Եու. Է. Էֆ. Ա.ն Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Տուգանքի Ենթարկեց Գերմանիան

Եու. Է. Էֆ. Ա.ի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երկրորդ անգամ ըլլալով տուգանքի ենթարկուեցաւ, այս անգամ` 25 հազար եւրօ:

Դանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (17 յունիս), անոր համակիրները անկարգապահ գտնուելէ բացի, պայթուցիկ նիւթեր նետած էին, ինչպէս նաեւ ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունեցած:

Գերմանիա առաջին անգամ տուգանքի ենթարկուեցաւ 10 հազար եւրոյով` նկատի ունենալով, որ 9 յունիսին անոր համակիրները Փորթուգալի մարզիկներուն վրայ թուղթեր նետեցին:

 

Share this Article
CATEGORIES