«Լիբանանցիներուն Միջեւ Երկխօսութեան Գոյութիւնը Շատ Աւելի Լաւ Է, Քան Գժտութիւնը» Շեշտեց Փ. Մանճեան
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան գոյութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան անոնց միջեւ գժտութիւնը:
Անդրադառնալով երկրին ապահովական կացութեան` նախարար Մանճեան շեշտեց, որ երկրին յարանուանական եւ համայնքային իրավիճակը այնքան լարուած է, որ ոմանք առիթ կ՛ունենան պղտոր ջուրերուն մէջ ձուկ որսալու:
«Անշուշտ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար ոստիկան մը կամ զինուոր մը կարելի չէ տրամադրել, սակայն ներքին գործոց նախարարը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պարտադրել կարենալու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտած է, որ ՀՅԴ-ն պէտք է մասնակից դառնայ ընտրական որեւէ օրէնքի մշակումին, այլապէս` ան ինքզինք յանձնառու պիտի չնկատէ եւ համաձայն պիտի չգտնուի որեւէ օրէնքի շուրջ, նախարար Փանոս Մանճեան վերահաստատեց երեսփոխան Բագրատունիի կեցուածքը:

