Հալէպեան Օրագիր. «Հայկազեանցի Ենք»(Մտորումներ Հալէպի Ազգ. Հայկազեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

27  մայիս 2012, Հալէպ:

Հակառակ երկիրը յուզող քաղաքական աննախադէպ տագնապին, 650 հրաւիրեալներ ծայրէ ծայր լեցուցեր են քաղաքի «Գէորգ Եսայեան» հանդիսասրահը` ողջունելու համար Ազգ. Հայկազեան մանկապարտէզին նորագոյն հունձքը:

«Եսայեան»-ը, որ մէկն է Հալէպի հայ գաղութին սեփականութիւնը եղող քանի մը շքեղ սրահներէն, մայիսի սա վերջին օրերուն թերեւս կ՛արձանագրէ իր ամէնէն եռուն շրջանը,  երբ հայկական վարժարանները սրահին բեմին վրայ կարգով կը սարքեն իրենց ամավերջի հանդէսները ու վկայականներ կը բաշխեն տասնեակ ու տասնեակ աւարտական սաներու:

Այս աւանդական հանդէսները գօտեպնդիչ են եւ խօսուն` մէկէ աւելի պատճառներով:

Ամէն բանէ առաջ անոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ մեր վարժարանները կը շարունակեն գործել ու «մարդ պատրաստել»` միշտ մնալով սի՛րտը գաղութին. անո՛նցմով է, որ կը թարմանայ մեր արիւնը, կը վերանորոգուի մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը:

Յետոյ, ուրախութիւնը կ՛ապրինք մեր դիմաց տեսնելով հայախօս դեռափթիթ նոր սերունդ մը, որ ի հեճուկս յոռետեսական բոլոր ենթադրութիւններուն` յուսատու երաշխիք մը կը հանդիսանայ ապագային համար:

Ու տակաւին, այս հանդէսները տեսակ մը բազկերակն են գաղութին: Սրահը լեցնող ծնողներու կամ հարազատներու լայն զանգուածները, բեմը թնդացնող մեր մանկահասակ երեխաներուն խանդը, անոնց կողմէ ի գործ դրուած գեղարուեստական սիրուն յայտագիրները, փոքրիկներու  շարժումներուն հսկող դաստիարակ-ուսուցչուհիներու նուիրումի ոգին, բեմէն արձակուած պատգամները, նուիրատուներու նիւթական սրտաբուխ օժանդակութիւնները, բոլորը միատեղ մանրապատկերն են գաղութին քանակական ու որակական վիճակին: Հոսկէ մեկնելով` կրնաք ճշգրտօրէն չափել Հալէպի ջերմաստիճանը…:

* * *

Իմ մերձաւոր հարազատներուն հետ միասին աթոռ մըն ալ ե՛ս գրաւած եմ «Եսայեան» սրահին մէջ:

Առջինեկ զաւակս վկայակա՜ն պիտի ստանայ…

Կ՛ապրիմ կրկնակի բերկրանք մը. նախ, ենթագիտակցութեանս մէջ ՀԱՅՐ ըլլալու գաղտնի հաճոյքը կ՛եռեւեփի, ապա` հպարտօրէն կ՛անդրադառնամ, որ վարժարանային ինքնութիւն մը ահաւասիկ կ՛օղակէ, կ՛ագուցէ իրերայաջորդ սերունդները իրարու: «Հայկազեանցի» ենք ընտանեօք: Հայրս շրջանաւարտ եղած էր հոնկէ անցեալ դարու 40-ականներուն, ես (ու եղբայրներս)` 70-ականներուն կամ 80-ականներուն, հիմա ալ իր փոքրիկ ձեռքը մեզի կ՛երկարէր վեցամեայ աղջնակս: Խորհուրդ մը չկա՞ր այս երեւոյթին մէջ:

Մեծագոյն խորհուրդը, սակայն, ԺԱՄԱՆԱԿ կոչուած հասկացողութիւնն է ապահովաբար: Հուժկու եւ անդիմադրելի ալիք մըն է Ժամանակը, յաւերժօրէն թաւալող լինելութիւն մը, որուն արագասոյր հոսքին դիմաց ապշահար ու անճրկած կը մնանք տեւաբար:

Այս Ժամանակն է, որ իր հոլովոյթին մէջ կը կերտէ ամէն ինչ, ու միեւնոյն ատեն ա՛ն է, որ իր հոսքին տակ կը սրբէ, կը ջնջէ շատ բան:

Մանկապարտէզի հանդէսները լաւագոյնս կը յիշեցնեն մեզի այդ հոսքին տարողութիւնը: Կորսուած-գացած մեր անո՜ւշ մանկութիւնը, պահ մը, կը վերադառնայ մեզի: Դիտելով այդ հանդէսները` ամէն ոք մտովին կը փոխադրուի դէպի հի՜ն-հին թուականներ, 40, 50, 60 տարի դէպի ետ, վերյիշելու համար ի՛ր հանդէսը, ի՛ր դասընկերները, ի՛ր ուսուցչուհիները:

Ես ալ մտաբերեցի այդ բոլորը, երբ հանդէսին վարագոյրը բացուեցաւ ու երեխաները սկսան գործադրել «Հայ գիրքի տարի»-ին ձօնուած իրենց յայտագիրը:

Հարց տուի ես ինծի, թէ բեմին վրայ ոստոստող աղջնակս որքա՜ն արագ ու շուտ հասակ առեր էր մեր աչքին դիմաց, առանց որ կատարելապէս անդրադառնայինք Մայր Բնութեան կողմէ տնօրինուող այդ հրաշալի շրջափոխութեան:

Դեռ երէկ էր կարծէք, երբ ծննդատունէն տուն բերեր էինք զինք այնքան գուրգուրանքով ու գորովալից: Դեռ երէկ էր, երբ առաջին ժպիտը ուրուագծուեր էր նորածինի իր նրբագեղ դէմքին վրայ, երէկ էր, երբ քահանայ հայրը մկրտած էր զինք սրբազան աւազանին մէջ` հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ օրհնառատ մաղթանքներով, երէկ էր, երբ քալելու առաջին փորձերը կատարեր էր ու վերջապէս, յաջողեր, երէկ էր, երբ խօսիլ սկսեր էր, երէկ էր, երբ իր փափուկ թաթիկէն բռնած` բերեր յանձներ էի Հայկազեան մանկապարտէզի Բողբոջ դասարանին… Հիմա, ահաւասիկ դուրս կու գար հոնկէ` վկայական մը ձեռին:

«Ժամանակ եւ խորհուրդք իւր», պիտի ըսէր Հրաչ Զարդարեան:

* * *

Հայկազեան մանկապարտէզը (որ 1920-էն առաջ կը կոչուէր Ներսէսեան), իրեն համար հիմնադրութեան թուական կ՛ընդունի 1905-ը: Այս թիւը դաջուած է դպրոցին խորհրդանշանին վրայ ալ:

Եթէ պատմականօրէն ճիշդ է այս թուականը, ուրեմն աւելի քան հարիւրամեայ դպրոցի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր: Պատմականօրէն ստուգուած է, որ Հայկազեանը հնագոյն հայկական վարժարանն է Հալէպի մէջ: Միւսները կեանքի կոչուած են աւելի ուշ. Կիլիկեանը, Կրթասիրացը, Սահակեանը, Մեսրոպեանը (որ անցեալ տարի փակեց իր դռները վերջնապէս), Կիւլպէնկեանը, Զաւարեանը, Մխիթարեանը, ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեանը:

Օ՜, որքան հարուստ ու հրաշալի պատմութիւն մը կերտեր է այս գաղութը ԺԶ. դարէն սկսեալ: Սալիպէ թաղամասի Ս. Քառասուն Մանկանց առաջնորդանիստ հնադարեան եկեղեցին իբրեւ կեդրոն ունենալով` մշակութային, կրթական, ընկերային ու հոգեւոր ի՜նչ հարուստ պատմութիւն մը ձեւաւորուեր է այստեղ, դեռ Մեծ եղեռնը նախորդող ժամանակաշրջաններէն սկսեալ: Իսկ յետ-եղեռնեան տասնամեակներուն ի՜նչպիսի զարթօնք մը ապրեր է հալէպահայը, իր խրճիթը ցեխոտ թիթեղաւաններէն տակաւ առ տակաւ փոխադրելով դէպի նորաշէն թաղեր, տէր դառնալով արդիական «ափարթըման»-ներու: Կառուցեր է նոր դպրոցաշէնքեր, եկեղեցիներ, ակումբներ, հաւաքատեղիներ: Կարգ մը հայաբնակ թաղամասեր վերածուեր են «փոքրիկ Հայաստան»-ներու` ազգային կեանքը շնչաւորելու կոչուած բոլո՛ր ստորոգելիներով:

Ի զուր չէ, որ Բերիոյ թեմի նախկին համբաւաւոր առաջնորդներէն Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան 1940-ին սա՛պէս կը գրէր իր «Պատմութիւն Հալէպի հայոց» եռահատոր աշխատասիրութեան նախաբանին մէջ.

«Քանի՛ հինցայ Հալէպի մէջ ու քանի՛ անցայ անոր պատմական եկեղեցիներուն գաւիթէն ու անշուք բայց խորապէս տպաւորիչ տաճարներու խաչքարերուն, զարդերուն, նկարներուն եւ տապանաքարերուն առջեւէն, ա՛յնքան սիրեցի անոր հին անցեալի պատմութիւնը:

…Հալէպի հայ գաղութը ունեցած է աւելի քան վեց դարերու բնաւ չընդմիջուած հայ-ազգային կեանք մը` քաղաքին պարիսպներէն ներս կարողանալով ապրիլ պետական ու միջազգային գնահատութեանց արժանի բարգաւաճ ու երբեմն մեծապէս ճոխ կեանք մը»:

Տեղին է նշել, որ այդ «մեծապէս ճոխ կեանք»-ը անդեդեւ շարունակուեր է բազմաթիւ տասնամեակներու վրայ, գրեթէ երբեք հուն չփոխելով իրերայաջորդ օսմանեան, ֆրանսական գաղութարար կամ արաբական ազգային տարաբնոյթ վարչակարգերուն կամ վարչաձեւերուն պատճառով:

 * * *

Հանդիսասրահին մուտքին հրաւիրեալներուն բաժնուող երկծալ պրոշիւրին մէջ արձանագրուած էին մանկապարտէզի այս տարուան շրջանաւարտներուն անունները:

Կը պարզուէր, որ շրջանաւարտ Ծաղիկ կարգը ունեցեր էր երեք դասարաններ, աշակերտներու ընդհանուր 58 թիւով: 27 մանչ եւ 31 աղջիկ:

Ինչպէս ամէն տեղ ու ամէն առիթով, հոս եւս իմ ուշադրութեան կիզակէտ դարձան մեր մանուկներուն անունները:

Երեւոյթը հետաքրքրական էր, ու կ՛արժէր զայն յանձնել հրապարակային վիճարկումի: Արդարեւ, մանչերուն անունները ջախջախիչ տոկոսով հայկական էին ու ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ, մինչ աղջիկներուն անունները` նոյն համեմատութեամբ ՕՏԱՐԱՇՈՒՆՉ:

Մանչերու անուանացանկին մէջ կը տողանցէին Կարէնն ու Կարոն, Հրակն ու Նարեկը, Պետիկն ու Սերոբը, Յակոբն ու Յարութը, Սագոն ու Ատիսը, Ասատուրն ու Անդրանիկը, Արմանը, Հայկը, Ներսէսը… Այս անուններէն իւրաքանչիւրը հայոց պատմութիւն, հայկական հեքիաթ, տոհմիկ աւանդութիւն կը բուրէր ինքնին: Ոգի՛ մը կը թեւածէր այդ անուններուն վերեւ…

Իսկ աղջիկներու անուանացանկին մէջ մեր դիմաց կը ցցուէին Արվինն ու Քաթրինը, Նաթալին ու Սինթիան, Քարլան ու Թիան, Լարիսան ու Ռոզալինը, Կալինն ու Մարի-Ռոզը, Էլսին ու Սէրլին, Մարելան ու Սերենան, Միքայէլան ու Մէյրին… Փոքրամասնական խմբակի մը մէջ մնացեր էին Կարինն ու Արենին, Արմիկն ու Շուշին, Ցոլերն ու Թիթառը:

Հայկական անուններու մահազդն էր այս: Ափսո՜ս:

Ու հիմա, հարցումը կը պարտադրէ ինքզինք. մեր երիտասարդ ծնողները ի՞նչ դրդապատճառներէ մղուած` օտարաշունչ (յաճախ ալ անիմաստ) անուններ կը դրոշմեն իրենց սիրասուն երեխաներուն ճակտին: Դասական կամ հայիմաստ նորակերտ իգական անունները ինչո՞ւ այլեւս կորսնցուցեր են իրենց հմայքը, հասարակ դարձեր են շա՜տ-շատերու աչքին: Այսքան քմայքո՞տ դարձեր են մեր ծնողները, թէ՞ «արդիականանալու» ստիպողութիւնն է որ կը ճնշէ իրենց վրայ…

* * *

Երբ հանդէսը աւարտեցաւ ու տուն վերադարձայ, առաջին գործս եղաւ փնտռել ու գտնել մանկապարտէզի ի՛մ հանդէսիս  լուսանկարները: Բարեբախտաբար խնամքով դասաւորուեր ու պահ դրուեր էին անոնք ալպիւմի մը մէջ: Սեւ-ճերմակ տասնեակ մը լուսանկարներ, որոնց մէջ ամէնէն փառաւորը, անկասկած, շրջանաւարտից խմբանկարն էր:

Այս խմբանկարը կը կրէր 1973 թուականը: Այդ տարի, Ազգ. Հայկազեան մանկապարտէզը իր հանդէսը սարքեր էր «Սինեմա Սուրիա»-ի մէջ ու գաղութին ընծայեր էր 150 շրջանաւարտներ: Պատկառելի ու երանելի թիւ մը, որ այսօրուան շրջանաւարտներու թիւը կը գերազանցէ երկուքուկէս անգամով…

Երկա՜ր-երկար յամեցայ այդ լուսանկարին առջեւ ու ջանացի վերականգնել իմ հին ու կորուսեալ դպրոցակիցներէն ոմանց անունները: Անկասկած բազմաթիւ տղաք իրենց ընտանիքներուն հետ գաղթեր էին երկրէն ու նոր կայքեր գտեր էին Արեւմուտքի մեծ ու փոքր ոստաններուն մէջ: Շատերու անուն-մականունները իսպառ ջնջուեր էին յիշողութենէս: Բայց չէի մոռցեր անունները մեր ուսուցչուհիներուն, որոնք մեր միջեւ, քով-քովի նստած, տեղ գրաւեր էին լուսանկարին մէջ. օր. Անեթա Առաքելեանը (այժմ` Թիմուրեան, Հալէպ), օր. Քնարիկ Մարկոսեանը, օր. Տալիթա Արծիւեանը (այժմ` Ֆրանսա), օր. Ցոլինէ Փափազեանը (ի Հալէպ), օր. Սաթենիկ Աւետիսեանը (մահացած), տիկ. Արփինէ Սապունճեանը (երկարամեայ ու վաստակաշատ մանկապարտիզպանուհի, այժմ` Քանատա), օր. Գոհարիկ Համալեանը (մահացած), օր. Վարդուհի Թիւթէլեանը (այժմ` Մուրատեան, Հալէպ), օր. Անահիտ Առաքելեանը (յետոյ` Եաղսըզեան) եւ օր. Լիլի Տապպաղեանը (այժմ` Քանատա):

Այս սիրելի ուսուցչուհիներն էին, որ մատիտ բռնել սորվեցուցեր էին մեզի, Մաշտոցի հնարած տառերուն ծանօթացուցեր էին մեզ, մեր առջեւ բացեր էին «Փոքրիկ Անի»-ի հրաշագեղ աշխարհը, մեզ ընկերակից դարձուցեր էին Պետիկին ու գայլին…:

 * * *

Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի (մանչերու բաժին) մեր բարեհամբոյր տնօրէնը`Փիլիպպոս Դերձակեան, իր քառորդ դարու պաշտօնավարութեան (1958-1983) վերջին շրջանին ձեռնարկեր էր շատ կարեւոր աշխատասիրութեան մը. գրառումը Հայկազեան վարժարանի հարուստ պատմութեան:

Կարճ ժամանակի մէջ գործը սկսեր էր մարմին առնել ու ի մի բերուեր էին արխիւային թանկարժէք բազմաթիւ նիւթեր` երբ Փ. Դերձակեան 1988-ին ընտանեօք տեղափոխուեցաւ սփիւռքի հեռաւորագոյն անկիւնը` Աւստրալիա, ուր եւ փակեց իր մշտախոնաւ աչքերը:

Իր անաւարտ գործը կտակ մնաց գաղութին:

Եւ սակայն… Ազգային շահագրգռեալ մարմինները, եկող-գացող հոգաբարձական տասնեակ կազմեր, տնօրէնութիւններ դժբախտաբար փոյթ չըրին համալրելու այդ աշխատանքը ու տպագիր մատեանի վերածելու զայն:

Սահող տարիներու թաւալքին հետ այդ ծրագիրը կարծէք կորսնցուց իր շահեկանութիւնը, բարձի թողի եղաւ…

Փաստօրէն Հայկազեանը մնաց առանց «Յուշամատեան»-ի, մինչ վերջին երկու տասնամեակներուն իրենց պատմագիրքերն ունեցան Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Կրթասիրացը, Կիլիկեանը, Մխիթարեանը, Կիւլպէնկեանը, Սահակեանը, Մեսրոպեանն ու Լազար Նաճարեանը, նոյնիսկ` Դամասկոսի Միացեալ վարժարանները:

Արդ, ո՞վ պիտի դարմանէ այս վհատեցուցիչ յապաղումը ու լրջօրէն հետապնդէ Փ. Դերձակեանէն աւանդ թողուած գործին հրատարակութիւնը:

Հարցումը կ՛ուղղենք…«Հայկազեանցի»-ի իրաւունքով:

 

Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES