցաշարքը` իր դաշտերուն վրայ:
Տեղի պիտի ունենան տղոց 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի անհատական մրցումներ:
Արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան կազմակերպիչ ակումբին մէջ, մինչ մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 27 յունիսին, բնականաբար ակումբին մէջ:
Մրցաշարքին համար յատկացուած ընդհանուր գումարն է (տիտղոսակիրներուն) 3500 ամերիկեան տոլար, որ պիտի բաժնուի չորս մրցանակակիրներուն:
CATEGORIES Մարզական

