Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Անուան 5-րդ Յուշամրցաշարք. Դաւիթ Յարութիւնեան Տիրացաւ Տիտղոսին
Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 5-րդ միջազգային յուշամրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Ջերմուկի մէջ, աւարտեցաւ վրացահայ Դաւիթ Յարութիւնեանի յաղթանակով. ան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին: Յարութիւնեան մէկ կէտի առաւելութեամբ գերազանցեց իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցները:
Այս յուշամրցաշարքին, որուն տրամադրուած ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէր 18,500 ամերիկեան տոլար, մասնակցեցան 57 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 13-ը` կրանտմասթըրներ:
Ինչպէս ծանօթ է, 2008-ին իր 28 տարեկան հասակին մահացաւ Կարէն Ասրեան: 2006-ին ճատրակի ողիմպիականի ախոյեան հանդիսացած Ասրեան պարգեւատրուած էր Մովսէս Խորենացի մետալով: ՖԻՏԷ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ ունենալով 2634 կէտ, ան կը նկատուէր Հայաստանի ճատրակի չորրորդ լաւագոյն վարպետը:
Յարգելու համար անոր յիշատակը, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը անոր մահէն ետք իւրաքանչիւր տարի կը կազմակերպէ անոր անուան յատուկ այս յուշամրցաշարքը:

