Հաղորդագրութիւն

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի սեփականատիրոջ Թահսին Խայեաթի յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.

Խստիւ կը դատապարտենք նախանցեալ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը թիրախ դարձուցած ոճրային յարձակումը եւ կը պահանջենք դատական իշխանութիւններէն եւ ազգային ապահովական կառոյցներէն վերջ դնել լրագրութեան ազատութեան դէմ գործուող յարձակումներուն:

Միւս կողմէ, կ՛ողջունենք «Ժատիտ» կայանի ազգային, պատուաբեր կեցուածքները եւ լրագրական անոր ոճը, որ մնայուն կերպով առարկայական եղած է, ճշգրիտ եւ արդար դատերու ու իրաւունքի պաշտպան: Կը մաղթենք, որ նման ճնշումներ չազդեն այս յառաջապահ տեղեկատուական հաստատութեան գործունէութեան ու լրագրական երթին վրայ»:

Յարգանօք`
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Share this Article
CATEGORIES