Հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ հետեւեալ դատապարտագիր-հաղորդագրութիւնը յղեց Ժատիտ պատկերասփիւռի կայանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին` նախանցեալ օր կայանին դէմ գործուած յարձակումին առիթով.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ կայանին ու Լիբանանի մէջ ազատ լրատուութեան:
Կը մաղթենք, որ Աստուած յաջողութիւն պարգեւէ «Ժատիտ»-ի անձնակազմին` շարունակելու իր լրագրական առաքելութիւնը, որ կը ծառայէ իրաւունքի պահպանումին, ինչպէս նաեւ արդար դատերու եւ ազատութեան պաշտպանութեան:
Մենք նաեւ մեր վստահութիւնը կ՛ուզենք յայտնել Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն եւ երկրին ազգային ապահովական կառոյցներուն: Կը մաղթենք, որ այս միջադէպին մասին հետաքննութիւնը շուտով աւարտի եւ անոր դրդապատճառները բացայայտուին, որպէսզի արդարութիւն հաստատուի եւ Լիբանանը շարունակէ մնալ ազատ կարծիքի եւ ժողովրդավարութեան փարոսը:
Յարգանօք`
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

