Ճատրակ. 11 Տարեկան Սամուէլ Սեւեանի Բացառիկ Յաջողութիւնը
Armchess.am ճատրակի լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 11 տարեկան ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան, որ կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներու մէջ, բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրած է ճատրակի 19-րդ Մեթրոփոլիթընի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցած է Լոս Անճելըսի մէջ:
Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6,5 կէտ, երկու այլ ճատրակ խաղացողներու հետ բաժնած է 1-3 դիրքը` մեծապէս տպաւորելով բոլորը:
Անոր կարգ մը մրցակիցները եղած են միջազգային վարպետներ:
CATEGORIES Մարզական


