Գաղութէ-Գաղութ

Սպանիա

Պետական Խորհրդանշաններու Օր

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանշաններու օրուան առիթով, կազմակերպութեամբ Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան, կիրակի, 24 յունիս 2012-ին, քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Պարսելոնայի մէջ գտնուող Մոնթսենյի լերան վրայ: Այս լեռը Պարսելոնայի բարձրագոյն գագաթն է: Կիրակի առաւօտեան Պարսելոնա հաստատուած 15 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ կազմուած խումբը շարժեցաւ դէպի Սանթա Ֆէ եւ հաւաքական նախաճաշ ընելէ ետք սկսաւ նախատեսուած քայլարշաւին: 2 ժամ քալելէ ետք խումբը հասաւ 1712 մեթր բարձրութիւն ունեցող Թուրօ տէ լ՛հոմէ  գագաթը: Որոշ ժամանակ հանգստանալէ ետք տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` այս նիւթին նուիրուած:

Բացատրուեցաւ Հայաստանի պետական խորհրդանիշներուն իմաստը, ներկայացուեցաւ պատմական ակնարկն ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդանիշներուն հետ ունեցած կապը. ապա կարդացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի եւ զինանշանի մասին 15 յունիս 2006 թուականին ընդունուած օրէնքը: Որոշ դադարէ ետք խումբը վերադարձաւ Սանթա Ֆէ, ուր տեղի ունեցան հաւաքական ճաշ ու խաղեր:

Նախապէս հրապարակուած եւ ուղարկուած յայտարարութեան համաձայն, արշաւին մասնակցող երիտասարդները իրենց հետ բերած էին եռագոյն դրօշակներ կամ Հայաստանի դրօշակի գոյներով յատուկ թի-շըրթներ հագած էին:

 

Թեհրան

Տոքթ. Կարէն Խանլարեանին Հանդիպումը

20 յունիսին Թեհրանի Զէյթուն քաղաքամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իսլամական խորհրդարանի հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան տոքթ. Կարէն Խանլարեանին յետընտրական առաջին հանդիպումը` նոյն քաղաքամասի հայ բնակչութեան հետ:

Տոքթ. Կարէն Խանլարեան իր ելոյթին մէջ յոյս յայտնեց, որ իր գործունէութեամբ պիտի կարենայ արդարացնել ժողովուրդին տուած վստահութեան քուէն, ապա հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց խորհրդարանի 9-րդ նստաշրջանի բացման արարողութեան եւ ցարդ իր կատարած աշխատանքներուն մասին: Ան նաեւ յայտնեց, որ ըստ երկրի Դատական ուժին, կը ծրագրուի Թեհրանի մէջ կեանքի կոչել կրօնական փոքրամասնութիւններու տարակարծութիւններու լուծման խորհուրդ:

Այնուհետեւ ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

19 յունիսին Թեհրանի Սասուն քաղաքամասի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ «Շաղուլեան» սրահին մէջ տոքթ. Կարէն Խանլարեան յետընտրական առաջին հանդիպումը ունեցաւ նոյն քաղաքամասի ժողովուրդին հետ:

Հանդիպման բացումը կատարեց Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետ Խեչում Խեչումեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխանին իր այցելութեան համար:

Այնուհետեւ տոքթ. Կարէն Խանլարեան անդրադարձաւ ցարդ կատարած իր աշխատանքներուն` նշելով, որ ինք մաս պիտի կազմէ խորհրդարանի կրթութեան ու հետազօտութեան յանձնախումբին, որովհետեւ իր նախասիրութիւնն է, նաեւ համայնքին հարցերը մեծապէս առնչուած են կրթական ոլորտին:

Աւարտին ներկաները  հարցումներ ուղղեցին երեսփոխանին:

 

Սուրիա

Հայ Գիրքի Տարուան Եւ Մանուկներու
Իրաւունքներու
Պաշտպանման
Համաշխարհային
Օրուան Նուիրուած
Հանդիսութիւն

Նախաձեռնութեամբ Քեսապի «Ս. Աստուածածին» կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին, 1 յունիսին «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի տարուան եւ Մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանման համաշխարհային օրուան նուիրուած հանդիսութիւն:

Դպրոցի տեսչուհի Սոնիա Քորթմոսեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ մանուկին փոքր հասակէն տրուած դաստիարակութեան ու կրթութեան կարեւորութեան: Ան նշեց նաեւ, որ մանուկները պէտք ունին յարատեւ գուրգուրանքի ու քաջալերանքի, ուստի Կիրակնօրեայ դպրոցը իր աշխատանքը կեդրոնացուցած է այդ նպատակին ծառայելու համար եւ կը ջանայ առողջ դաստիարակութիւն ջամբել մանուկներուն, աստուածահաճ միջավայրի մը մէջ:

Օրուան առաջին բանախօս Սիլվի Աբէլեան-Ճղլեան ներկայացուց «Մանուկներուն իրաւունքները կը ճանչնա՞ս» նիւթը:

Ան նախ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին` անդրադառնալով օրուան պատմականին եւ շեշտելով, որ մանուկներուն իրաւունքները պաշտպանելով` երաշխաւորած կ՛ըլլանք հասարակութեան ապագան: Ապա խօսեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան յատկացուած յօդուածին կարեւորագոյն կէտերուն շուրջ։ Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Օրուան երկրորդ բանախօս Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան ներկայացուց «Աստուածաշունչի գիրքերը եւ մենք» նիւթը` շեշտը դնելով Աստուածաշունչի կարեւորութեան վրայ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ:

 

Քուէյթ

Գեղարուեստական Երեկոյ

31 մայիսին  Քուէյթի անգլիական Քեմպրիճ դպրոցի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Քուէյթի մասնաճիւղի կազմակերպած գեղարուեստական երեկոն:

Մասնաճիւղին անունով Էլիզապէթ Թոգմաքճեան անդրադարձաւ ՀՕՄ -ի գործունէութեան, նպատակներուն եւ մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կամաւոր ծառայութեան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որ կը բովանդակէր երգ, պար, թատրոն, ասմունք:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Շահէ եպս. Փանոսեանին խօսքով:

 

Փարիզ

«Սիփան–Կոմիտաս» Երգչախումբի Ելոյթը

25 մայիսին Փարիզի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ  ելոյթ  ունեցաւ «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Հայկ Սարգիսեանի:

Երեկոյթին բացումը կատարեց երգչախումբի նախագահ Գաբրիէլ Քեփեքլեան, որ հակիրճ պատմականը կատարեց «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբին:

Յայտագիրը կը բովանդակէր հոգեւոր եւ դասական երաժշտութենէ կտորներ` Կոմիտասէն, Առնօ Բաբաճանեանէն,Բարսեղ Կանաչեանէն,  եւայլն:

Դեսպան Ճիտեճեանին Այցելութիւնը
Ֆրանսայի
Ռոն–Ալփ Շրջան

15-16 յունիսին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Ճիտեճեան այցելեց Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ շրջանը:

Ան հանդիպումներ ունեցաւ Շրջանային խորհուրդի նախագահին, Լիոնի փոխքաղաքապետին, Վիլէօրպանի եւ Տեսինի քաղաքապետներուն, տեղի երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ռոն-Ալփի շրջանային խորհուրդի նախագահ Ժան-Ժաք Քէյրանի հետ քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ռոն-Ալփ շրջանին միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան շրջագիծին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն արդիւնքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները:

Վիլէօրպանի քաղաքապետ Ժան-Փոլ Պրեթի եւ Տեսինի քաղաքապետ Ժերոմ Սթիւլայի հետ Հայաստանի դեսպանը քննարկեց Վիլէօրպան-Աբովեան եւ Տեսին-Ստեփանաւան քաղաքներու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն միջեւ իրականացուող համագործակցութեան հարցերը:

Հայ համայնքային կառոյցներուն  ղեկավարներուն եւ Լիոնի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ Վիգէն Ճիտեճեանի այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Մեծ եղեռնի նահատակներուն:

Նոյն օրը դեսպանը առանձին հանդիպումներ ունեցաւ տեղի հայկական կառոյցներու ղեկավարներու հետ` քննարկելու Հայաստանի հետ իրականացուող ծրագիրները:

16 յունիսին Հայաստանի դեսպանը ներկայ գտնուեցաւ Լիոնի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան, որուն յաջորդեց Հայաստանի մէջ գրատպութեան 500-ամեակի եւ «Երեւանը` գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ձեռնարկներու ծիրին մէջ կազմակերպուած Արցախին նուիրուած գիտաժողով: Բանախօսութիւններով հանդէս եկան շարք մը պատմաբաններ եւ արուեստի պատմութեան մասնագէտներ, որոնք ներկայացուցին Արցախի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի ճարտարապետութեան, մանրանկարչութեան, խաչքարերու եւ գորգարուեստի նմուշներուն: Ելոյթ ունեցան նաեւ Լիոնի քաղաքապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը:

 

Հոլանտա

Ցուցահանդէս` Նուիրուած Հայ Գրատպութեան
500-
ամեայ Յոբելեանին

Կազմակերպութեամբ Ամսթերտամի համալսարանի Ժառանգութեան հաւաքածոներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, համագործակցութեամբ Հոլանտայի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 12 յունիսին, Ամսթերտամի համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ գիրքի սփիւռքը, 1512-2012թթ» ցուցահանդէսի բացում` նուիրուած հայ գրատպութեան 500-ամեայ յոբելեանին:

Ամսթերտամի համալսարանի Ժառանգութեան հաւաքածոներու տնօրէն Սթեֆ Սխոլթեն ներկայացուց ցուցահանդէսի կազմակերպման գաղափարի իրականացման ուղին ու անոր կարեւորութիւնը: Այնուհետեւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան, լեզուի ձեւաւորման ու հայ մշակոյթին համար անոր կարեւորութեան մասին անդրադարձաւ Օքսֆորտի համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի պատասխանատու, բանասիրական գիտութիւններու մասնագէտ փրոֆ. Թեովան Լինթ:

Ելոյթ ունեցան նաեւ Ամսթերտամի համալսարանի գործադիր խորհուրդի նախագահ, տոքթ. փրոֆ. Լուիզ Խունինկ-Սխեփերս, Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն Եափ Վեռներ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զաքարեան: Վեռներ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ձեռնարկի կարեւորութեան հայ-հոլանտական յարաբերութիւններու մէջ: Զաքարեան թուարկեց Ամսթերտամի հայ գրատպութեան հիմնական ձեռքբերումները:

 

Իտալիա

Հայաստանի Եւ Իտալիոյ Միջեւ
Դիւանագիտական
Յարաբերութիւններու
20-
Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Պեզարոյի քաղաքապետարանին,  հովանաւորութեամբ «Ռենկօ» ընկերութեան և Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան,  9 յունիսին Իտալիոյ Պեզարօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Որոնելով դրախտը»  հայ ժամանակակից նկարիչներու և քանդակագործներու աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում նուիրուած  Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ  դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին:

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան խօսք առնելով` շեշտեց հայկական արուեստը ներկայացնող ձեռնարկներու կազմակերպումը յատկապէս Իտալիոյ նման հարուստ մշակոյթ ունեցող երկրի մը մէջ:

Իր կարգին, Պեզարոյի քաղաքապետ Լուկա Չերիշոլի հաստատեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել հայկական արուեստի ցուցահանդէսը աւելցնելով, որ ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն պիտի գտնէ, որովհետեւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ծանօթանալու հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ վերաիմաստաւորելու Հայաստանի ու Իտալիոյ միջեւ յարաբերութիւնները:

Նշենք, որ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան առանձին հանդիպում  ունեցաւ Պեզարոյի քաղաքապետին հետ, որուն ընթացքին երկու կողմերը համաձայնեցան «Ռենկօ» ընկերութեան նախագահութեամբ ստեղծել հայ-իտալական առեւտրական պալատ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մասնակցութիւնը  2013 թուականին Պեզարոյի մէջ կազմակերպուող Ռոսինիի անուան օփերայի փառատօնին:

Հանդիպումի աւարտին Պեզարոյի քաղաքապետը ընդունեց Հայաստանի դեսպանի`  Հայաստան այցելելու հրաւէրը:

 

Չինաստան

Շարլ Ազնաւուրի Հանդիպումը
Շանկհայաբնակ
Հայութեան Հետ

18 յունիսին Շանկհայի մէջ տեղի ունեցաւ մեծ միջազգային ճանաչում ունեցող կալա-համերգ, որուն մասնակցելու նպատակով Չինաստան հրաւիրուած էր Շարլ Ազնաւուրը:

19 յունիսին Չինաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ Ազնաւուրին հանդիպումը շանկհայաբնակ հայութեան հետ: Դեսպան Արմէն Սարգսեան զինք ներկայացուց հաւաքին մասնակցող 20 երիտասարդ հայերու, որոնք հարցումներ ուղեցին իրեն:

Իր կարգին, Շարլ Ազնաւուր խօսեցաւ Հայաստանի, հայապահպանման հարցերու մասին` շեշտելով երիտասարդութեան դերը երկրի գոյութեան եւ զարգացման գործին մէջ:

 

Ռուսիա

Խաչքարի Տեղադրման Արարողութիւն

13 յունիսին Մոսկուայի նորակառոյց վանական համալիրի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ1992-ին Արցախի Շահումեանի շրջանի ողբերգական իրադարձութիւններուն նուիրուած խաչքարի տեղադրման արարողութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Օլեկ Եսայեան ելոյթ ունենալով` ընդգծեց, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր հայու պարտքն է առաւելագոյնս գործել Շահումեանի մէջ ազրպէյճանցիներու գործած վայրագութիւններու քաղաքական եւ բարոյական իրական գնահատականին հասնելու, ինչպէս նաեւ` արդարութեան վերականգնման նպատակով:

Ռուսիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ալպերթ Անդրեան, իր խօսքին մէջ անդրադառնալով հիւսիսային Արցախի 1991-93 թուականներու ողբերգական իրադարձութիւններուն` նշեց, որ կատարուածը դատապարտուած չէ միջազգային հանրութեան կողմէ, եւ այս մէկը չ՛արտօներ շահումեանցիներուն վերադառնալու իրենց հայրենի բնակավայրերը:

 

Վիեննա

Գեղանկարչական Ցուցահանդէսներ

19 յունիսին Աւստրիոյ կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող գեղանկարչական ցուցասրահին մէջ, «Արթիսթ ին ռեզիտընս» ծրագրի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան չորս գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը: Յայտնենք, որ Հայաստանէն երիտասարդ արուեսագէտ Մերի Մուն (Ամիրխանեան) ներկայացուց իր «ուրպանիստական» նկարչական նախագիծը` Վիեննայի քաղաքային տեսապատկերներով:

Բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ Աւստրիոյ կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան արուեստագէտներու փոխանակման ծրագիրներու ղեկավար Նորպերթ Ռիտլ:

Նոյն օրը Վիեննայի 18-րդ թաղամասին մէջ գտնուող «Քուլթուրքրայս Վին» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանցի արուեստագէտ Արթուր Կարապետեանի գեղանկարչական գործերուն անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Նախաձեռնութեան հովանաւորն էր Վիեննայի Առաջին թաղամասի Շրջանային խորհուրդի մշակոյթի հարցերով խորհրդական Կիւնթեր Ուլֆկանկ Վախթլ: Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը, որ իր ներդրումը կը բերէ երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային կապերու ընդլայնման եւ ժողովուրդներու փոխադարձ ճանաչողութեան գործին:

 

Ժընեւ

Բարեգործական Համերգ

Կազմակերպութեամբ Ժընեւի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Պարէնի համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Ժընեւի զարգացման ու համագործակցութեան գործակալութեան, 13 յունիսին Ժընեւի «Վիքթորիա  Հալլ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակահար Սերգէյ Բաբայեանի բարեգործական համերգը: Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ Պարէնի համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող ծրագրին` դպրոցներու մէջ աշակերտներուն անվճար սնունդի ապահովման նպատակով:

Բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ Ժընեւի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Պարէնի համաշխարհային կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Ժընեւի զարգացման ու համագործակցութեան գործակալութեան ղեկավարները:

 

Միացեալ Նահանգներ

Հայաստանի Հանրապետութեան
Հիւպատոսի
Դասախօսութիւնը
Արիզոնայի
Պետական Համալսարանին Մէջ

11 յունիսին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան այցելեց Արիզոնայի պետական համալսարանի ռուսերէնի, եւրասիական եւ արեւելաեւրոպական լեզուներու հետազօտութիւններու «Մելիքեան կեդրոն», ուր հանդիպում ունեցաւ ուսանողութեան եւ դասախօսական կազմին հետ:

Կեդրոնին ուսանողները ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսի` հայկական սփիւռքի ձեւաւորման պատմութեան ու ներկայ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերող դասախօսութեան: Պատասխանելով ներկաներուն հարցումներուն` Գրիգոր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին Հայաստան կատարած այցելութեան եւ այդ օրերուն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ ազրպէյճանական կողմին հրահրած գործողութիւններուն: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ընթացիկ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցերու մասին:

Գրիգոր Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ հայոց լեզու ուսումնասիրող ուսանողներուն հետ, որոնք յառաջիկային երկու շաբաթով պիտի այցելեն Հայաստան:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES