Ճափոն Երկարաձգեց Զաքերոնիի Պայմանագրութիւնը

Ալպերթօ Զաքերոնի

Ճափոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի իտալացի մարզիչ Ալպերթօ Զաքերոնի մինչեւ 2014-ի Մոնտիալին աւարտը պիտի մնայ մարզիչ, որովհետեւ ան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:

59 տարեկան Զաքերոնի, որ օգոստոս 2010-ին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր, նախորդ տարի ասիական մրցանիշ մը հաստատեց, երբ իր կազմին հետ չորրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Ասիոյ ախոյեան:

Սակայն, եթէ պատահի, որ իտալացին չկարենայ իր կազմին համար Պրազիլի տոմս մը ապահովել, անոր պայմանագրութիւնը պիտի ջնջուի:

Նշենք, որ Ճափոն այժմ Ասիոյ գօտիի Բ. խմբակին մէջ երեք մրցումէ ապահոված է եօթը կէտ:

Share this Article
CATEGORIES