Զօր. Աուն Զգուշացուց Լիբանանի Ծովային Սահմաններուն Վերաբերող Համաձայնութենէ Մը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ նախագահելէ ետք համախմբումի ընթացիկ նիստին սուր քննադատութիւններ ուղղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հասցէին:
Ան նշեց, որ 1982-ին սուլթան Ժոմպլաթ Շիմոն Փերեսը ընդունած է Մուխթարայի իր պալատին մէջ, մինչդեռ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ 2012-ին` 30 տարի ետք վտարած է Իսրայէլի դեսպանը:
«Ուրեմն, Ուալի՛տ պեք, դուն շարունակէ՛ անարգանքներդ, սակայն մենք որոշած ենք այլեւս չպատասխանել անոնց», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան հաստատեց, որ Կիպրոսէն մինչեւ Լիբանանի ծովային սահմաններուն վերաբերող համաձայնագիր մը կայ, որմէ պէտք է զգուշանալ: Զօր. Աուն նաեւ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր համաձայնագիր եւ անոր մէջ կատարուելիք փոփոխութիւն պէտք է ունենայ իր առաւելութիւններն ու դրական կէտերը` Լիբանանի եւ շրջանին համար, յատկապէս նկատի ունենալով քարիւղի բնական հարստութիւնը, որ կ՛օժանդակէ ամբողջ շրջանին բարգաւաճման:
Ազգային երկխօսութեան վերջին նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ որոշուած է յառաջիկայ 24 յուլիսին տեղի ունենալիք նիստին քննարկուելիք օրակարգը:
Քուրայի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն մասին խօսելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք տակաւին չէ որոշած, թէ ո՛ր թեկնածուին պիտի զօրակցի:

