Չորս Հայեր Մասնակցեցան Պիքֆայայի 7 Քմ Վազքի Մրցումին

Կազմակերպութեամբ Ինթըր Լեպանոն ակումբին, եւ գործակցութեամբ Ամալ Սփոր ակումբին (Պիքֆայա), նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի 7 քմ վազքի մրցումը: Անիկա տեղի կ՛ունենայ 5-րդ անգամ ըլլալով:

Տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց տարբեր դասակարգերու մրցումներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծամասնութեամբ լիբանանցիներ:

Նշենք, որ վազեցին նաեւ պահրէյնցի, ամերիկացի, սուրիացի, պաղեստինցի, ֆրանսացի եւ անգլիացի վազողներ:

Վազքի այս մրցումին մասնակցեցան նաեւ չորս հայեր, որոնք արձանագրեցին բաւական լաւ արդիւնքներ:

Տղոց 50-54 տարեկան դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ-էն Մանուկ Թելֆայեան հանդիսացաւ երրորդ` արձանագրելով 34″ 23 արդիւնք մը: Էմանուէլ Իզմիրլեան (60-64 տարեկան) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 31″ 32 արդիւնք մը: Պարպարա Աղաճանեան աղջկանց մրցումներուն (55-59 տարեկան) 41″ 50 արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ առաջին:

Վերջապէս, աղջկանց 20-39 տարեկան դասակարգին մէջ Քարոլ Պոյաճեան հանդիսացաւ 6-րդ (35″ 15):

Share this Article
CATEGORIES