Ըստ Նախագահ Սարգսեանի Հայ – Չինական Համագործակցութիւնը Կը Զարգանայ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Չինաստանի Գերագոյն դատարանի նախագահի տեղակալ Ծիան Պիսինը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց հիւրը եւ ընդգծեց, որ բոլոր մարզերուն մէջ հայ-չինական համագործակցութիւնը կը զարգանայ, երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները տարուէ տարի աւելի կ՛ամրապնդուին, որուն վկայութիւնն է նաեւ Չինաստանի Գերագոյն դատարանի պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Չինաստանի դատական համակարգերուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ փորձառութեան փոխանակումը:
CATEGORIES Հայկական


