Ռայի Պատրիարքը Հովուապետական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Թուրքիա

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թուրքիա:

Ռայի պատրիարքը առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Մերսին, ուր ժամանակին մարոնիներ ապրած են:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Տարսոն   ` Պօղոս առաքեալի ծննդավայրը, ուր ան շեշտեց, թէ Անտիոքը եղած է առաջին հայրապետական աթոռը, զոր հիմնած է Պետրոս առաքեալ: Ան նշեց, որ մարոնի պատրիարքը այդ պատճառով իր անունին մէջ կը կրէ Պետրոս առաքեալին անունը:

Ռայի պատրիարքը այցելեց Պօղոս առաքեալի տունը, ինչպէս նաեւ պատարագ մատուցեց Տարսոնի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ:

Ռայի պատրիարքը պիտի այցելէ նաեւ Ատանա ու Ալեքսանտրէթ եւ յառաջիկայ շաբաթ օր պիտի վերադառնայ Լիբանան:

 

Share this Article
CATEGORIES