Օմար Քարամէ Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ Քննարկեց Ներքին Իրադարձութիւնները

Միւֆթի Քապպանի եւ Քարամէ

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին լարուածութիւնը լիբանանցիները կը հրահրեն` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւնները պէտք է երկխօսութիւն կատարեն, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է բախումները կանխարգիլելու:

Քարամէի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ պէտք է երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին հասարակ յայտարարներ գտնել: Ան ընդգծեց սակայն, որ ըստ երեւոյթին, կարելի պիտի չըլլայ հասարակ յայտարարներ գտնել երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան շուրջ:

Իր կարգին, Օմար Քարամէ յայտնեց, որ շրջանային ապակայունութեան լոյսին տակ լիբանանցի ղեկավարները պէտք է աւելի եւս յարաբերին ու խորհրդակցին իրարու հետ:

Ան մերժեց Հըզպալլայի զէնքը թիրախ դարձնել` աւելցնելով, որ Հըզպալլան դիւրաւ կարելի չէ զինաթափ ընել:

 

Share this Article
CATEGORIES