Պըրրի Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան գումարելիք վաղուան նիստին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերու խորհրդարանի լիագումար նիստին օրակարգերը:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին ապահովական կացութիւնը` աւելցնելով, որ ապահովական ամսուան փորձառութիւնը մնայուն կերպով պիտի կրկնուի Լիբանանի մէջ:

Վարչապետը հաստատեց, որ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը եղանակային հարց չէ, այլ` մնայուն է եւ պէտք է բոլորին կողմէ գործադրուի:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանը լիագումար նիստի մը հրաւիրեց յառաջիկայ 2 եւ 3 յուլիսին: Այս առիթով խորհրդարանի դիւանը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահը սուրիական պատկերասփիւռի կայանի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները խոր են` նկատել տալով միաժամանակ, որ Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ տագնապը որոշ ժամանակէ մը ի վեր նիւթուած է` քայքայելու համար Դիմադրութիւնը:

Պէտք է նշել, որ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը խստիւ կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES