Եուրօ-2012. Այսօր` Փորթուգալ – Սպանիա
Երկու օրուան հանգիստէ մը ետք, այսօր կը վերսկսի Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը… երբ տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի առաջին մրցումը` Փորթուգալի եւ Սպանիոյ միջեւ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին, տեղի պիտի ունենայ Տոնեցքի մէջ (Ուքրանիա) գտնուող Տոնպաս Արենա դաշտին մէջ:
Նշենք, որ վաղը կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Գերմանիա եւ Իտալիա:
Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ այս մրցումին իրաւարար նշանակուած է Կիւնէյթ Չաքըր (Թուրքիա):
Յետադարձ անկարկ մը նետելով նշենք, որ երկու կազմերը իրարու դէմ յանդիման եկած են 34 անգամ: Վերջին 54 տարիներուն Սպանիա միայն երկու անգամ յաղթած է Փորթուգալի` արձանագրելով 6 հաւասարութիւն եւ կրելով 4 պարտութիւն: Սակայն Սպանիա արձանագրած է աւելի յաղթանակ (16), քան` Փորթուգալ (6): Փորթուգալ իր վեց յաղթանակներն ալ արձանագրած է իր դաշտին վրայ:
Եթէ Սպանիա յաջողի յաղթել, Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն մրցանիշ մը պիտի հաստատէ` յաջորդաբար 11-րդ մրցումն ըլլալով մնալով անպարտելի:
Անիկա իր վերջին պարտութիւնը կրած է Եուրօ 2004-ին` նոյնինքն Փորթուգալէն (1-0):



