Նախագահ Սլէյման Այցելեց Պահրէյն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ընկերակցութեամբ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, քանի մը ժամուան այցելութեամբ ուղղուեցաւ Պահրէյն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պահրէյնի Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆէ թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պահրէյնի փոխվարչապետ շէյխ Մոհամետ պըն Մուպարաքը, ինչպէս նաեւ պահրէյնցի շարք մը պատասխանատուներ, որոնք քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, արաբական շրջանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Պահրէյնի մէջ գտնուող լիբանանցիներուն հետ կապուած հարցեր:
Պահրէյնի թագաւորը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ նախագահ Սլէյմանին:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ յաջողցնելու համար Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան


