Շարպել. «Բոլոր Շրջանները Ենթակայ Են Լիբանանեան Ապահովական Կառոյցին Հակակշիռին Եւ Քաղաքական Անձնաւորութիւնները Պէտք Է Օժանդակեն»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ անձամբ հսկեց ապահովական ուժերուն կողմէ գործադրուող ապահովական օրուան, որուն ընթացքին ներքին ապահովութեան ուժեր դիմեցին ապահովական խիստ միջոցառումներու եւ հսկողութեան` զսպելու համար բոլոր օրինազանցութիւնները:
Ապահովական օրուան հսկողութիւնը սկսաւ Մշարրաֆիէի մէջ, ուր անցարգելներ զետեղուեցան եւ փաստաթուղթեր ստուգուեցան:
Նոյն շրջանին մէջ բացայայտուած առաջին օրինազանցութիւնը եղաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն մաս կազմող ոստիկան մը, որ իր պաշտօնական աշխատանքին կողքին նաեւ հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժ կը վարէր` իբրեւ երկրորդ աշխատանք:
Նախարար Շարպել կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն օժանդակելու ապահովական կառոյցներուն եւ առաջքը առնելու օրինազանցութիւններուն, որպէսզի ապահովական կառոյցները ստիպուած ապահովական օր կամ ապահովական ամիս չյայտարարեն:
Շարպել շեշտեց, որ ոչ միայն Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն, այլեւ` հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի մէջ եւս ապահովական ուժերը տեղակայուած են եւ պատրաստ` ապահովական ամսուան:
Նշենք, որ այս ընթացքը պիտի շարունակուի ամբողջ շաբթուան ընթացքին:
Միւս կողմէ սակայն, Պէյրութի զանազան շրջաններուն մէջ երէկ տեղի ունեցան անիւներու հրկիզում եւ ճամբաներու փակում` իբրեւ բողոք «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ յարձակում գործած Ուիսամ Ալաէտտինի ձերբակալումին:
Պաապտայի Մէջ
Պաապտայի Արդարութեան պալատին մէջ երէկ արձանագրուեցան խափանարարութիւններ, որոնց իբրեւ հետեւանք վիրաւորուեցան չորս արգելափակեալներ:
Խափանարարութիւնները արձանագրուեցան, երբ ներքին ապահովութեան ուժեր փորձեցին դատարանին մէջ մէկ կողմ հրաւիրել դատավարութեան ենթարկուող արգելափակեալներէն մէկուն մայրը, ինչ որ ընդվզեցուց արգելափակեալն ու անոր ընկերները:
Ապա կարգ մը բանտարկեալներ իրենք զիրենք պատռտեցին ապակիներով` կոտրելէ ետք Արդարութեան պալատին ապակիները:
Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց հակակշիռին տակ առին կացութիւնը, իսկ վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց:
Աւելի ուշ, արգելափակեալները փոխադրուեցան Ռումիէ եւ անոնց դատավարութիւնը հինգ ամիսով յետաձգուեցաւ:

