«Վանայ Ձայն»` Պատկերասփիւռի Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններու Սենտիքայի Անդամ

Արմէն Ապտալեան

Վերջին ամիսներուն աշխուժ խորհրդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ կատարուեցան, որպէսզի կարելի ըլլայ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու խմբագիրներու, խօսնակներու եւ պաշտօնէութեան յատուկ սենտիքայ մը ստեղծել:

Իբրեւ արդիւնք կատարուած աշխատանքին,երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն` ընտրելու համար նորաստեղծ Պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու խմբագիրներու, խօսնակներու եւ պաշտօնէութեան սենտիքային վարչական անդրանիկ խորհուրդը:

Քուէներուն հաշուարկը ցոյց տուաւ, որ յաղթանակ արձանագրած է ձայնասփիւռի  «Վանայ ձայն», «Նուր», «Մատա», «Պէյրութ» եւ «Սաութ Շաապ» կայաններուն, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռի  «Օ. Թի. Վի.», «Մանար», «Ժատիտ» եւ «Ալ Ալամ» կայաններու անձնակազմերուն զօրակցութիւնը վայելող տասներկու անդամներէ բաղկացած  ցանկը, որուն անդամ է նաեւ «Վանայ ձայն»-ի խմբագրական կազմէն Արմէն Ապտալեան:

Share this Article
CATEGORIES