«Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանին Դէմ Յարձակումին Վերաբերեալ Դատապարտումի Ալիքը Կը Շարունակուի
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումին վերաբերեալ դատապարտումի ալիքը շարունակուեցաւ երէկ, երբ քաղաքական անձնաւորութիւններ, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, տարբեր կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ այցելեցին կայան եւ դատապարտեցին «Ժատիտ»-ի դէմ գործուած յարձակումը` զօրակցութիւն յայտնելով կայանին եւ անոր լրագրական առաքելութեան:
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի խստիւ դատապարտեց «Ժատիտ»-ի դէմ գործուած արարքը` նշելով, որ անիկա ազգային կայան է, որ բոլոր կողմերը իրարու կը միացնէ:
Նախկին նախարար Հիւսէյն Ռահհալ նշեց, որ անհրաժեշտ է արգիլել նման արարքներ եւ երկաթեայ բազուկով հարուածել զանոնք:
«Նահար» օրաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Ղասսան Հաժժար իր եւ օրաթերթին անունով դատապարտեց «Ժատիտ»-ի դէմ գործուած յարձակումը եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ ապահովական կառոյցները պաշտպանեն տեղեկատուական հաստատութիւնները եւ արգիլեն ցոյցերն ու ամէնօրեայ դրութեամբ երկրին մէջ արձանագրուող անիւներ հրկիզելու երեւոյթը:
«Ժատիտ» կայանը ստացաւ նաեւ շարք մը հաղորդագրութիւններ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնք դատապարտեցին կայանին դէմ կատարուած յարձակումը:
Միւս կողմէ, ապահովական կառոյցներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին տեղեկութիւններուն համաձայն,«Ժատիտ»-ի դէմ յարձակումի յանցագործներէն` արգելափակեալ Ուիսամ Ալաէտտին, որ բժշկական խնամքի կ՛արժանանայ` անիւները հրկիզելու պահուն իր ձեռքը եւ ոտքը հրկիզելուն պատճառով, խոստովանած է, թէ ինք անդամ է Դիմադրութեան ջոկատներուն, որոնք հիմնուած են Հըզպալլայի կողմէ իննսունական թուականներուն, սակայն Հըզպալլա հերքեց Ալաէտտինի անդամակցութիւնը այդ ջոկատներուն:
Նշենք, որ հարցաքննութեան ընթացքին Ալաէտտին յայտնեց, որ ինք այդ յարձակումը գործած է ընդվզելով շէյխ Ահմետ Ասիրի կատարած յայտարարութիւններէն. ան ըսաւ, որ շէյխ Ասիրի յայտարարութիւնները խստիւ մերժելի են:

