Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Հայրերու Օրուան Ճաշկերոյթը
Կիրակի, 17 յունիսի կէսօրին, Պիքֆայայի «Այն Տըլըպ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ քոլեճին խնամակալութեան:
Իրենց ներկայութեամբ ճաշկերոյթը պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան եւ կինը, Քաղաքական ժողովի անդամներ, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչը, Պուրճ Համուտի ներկայ եւ նախկին քաղաքապետներ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ Ցոլակ Թիւթէլեան, Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեան, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւններու ատենապետներ, բազմաթիւ հիւրեր եւ քոլեճի բարեկամներ, ընդամէնը` 225 ներկաներ:
Ճաշկերոյթին բացումը կատարեց եւ ներկաներուն հաճելի պահեր մաղթեց քոլեճի խնամակալութեան անդամ Տիգրան Գալուստեան: Ան ըսաւ, որ յունիսի երրորդ կիրակին Հայրերու օրուան զուգադիպելով` ճաշկերոյթը նուիրուած է հայրերուն: Գալուստեան շնորհաւորեց ներկայ հայրերը եւ յաջողութեամբ լեցուն օրեր ցանկաց անոնց:
Գեղարուեստական յայտագրի առաջին մասով ելոյթ ունեցաւ աճպարար Տենի, որ ճարպիկ հնարքներով ուրախացուց փոքրերը եւ զուարճացուց մեծերը: Ապա երգերով հանդէս եկան քոլեճի աշակերտներ` Լուսին Տեմիրճեան, Սարին Ասմինեան եւ Նժդեհ-Արցախ Պոտրումեան:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան վաճառք: Բախտաւորները շահեցան արժէքաւոր նուէրներ:
Ճաշկերոյթին խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ Հայրերու օրուան իմաստն ու խորհուրդը փոխանցելով` ըսաւ, որ հայրութիւն ընել` կը նշանակէ տիրութիւն ընել: Տնօրէնը, իր կարգին, շնորհաւորեց ներկայ հայրերը, ծնողներ ըլլան անոնք թէ քոլեճին նիւթապէս ու բարոյապէս տիրութիւն ընող անձեր ու մարմիններ: Այս առիթով ան հրամցուց անակնկալ մը, երբ յայտարարեց, որ տնօրէնութիւնը որոշած է պատուել 20 տարուան ծառայութիւն ունեցած երախտաշատ երկու խնամակալներ` Պօղոս Նիկոլեան եւ Լեւոն Ջննոզեան, որոնք քոլեճին ճամբով ծառայութեան մեծ վաստակ ունին հայ դպրոցին, դպրութեան եւ նորահաս սերունդներու կազմաւորման աշխատանքին: Տնօրէն Վիգէն Աւագեան առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ երկու խնամակալները պատուեց յատուկ յուշանուէրներով:
Ապա խօսք առաւ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան շնորհաւորեց մեծարեալ խնամակալները եւ գնահատեց տարիներու անոնց վաստակը: Առաջնորդը նշեց, որ հայ դպրոցը կանգուն կը մնայ իր շուրջ բոլորուած ազգայիններով, որոնց նիւթաբարոյական նեցուկը կ՛ապահովէ անոր շարունակականութիւնը եւ յաջողութիւնը:
Հայ դպրոցին կատարուած օժանդակութիւնը նորահաս սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան օժանդակութիւն է, շեշտեց առաջնորդը եւ կոչ ուղղեց անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերելու Պուրճ Համուտի սրտին մէջ գտնուող Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին, որ հայկականութեան վառ օճախ մըն է եւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան իսկական դարբնոց մը:
Առաջնորդին գօտեպնդիչ խօսքէն ետք ճաշկերոյթին մթնոլորտը աւելի եւս խանդավառուեցաւ` քոլեճին կարիքաւոր սաներուն ի նպաստ կատարուած նուիրատուութիւններով:

