Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահը Հրաժարեցաւ

Սերկէյ Ֆիւրսենքօ

Յատուկ հանդիպում մը ունենալէ ետք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սերկէյ Ֆիւրսենքօ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը:

Պատճա՞ռը: Որովհետեւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբը ձախող արդիւնք արձանագրեց Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:

58 տարեկան Ֆիւրսենքօ, որ փետրուար 2010-ին նշանակուեցաւ նախագահ, խստիւ քննադատուեցաւ, մանաւանդ Յունաստանէն խումբին կրած պարտութենէն ետք (1-0):

Շատեր Ֆիւրսենքոն յանցաւոր նկատեցին, որ հոլանտացի Կուս Հիտինքի պայմանագրութեան երկարաձգման դէմ արտայայտուեցաւ եւ անոր փոխարէն մարզիչ նշանակեց անոր ազգակիցը` Տիք Ատվոքաթը: Հիտինք խումբը հասցուցած էր Եուրօ-2008-ի կիսաւարտականին` առանց սակայն կարենալ իր խումբը հասցնելու 2010-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն:

Նշենք, որ մինչ շատեր հասան իրենց նպատակին Ֆիւրսենքոյի հրաժարականը իմանալով, անդին Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ Վիաչեսլաւ Քոլոսքով քննադատեց Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի նախկին նախագահը` Ֆուրսենքոն` ըսելով, որ ան ընկղմելիք նաւէն փախուստ տուաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES