Քուէյթի Մէջ Խորհրդարանի Լուծարման Դէմ Բողոքի Ցոյց
Հազարաւոր քուէյթցիներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին ընդդէմ դատական այն վճիռին, որ լուծարեց ներկայ խորհրդարանը, որուն մէջ իսլամականները մեծամասնութիւն էին, եւ վերստին կեանքի կոչեց նախկին խորհրդարանը:
Ցուցարարները հաւաքուեցան քուէյթեան խորհրդարանին դիմաց գտնուող Իրատա հրապարակին վրայ` բացագանչելով «Պիտի չյուսահատինք»: Լուծարեալ խորհրդարանի անդամ երեսփոխանները քննադատեցին իշխանութիւնը եւ անոր քայլը սահմանադրութեան դէմ յեղաշրջում նկատելով կոչ ուղղեցին բողոքի ցոյցեր կատարելու:
Քուէյթեան լուծարեալ խորհրդարանի սալաֆական անդամ Ատել Տամխի յայտնեց, որ «խորհրդարանը յարձակումի կ՛ենթարկուի, որովհետեւ կառավարութեան վերահսկողութենէն դուրս եկաւ»: Ան աւելցուց, որ «երեսփոխանները միայն ժողովուրդին կողմէ ընտրուած կառավարութիւն մը կրնան ընդունիլ»:
CATEGORIES Միջազգային

