Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Մանսուր նշեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին լուծման հարցով իրենք մնայուն կապի մէջ են թրքական կողմին հետ` աւելցնելով, որ այդ հարցը համբերութեամբ կը լուծուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալի կոչ ուղղեց ամրապնդելու Լիբանանի ներքին ապահովական կայունութիւնը եւ կանխարգիլելու զայն ներսէն պայթեցնելու դաւադրութիւններուն գործադրութիւնը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրենց հանդիպումին ընթացքին շեշտեցին կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը վաւերացնելու եւ պետական նշանակումները կատարելու առումով:

ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը այսօր կառավարութեան նիստին ընթացքին ճնշում պիտի բանեցնեն կառավարութեան վրայ` գործադրութեան դնելու համար ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերուն համաձայնութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը հանդարտ եւ կայուն պահելու միակ լուծումը Ազգային երկխօսութեան նիստի գումարումն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի Զահլէ կատարելիք այցելութիւնը ընտրական բնոյթ չունի, այլ` կուսակցական:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար կոչ ուղղեց կատարելու տնտեսական բնոյթի երկխօսութիւն մը` մշակելու համար երկրին տնտեսական ռազմավարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի լիբանանեան իշխանութեան պետերուն եւ պետական պաշտօնատարներուն կատարած այցելութիւններուն նպատակն է հաստատել Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը` Սուրիոյ նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 700 լ. ոսկիով, իսկ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 600 լ. ոսկիով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի դատաւոր Նորմըն Ֆերրըլ յայտնեց, որ ատեանը ստացած է այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն, թէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած չորս յանցագործները ողջ առողջ են:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն որեւէ մարզի մէջ աշխատելու առիթ շնորհելու օրէնք մը մշակելը անկարելի է: Անդրադառնալով ապահովական ամիս մը յայտարարելու նախաձեռնութեան` Ժրայսաթի շեշտեց, որ երկրին վկայած ապահովական միջադէպերուն լոյսին տակ, անհրաժեշտ է ամէն օր վերածել ապահովական օրուան:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ղեկավար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Իսրայէլ մաս կը կազմէ Սուրիոյ դէմ գործուող դաւադրութեան, որ կը գործադրուի սէուտական եւ քաթարեան միջոցներով:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան բանակին հզօրացումը` աւելցնելով, որ որեւէ հարցով բանակը պէտք չէ մեղադրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան տագնապը շրջանցած է բոլոր սահմանները` նկատել տալով միաժամանակ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը երկիրը կը մղէ դէպի անէացում:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շնորհաւորեց Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսին` յայտնելով, որ անոր ընտրութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ արաբական աշխարհին մէջ դրական փոփոխութիւններ կատարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումէն ետք բացայայտուած է նաեւ այլ ծրագիր մը, որուն նպատակն էր հրկիզել «Ախպար Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ ընդգծեց Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը շարունակելու կարեւորութիւնը` յանգելու համար հասարակ յայտարարներու:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ արձանագրուած քաղաքական երկփեղկումը անբնական է եւ երկիրը դէպի մութ փապուղի կ՛առաջնորդէ:

ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր յայտնեց, որ իր ընդվզումը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ երկրին մէջ քաղաքական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատուի:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի սկիզբը յայտարարեց հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժներուն եւ պասերուն մէջ ծխելը արգիլելու արշաւին` նշելով, որ ինքնաշարժներուն կամ պասերուն մէջ ծխող ոեւէ անհատ օրինազանցութիւն գործած կ՛ըլլայ եւ հետեւաբար 135 հազար լ. ոսկիի տուրք պիտի վճարէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ Դիմադրութեան զէնքը անհրաժեշտութիւն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES