«Հ. Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Բացում
Երկուշաբթի, 25 յունիս 2012-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ համախմբուեցան աւելի քան 150 մանուկներ` կատարելու «Ամառնային դպրոց»-ին բացումը:
Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012-ը հռչակած է «Հայ գիրքի տարի», հաստատութեան տնօրէնութիւնը իր կարգին յարմար նկատեց այս տարուան ամառնային աշխատանքներուն կեդրոնական նիւթը ընտրել հայ գիրքը:
Բացումին ներկայ էին ծնողներ, ծրագիրի պատասխանատու մարմինները, ուսուցիչներն ու օգնականները, կամաւոր ծառայողները եւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան, որ վեր առաւ հաստատութեան տարած մարդասիրական աշխատանքները, յատկապէս` մանուկներու նկատմամբ ունեցած իր լայն ծառայութիւնները:
Ապա բեմ հրաւիրեց Սերոբ Օհանեանը, որ իր կարգին շեշտը դրաւ մանուկներու իրաւունքներուն վրայ: Ան ըսաւ. «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը բոլորիս տունն է, յատկապէս` հայ մանուկներուն: Մենք պիտի փորձենք եւ աշխատինք ձեզի համար, որովհետեւ մանուկին իրաւունքն է ունենալ խաղաղ ամառ, լեցուն` դաստիարակչական խաղերով: Այսօր ուրախ ենք, որ մեր հաստատութենէն ներս կ՛ընդունինք 165 մանուկներ եւ 25 կամաւորներ` տարբեր մասնագիտութիւններով, ինչպէս` մանկավարժ, հոգեբան, ընկերային ծառայող, խմբավար, լեզուներու, թուաբանութեան, մարզանքի եւ արուեստի մասնագէտ ուսուցիչներ ինչպէս նաեւ` յատուկ այս ծրագրին համար Ամերիկայէն ժամանած անգլերէնի դասատուներ»:
Խօսքի աւարտին, ի նշան մանուկներու անմեղութեան, թռցուցին գունաւոր փուչիկներ, ապա «Ուրախ տարեդարձ» խումբի կերպարները միանալով մանուկներուն, հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

