Եուրօ-2012. «Եթէ Դարձեալ Մեր Դէմ Ունենանք Գերմանիան, Կրնանք Յաղթանակ Արձանագրել» Կ՛ըսէ Ռիքարտօ Քոսթա

Ռիքարտօ Քոսթա

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ռիքարտօ Քոսթա լրագրողներուն հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եթէ պատահի, որ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան դարձեալ մեր դէմ ունենանք Գերմանիան, այս անգամ անկասկած կրնանք յաղթանակ արձանագրել:

«Մենք եւ Գերմանիա այժմ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի կիսաւարտականին յաղթանակ արձանագրելով ապահովենք աւարտականի մեր տոմսը: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, կը կարծեմ եւ յոյսով եմ, որ կրնանք յաղթել իրենց, որովհետեւ այժմու Փորթուգալը բաւական տարբեր է, քան ինչ որ էր մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն: Սակայն այս խօսքը կ՛իյնայ ենթադրութիւններու ծիրին մէջ` նկատի ունենալով, որ չենք գիտեր, թէ՛ մենք եւ թէ՛ իրենք, որ արդեօք պիտի հասնի՞նք աւարտական: Մեր մրցակիցն է տիտղոսակիր Սպանիա, իսկ իրենցը` Իտալիա: Այժմ պիտի կեդրոնանանք Սպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որմէ ետք` աւարտական մրցումին վրայ», ըսաւ Քոսթա:

 

Share this Article
CATEGORIES