Եուրօ-2012. Քասիաս Պիտի Յաջողի՞ Արձանագրել Իր 100-րդ Յաղթանակը Սպանիոյ Հետ

Իքեր Քասիաս

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ եւ խմբապետ Իքեր Քասիաս այսօր կրնայ հանդիսանալ առաջին մարզիկը, որ կ՛արձանագրէ իր 100-րդ միջազգային յաղթանակը, անշուշտ եթէ անոր կազմը Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքի կիսաւարտականին յաջողի պարտութեան մատնել Փորթուգալը:

Ռէալ Մատրիտի բերդապահը, որ այսօր իր 136-րդ միջազգային մրցումը պիտի կատարէ Սպանիոյ հետ, այդ իրագործումը կատարելու համար պիտի փորձէ իր բերդը անառիկ պահել Ռէալ Մատրիտի իր խմբակիցին` խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ անոր խմբակիցներուն կազմակերպած յարձակումներէն:

Նշենք, որ 31 տարեկան Քասիաս Սպանիոյ մէջ ճանչցուած է «Ս. Իքեր» կեղծանունով` շնորհիւ իր հրաշագործ ազատումներուն:

Share this Article
CATEGORIES