50 Տարի Առաջ ( 29 Յունիս 1962 )
Խմբագրական
Հաշուեփակ
(Կրթական Տարեվերջի Առթիւ)
Երկրորդական եւ ազգային վարժարաններու ամավերջի հանդէսներ իրարու կը յաջորդեն խրախուսիչ թափով: Ամէն օր մամուլի սիւնակներուն մէջ կը կարդանք անունները հայ շրջանաւարտներու կամ պետական քննութեանց մէջ յաջողած հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու: Տարուէ տարի այս թիւը կ՛աւելնայ` կեանքի ասպարէզ նետելով հարիւրաւոր հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք իրենց ամբարած գիտութեամբ եւ արդիական դաստիարակութեամբ, կը բարձրացնեն մեր ժողովուրդի կրթական մակարդակը:
Կ՛արժէ առանձինն խորհրդածութեան նիւթ դարձնել քոլեճաւարտ կամ համալսարանաւարտ հայորդիներու պարագան, որոնք պիտի գան աւելցնելու թիւը ազատ ասպարէզներու մէջ փայլուն կերպով գործող եւ համբաւի տիրացած մեր հայրենակիցներուն:
Այս տողերուն մէջ գլխաւորաբար պիտի անդրադառնանք մեր ազգային վարժարաններու կրթական տարուան եւ դպրոցաշինութեան այն ճիգին, որ հաստատուեցաւ անցնող տարեշրջանին:
Ազգային վարժարանները իրենց առաւելութիւններով եւ թերութիւններով բոլորեցին արդիւնաւոր տարի մը` աւելի քայլ մը եւս առնելով մեր կրթական մակարդակի բարձրացման ճամբուն մէջ: Շնորհիւ Ազգային իշխանութեանց ուսումնական խորհուրդի, թաղականութեանց, հոգաբարձութեանց, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերու միացեալ ջանքերուն, հնարաւոր դարձաւ կարելիի սահմաններուն մէջ լրացնել լիբանանեան կրթական ծրագրի պայմանները` միաժամանակ նկատի ունենալով հայեցի կրթութեան պահանջները:
Անցնող տարեշրջանի ընթացքին բարելաւուեցաւ նաեւ հայ կրթական մշակներու նիւթական վիճակը, թէեւ անիկա հեռու է նախանձելի ըլլալէ: Նկատելի է երկուստեք բարեացակամութիւն մը, որուն շնորհիւ, վստահ ենք, որ ուսուցիչներու հարցը պիտի ենթարկուի արմատական լուծման մը` շնորհիւ այն եկամուտներուն, որոնց մասին լրջօրէն կը մտածուի պատկան իշխանութիւններուն կողմէ:
Յառաջիկայ տարիներու ընթացքին լիբանանահայ գաղութը պիտի օժտուի ազգային երկու երկրորդական վարժարաններով. մէկը` քաղաքի շրջանին մէջ, Ս. Նշանի հողին վրայ, ուր պիտի կառուցուի տիպար քոլեճ մը, բարերարութեամբ Պէյրութի հայ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի, միւսը` Պուրճ Համուտի մէջ, ազգապատկան հողին վրայ, ուր պիտի բարձրանայ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճը, Սոֆիա Յակոբեանի նուիրաբերած 50,000 եւ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան տրամադրած 25,000 տոլարով:
Երբ այս երկու երկրորդական վարժարաններուն շինութիւնը աւարտի եւ կրթական ծրագիրը մշակուի` համապատասխան մարմիններու եւ ուսուցչական կազմերու ստեղծումով, լիբանանահայ կրթական կեանքը նոր թափ պիտի ստանայ, եւ լայնօրէն գոհացում պիտի տրուի հայ ծնողներուն, որոնք կը փափաքին իրենց զաւակներուն տալ հայեցի դաստիարակութիւն, միաժամանակ` կեանքի պահանջներուն գոհացում տալու կոչուած կրթութիւն:
Որոշ է, որ մեր կրթական գործը կը մտնէ նոր հունի մէջ: Այս առթիւ, սակայն, երբ մեր վարժարաններն ու ուսումնական մարմինները կրթական նոր հարկադրանքներու տակ են եւ` վարչական ու կազմակեպական լուրջ հարցերու դէմ յանդիման, անհրաժեշտ է, որ ծնողներ լրիւ գիտակցութեամբ գործակցին ուսումնական հաստատութիւններուն հետ:
Ազգային մեր բոլոր վարժարանները, պատշաճելով ժամանակի պահանջներուն, չորս տարիէ ի վեր կը գործադրեն լիբանանեան պետական ծրագիրը` առանց երկրորդելու կամ ստորագնահատելու տոհմիկ եւ ազգային կրթութեան պահանջները:
Արդ, նիւթական թէ բարոյական տեսակէտով, մեր վարժարաններուն աջակցելու կենսական ստիպողութիւն մը կը ծանրանայ նաեւ մեր ծնողներուն վրայ: Երբ հայ վարժարաններ արաբերէն եւ անգլերէն կը սորվեցնեն մեր աշակերտներուն եւ կը ձգտին զանոնք ներկայացնել պետական քննութիւններու, հարկադրաբար պէտք ունին այդ ճիւղերը լաւապէս աւանդող հայ ուսուցիչներու, ինչ որ կը կարօտի նոր հազարներու:
«Ազգ»-ը պիտի չտայ այդ գումարները, այլ` մեր ծնողները, անհատաբար, առանց սակարկութեան եւ վերապահութեան:
Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը կ՛ըմբռնէ այս կացութիւնը եւ արժանավայել գիտակցութեամբ կը մօտենայ այս կենսական հարցին:
Ֆրանսական Համալսարանի
Հայ Շրջանաւարտները
Պէյրութի ֆրանսական համալսարանէն շրջանաւարտ եղած են հետեւեալ հայերը.
Բժիշկներ.- Արա Կերկերեան եւ Աննիպալ Մոմճեան:
Մանկաբարձուհի.– Արշալոյս Թութիկեան:
Հիւանդապահուհի.- Թերեզ Տէր Ադամեան:
Տարրալուծարանի մասնագէտ.- Արտեմիս Աւետիքեան եւ Նատիա Մինասեան:
Անեսթեզիսթ.- Տոքթ. Ժան Մոմճեան:
Քաղաքական գիտութիւններ.- Նորա Ուռկանճեան:
Առեւտրական ճիւղ.- Արտա Քելլեճեան:
Ճարտարագէտներ.- Վարուժան Քէօֆթեճեան, Քրիս Քրիսեան, Կարապետ Նահապետեան եւ Հրանդ Սիմոնեան:

