Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլիօ Թերցի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Թերցի յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է շեշտել Իտալիոյ յանձնառութիւնը` Լիբանանի վիճակը կայուն եւ ապահով պահելու իմաստով, յատկապէս նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները:
Ան դրուատեց նաեւ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ Ազգային երկխօսութեան վերսկսելու նախաձեռնութիւնը:
Թերցի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան Արեւելքի մէջ հիմնական տարր է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զայն կայուն պահել:
Իտալիոյ դիւանագիտութեան պետը այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական ջոկատին կեդրոնը, ուրկէ ան հաստատեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր միօրեայ այցելութիւնը, Թերցի մեկնեցաւ Պէյրութէն:


