Խմբագրական. Պետութիւն-Սփիւռք-Համայնքներ` Համակողմանի Դիմագրաւում

Շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող իրադարձութիւններու տարողունակութիւնն ու աշխարհաքաղաքական ուժերու շեշտակի ներգրաւուածութիւնը այդ բոլորին մէջ, կը յուշեն, որ արաբական երկիրներուն մէջ տակաւին անորոշ ժամանակով պիտի շարունակուի դէպքերու ցնցումային ընթացքը:

Բոլոր նախադրեալները կը համոզեն, որ այս բոլորին մասին պիտի շարունակուի տակաւին շատ մելան հոսիլ, համակարգչային շատ տարածք գրաւուիլ եւ տարատեսակ, երբեմն ալ իրարամերժ մեկնաբանութիւններով, վերլուծումներով ու կանխատեսումներով հեղեղուիլ միջազգային, շրջանային եւ տեղական լրատուադաշտերը:

Խնդիրը ի վերջոյ քաղաքական, զինուորական իրադրութիւններու ընթացքն ու ուղղութիւնները ճիշդ տեսնելն է եւ ընդհանուր կանխատեսում կատարելը: Իսկ այս բոլորը, որովհետեւ ի վերջոյ կ՛առնչուին հայկական գործօնին, տեղւոյն հայկական համայնքներու գոյութենական ապահովութեան եւ այդ ճամբով նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հարցերուն:

Տարաբնոյթ վերլուծումներով  սկսած է ողողուիլ նաեւ հայկական լրատուադաշտը: Իսլամական ալիքներու բարձրացման ի տես Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն սպասուող ճակատագիրը եւ այդ թոհուբոհին մէջ հայկական համայնքներու իրավիճակը. անոնց նօսրացման հաւանականութեան լուսարձակի տակ բերումով հետագայ ընելիքներու մասին քննարկումներու հրապարակային պահանջները. սփիւռքեան կառոյցներու զօրաշարժի անցնելու եւ օժանդակութեան համար պատրաստ ըլլալու եւ այժմէն իսկ օժանդակելու կոչեր եւ պարագայական փորձեր. տակաւի՛ն` համայնքներու ղեկավարութենէն ակնկալիքներ եւ Հայաստանի պետութենէն արդար ակնկալիքներ` այս ուղղութեամբ շարժելու:

Բնական հակազդեցութիւններ են այս բոլորը: Երբ ճգնաժամ է, երբ անորոշութիւն է, որոշ տեղեր անիշխանութիւն եւ այլուր` պատերազմական իրավիճակ, անբնական չէ որ խուճապային մթնոլորտ ստեղծուի, ամբոխային տրամաբանութեան յարիր դրսեւորումներ ըլլան: Որեւէ պայթումի կամ բախումնային հանգրուանի դիմաց համահայկական հետաքրքրութիւն կը յառաջանայ հայութեան կրած հաւանական նիւթական, մարդկային վնասներուն մասին, որուն զուգահեռ ահազանգային հարցումը ինքզինք կը կրկնէ` հայութեան դէմ որեւէ քաղաքականութիւն կիրարկման ընթացքի՞ մէջ է:

Հեռու` խուճապային տրամադրութիւններ ստեղծելէ, քաղաքական բանականութեամբ յատկանշուած սառնասրտութիւնը  պայման է նման ճգնաժամեր յաղթահարելու փորձ կատարելու համար: Շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող վարչակարգային փոփոխութիւնները, կրօնական ալիքներու բարձրացումը, պատերազմական իրավիճակներու ստեղծումը, բաժանարար ծրագիրներու գործնականացումը, անիշխանական մթնոլորտը` այս իրականութիւններուն  հետ հաշուի նստելու հարկադրանքին տակ են  գաղութային ղեկավարները, համասփիւռքեան կառոյցները եւ անշուշտ Հայաստանի պետութիւնը:

Լիբանանեան փորձառութիւնը ինքնին կը յուշէ, որ տագնապի սրման եւ անապահով կացութեան հերթական հանգրուանի, պետութիւններ իրենց քաղաքացիները  տարհանելու շատ արագ գործողութիւններ կազմակերպած են, զգուշացուցած զանոնք եւ բոլորի ապահովութեամբ շահագրգռուած: Պարագաները նոյնը չեն անշուշտ. այստեղ քաղաքացիական գործօնը չէ, այլ ազգային պատկանելիութիւնը եւ Հայաստանի պետութիւնը բնականաբար խտրականութիւն  չի ցուցաբերեր նման պարագաներու ստեղծման ատեն: Տարբեր այլ նրբերանգ մը եւս կայ: Շրջանի հայերը, հայաստանեան քաղաքացիութիւն ունենան թէ ոչ տագնապահար երկիրներու քաղաքացիներն են նախ եւ առաջ եւ մաս կը կազմեն այդ երկիրներու ժողովուրդներուն,  տուեալ համայնքին: Տագնապի պարագային օտար քաղաքացիներու նման տարհանուիլը բնականաբար ընկալելի պիտի չըլլայ տեղւոյն ոչ միայն պետական շրջանակներուն, այլ նաեւ հասարակութեան կողմէ: Տակաւին. եթէ դարձեալ յենուինք լիբանանեան երկարատեւ տագնապի իրերայաջորդ հանգրուաններուն ցոյց տրուած լիբանանահայ դիմադրողականութեան, գաղութի ինքնապաշտպանութեան եւ քաղաքական գործօնի վերածուելով ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն եւ խաղաղ գոյակցութիւն առաջադրելու փաստերուն վրայ, աւելիով կը համոզուինք, որ շրջանի արմատ նետած հայ համայնքները տագնապի առաջին հանգրուաններէն խորտակուողները կամ մէկ օրէն միւսը չքացող տեսակները չեն:

Հայրենամերձ շրջաններու հայ համայնքները սփիւռքի սիւներն են, հիմնական գաղութները եւ իբրեւ այդպիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման կռուանները, որոնց ճակատագիրը ինքնահոսի չէ  ձգուած: Աննկատ չէ անցած անշուշտ Հայաստանի պետութեան կողմէ նախապատրաստուելու տրամադրութիւնները. ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութենէն հնչած այն յայտարարութիւնները, որոնք կը խօսէին տագնապի սրման պարագային տեղւոյն համայնքներու անդամները ընդունելու եւ համապատասխան դիւրութիւնները ընծայելու մասին:

Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու գոյութեան սպառնացող տագնապները սպառնալիք են ամբողջ սփիւռքին եւ այդ ճամբով` Հայաստանի Հանրապետութեան: Համակողմանի նախապատրաստուածութեան եւ համապատասխան գործողութիւններու ձեռնարկումի անմիջական անհրաժեշտութեան առջեւ ենք իբրեւ պետութիւն, իբրեւ սփիւռք եւ իբրեւ տագնապահար համայնքներ:

Share this Article
CATEGORIES