Արուեստի Աշխարհէն. Բրիտանիոյ Ամէնէն Աւելի Երաժշտասէր Հաւաքականութիւնը

ՍԿՈՎՏԻՈՅ ՍԹԸՐԼԻՆԿ ՔԱՂԱՔԻՆ ՌԱՓԼՈՔ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՄԻԱՅՆ ՄԷԿ ՄԱՆՈՒԿ ԿԸ ՍՈՐՎԷՐ ՆՈՒԱԳԵԼ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ: ԱՅԺՄ 450 ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԿԸ ՆՈՒԱԳԵՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՄԸ: ՎԵՐՋԵՐՍ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷԻՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ ՏԱԼՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ: Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԱԾ Է: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ` ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻՆ ՎՐԱՅ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ:

Օրուան վերջաւորութեան կը հնչէ զանգը եւ մանուկներ դուրս կու գան երկու նախակրթարաններէ` ուղղուելու համար վայր մը, որ կը բաժնեն իրարու հետ:

Սակայն անոնք տուն չեն երթար: Փոխարէնը` պատառ մը կ՛ուտեն եւ կը սկսին իրենց նուագախումբի փորձերուն:

Միայն քանի մը տարի առաջ Սթըրլինկի բերդին ժայռին ստորոտին` Ռափլոք արուարձանին բնակիչներուն համար աներեւակայելի էր նման բան մը:

Ռափլոք, որ Բ. Աշխարհամարտին նախորդող եւ յաջորդող տարիներուն կառուցուած էր գլխաւորաբար իբրեւ վարչական արուարձան մը, այնպիսի վայր մը չէր, ուր մարդիկ դպրոցէն ետք թաւջութակ կը նուագէին:

Այժմ «Պիկ Նոյզ» նուագախումբէն մանուկներ իրենց գիւղաւանին մէջ փորձեր կը կատարեն`  Վենեզուելայի աշխարհահռչակ «Սիմոն Պոլիվար» նուագախումբին հետ միատեղ համերգ մը տալու համար:

Այս երեւոյթը աներեւակայելի էր, որովհետեւ շրջանը մինչեւ վերջերս աւելի հռչակաւոր էր թմրեցուցիչի գործածութեամբ եւ ոճիրներով, քան` իր երաժշտութեամբ:

Այստեղ կրթական մակարդակը ցած էր, առիթներ չկային եւ գործազրկութեան համեմատութիւնը բարձր էր:

Պայծառ Ապագայի Մը Յոյսը

Պրայըն Քոնուէյ, որուն երկու զաւակները կը նուագեն «Պիկ Նոյզ» նուագախումբին մէջ, կ՛ըսէ, թէ իր պատանեկութեան նոյնիսկ «պիտի չհամարձակէր» երեւակայել, որ մանուկներ, մասնաւորաբար` մանչեր, ջութակով քալէին արուարձանին փողոցներէն:

Քոնուէյ կը նկարագրէ աւելի դաժան վայր մը, ուր ապրած է իր մանկութիւնը, եւ ուր մանուկներուն համար առիթները շատ աւելի նուազ էին:

Քաթրին Ճոնզ, որուն զաւակներէն հինգը մաս կը կազմեն «Պիկ Նոյզ» նուագախումբին, կ՛աւելցնէ. «Մանուկները շատ բան չունէին ընելիք»:

Ռափլոք գիւղաւանը կ՛ապրի հիմնական վերածաղկումի գործընթաց մը:

«Չունէինք մանուկներու յատուկ ակումբներ, կամ նման վայրեր, ուր կարելի էր յաճախել: Հետեւաբար պարզապէս կը թափառէինք»:

«Երթալու տեղ չունէինք, ընկերային հաւաքական կեանք գոյութիւն չունէր, ոչինչ կար: Այժմ մանուկներ շատ աւելին ունին», կը նշէ ան:

Ռափլոքի մէջ բազմաթիւ ծնողներու պէս, անոնք շատ չեն սիրեր մտածել անցեալին մասին եւ, փոխարէնը, կը պատկերացնեն աւելի պայծառ ապագայ մը` շրջանին երաժշտական հակումներով օժտուած մանուկներուն համար:

«Էլ Սիսթեմա»

Երաժշտական այս կերպարանափոխութիւնը սկիզբ առած է, երբ Էտինպարայի եպիսկոպոսական եկեղեցիին նախկին առաջնորդ եւ Սկովտիոյ Արուեստներու խորհուրդին նախկին նախագահ Ռիչըրտ Հոլոուէյ լսած է Վենեզուելայի «Էլ Սիսթեմա» կրթական ծրագիրին մասին եւ «հաւատափոխ» դարձած է:

Վենեզուելայի մէջ 1975-էն ի վեր երաժշտական ձրի կրթութեան համակարգը առիթ տուած է տարբեր խաւերու պատկանող աւելի քան քառորդ միլիոն մանուկներու, որ երաժշտական ուսում ստանան: Այժմ երկրին տարածքին կը գործեն շուրջ 200 նուագախումբեր:

Հոլոուէյ` էութեամբ աւետարանական մը, 2008-ին աշխատած է, որ «Էլ Սիսթեմա»-ի մէկ տարբերակը կիրարկուի Սկովտիոյ մէջ: Այս ծրագիրը սկսած է գործադրուիլ «Պիկ Նոյզ» անունին տակ:

Հոլոուէյ նախընտրած է «Էլ Սիսթեմա»-ի կեդրոնը հաստատել շուրջ 3000  բնակչութեամբ Ռափլոք գիւղաւանին մէջ, որովհետեւ անիկա «Սկովտիոյ աշխարհագրական եւ պատմական սիրտն է»:

Սակայն Հոլոուէյ այս վայրը ընտրած է նաեւ որովհետեւ անիկա  հիմնական վերանորոգութեան կ՛ենթարկուէր քաղաքաշինական ծրագիրով մը: Կը կառուցուէին հարիւրաւոր նոր բնակարաններ, ինչպէս նաեւ հաւաքավայր մը` գիւղաւանին երկու նախակրթարաններուն համար. մէկը` հռոմէական կաթոլիկ, միւսը` ապակրօն: Գիւղաւանը նաեւ կ՛ենթարկուէր միջավայրի բարեփոխութեան քանի մը տասնեակ ծրագիրներու:

«Տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս այլ վայրերու մէջ տեղի կ՛ունենայ ֆիզիքական վերընձիւղում, սակայն բաւարար ճիգ չի թափուիր ոգեղէն վերընձիւղումի համար», կ՛ըսէ Հոլոուէյ:

«Հետեւաբար դիմեցի Սթըրլինկի խորհուրդին եւ հարց տուի, որ եթէ գումար մը գոյացնէինք, կարելի՞ էր արտօնութիւն ստանալ եւ փորձարկել երաժշտական կրթութեան նման ծրագիր մը»:

«Անոնք ձայնակցեցան այս խենթ փորձարկութեան, եւ անիկա յաջողեցաւ», կը պատմէ Հոլոուէյ:

Ականատեսի Մը Վկայութիւնը` Մինչեւ Ողիմպիական

 

Երկու տարբեր ցամաքամասերէ երկու տարբեր խումբեր` տարբեր տարիքի անդամներով, որոնց կեանքը սկիզբ առած է դժուար պայմաններու մէջ, այժմ ներդաշնակ կը նուագեն միասին:

Շուրջ 4 տարի անցած է այն օրէն, երբ «Պիկ Նոյզ» նուագախումբը տուաւ իր առաջին հրապարակային համերգը: Վայրը հսկայական վրան մըն էր դպրոցին ետին: Ընտանիքներ ժամանեցին ամբողջ կազմով, նորածիններ եւ մանուկներ` իրենց գիրկին եւ ուսերուն: Նուագող երաժիշտները ինքնին տարիքով աւելի մեծ չէին. ամէնէն երէցը նախակրթարանի երրորդ դասարանի աշակերտ էր: Դպրոցական համերգի մը տպաւորութիւնը կը տիրէր. կարճ եւ զիլ ձայներով երաժշտութիւն մը կը կատարուէր խանդավառ եռանդով, ապա հանդիսատեսները ցրուեցան: Ամառնային դասընթացքներուն վերջին օրն էր:

Սակայն տարուէ տարի աւելի ակներեւ դարձած է Սկովտիոյ մէջ «Սիսթեմա»-ին ճշմարիտ ուժը: Սթըրլինկի բերդէն մինչեւ Ալպըրթ Հիլ, համերգի վայրերը սկսած են ուռճանալ` փոքրիկ երաժիշտներուն կարողութիւններուն զուգընթաց: Թերեւս միայն ժամանակի հարց է, եւ անոնք շուտով կը սկսին նուագել նաեւ Լոնտոնի մէջ:

Վենեզուելայի «Էլ Սիսթեմա»-ին օրինակով մշակուած Սկովտիոյ երաժշտական կրթութեան ծրագիրը նոյնքան կը միտի ինքնավստահութիւն եւ կարգապահութիւն ստեղծել, որքան` երաժշտական գործիք մը նուագել սորվեցնել: Այլեւս անցեալին կը պատկանի փոքրիկ երաժիշտներուն տարտամ նուագը, երբ անոնց աւելի կը հետաքրքրէր հանդիսատեսներուն շարքին իրենց ծնողները գտնելը, քան թէ` խմբավարին հետեւիլը: Փոխարէնը` այժմ կը տեսնենք նուագելու կիրքով եռուն, ինքնավստահ երաժիշտներ, որոնք տրամադիր են լսելու զիրար եւ աշխատելու` իբրեւ խումբ: Իսկ անոնց շարքին ամէնէն մեծերը հազիւ 11-12 տարեկան են:

Անոնք պիտի նուագեն «Սիմոն Պոլիվար» նուագախումբին հետ, այն նուագախումբին, որ իրենց ներշնչման աղբիւրը եղած է: Անոնք պիտի կատարեն Ողիմպիականի 2012-ի մշակութային փառատօնին բացման համերգը, ինչ որ շատ մեծ իրադարձութիւն մըն է:

Խանդավառութիւնը ակներեւ է եւ անոր ազդեցութիւնը զգալի է ամբողջ գիւղաւանին մէջ: Ռափլոք ժամանակին վերնագիրներու մէջ կը նշուէր միայն իբրեւ ոճիրներու վայր: Այժմ անիկա վերնագիրներ կը խլէ իր երաժշտութեամբ:

«Ռմբակոծումի Մը Պէս»

Սկիզբը հիմնուած էր երաժշտական ամառնային դպրոց մը` 30 աշակերտներով, որոնք շաբաթը 5 օր կը կատարէին լարային գործիքներու փորձեր:

Ապա Սկովտիոյ սիմֆոնիք նուագախումբէն վեց երաժիշտներ հրաւիրուած են, որպէսզի նուագեն գիւղաւանին փողոցներուն անկիւնը, ինչպէս նաեւ` հաւաքավայրերու մէջ, երաժշտութեան գաղափարը տարածելով «մշակութային ռմբակոծումի մը պէս»:

Այժմ այս երաժիշտներուն թիւը հասած է 16-ի: Անոնք կ՛աշխատին 450 մանուկներու հետ, որոնք կը կազմեն արուարձանին մէջ ապրող մանուկներուն 80 առ հարիւրը:

Մանուկները մանկապարտէզին մէջ կը ծանօթանան «խաւաքարտէ նուագախումբի» մը, որուն ճամբով կը սորվին, թէ ի՛նչ է երաժշտական գործիքի մը հիմնական գաղափարը:

Ապա նախակրթարանի մէջ անոնք կը սկսին փորձեր կատարել իրական գործիքներով:

Մանուկները շաբաթը երեք օր դպրոցէն ետք, յետմիջօրէին, կը կատարեն իրենց փորձերը: Անոնք գործիքները իրենց հետ տուն կը տանին շաբաթավերջին:

Քաթրին Ճոնզի հինգ զաւակները կը նուագեն «Պիկ Նոյզ» նուագախումբին մէջ:

Ճոնզ կը նշէ, թէ երաժշտական գործիք մը նուագելով` իր զաւակները դարձած են ինքնավստահ եւ զօրացած է անոնց ինքնարժեւորումի զգացումը:

Ան կ՛ըսէ, թէ իր 12 տարեկան մանչը` Ներօ, շատ լաւ հակազդած է նուագախումբի մը մաս կազմելու յատուկ կարգապահութեան:

«Ներօ իրապէ՛ս հանդարտած է եւ շատ աւելի լաւ կը կեդրոնանայ: Ան հոս կու գայ ամէն օր եւ շատ կը սիրէ երաժշտութեան փորձերը», կ՛ըսէ Ճոնզ:

«Այժմ աղջիկները աւելի եռուն են: Նախապէս Թայլան շատ ամչկոտ էր, սակայն այժմ ինքնավստահ է եւ հանգիստ կրնայ խօսիլ ոեւէ մէկուն հետ: Նայրի արդէն կը մտածէ, թէ ո՛ւր կրնայ հասնիլ մեծնալէն ետք, եթէ շարունակէ նուագել»:

Ընկերային Կերպարանափոխութիւն Մը
Յառաջացնող
Ուժ Մը

Անցեալ տարի Սկովտիոյ պետութեան կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը եզրակացութիւնը կ՛ըսէր, թէ Սկովտիոյ մէջ կիրարուած «Սիսթեմա»-ն կարողութիւնը ունէր «իրականացնելու ընկերային կերպարանափոխութիւն մը»:

Ուսումնասիրութեան հարցումներուն պատասխանելով` բոլոր ծնողները յայտնած էին, թէ իրենց զաւակները աւելի ինքնավստահ կը զգային: Անոնց 90 առ հարիւրը ըսած էր, թէ իրենց զաւակները աւելի ուրախ կը զգային, 80 առ հարիւրը կը կարծէր, թէ անոնք աւելի պատրաստ էին կեդրոնանալու, իսկ 43 առ հարիւրը կը հաւատար, թէ անոնք աւելի լաւ կը վարուէին:

Մանուկները կը սորվին նուագել զանազան գործիքներ, ինչպէս` ջութակ, հարուածային գործիքներ, սրինգ, աւագասրինգ եւ փող:

Սկովտիոյ մէջ «Սիսթեմա»-ի ծրագիրին բանբերը` Ճորճ Էնտըրսըն կ՛ըսէ. «Այս նուագախումբը կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է գործակցիլ եւ գոյակցիլ»:

«Մանուկները կը սորվին դժուար իրագործելի բան մը: Անոնք կը վայելեն որոշ դիրք մը, երբ կը յաղթահարեն դժուարութիւնները, ինչ որ զանոնք կ՛օժտէ ինքնավստահութեամբ», կը բացատրէ ան:

Երաժշտական այս ծրագիրը նաեւ մէկտեղած է գիւղաւանին բնակիչները:

Քոնուէյ, որուն զաւակները` Պրանտըն եւ Էմպըր Ռոզ կը նուագեն նուագախումբին մէջ, կ՛ըսէ, թէ նախապէս երկու նախակրթարաններուն միջեւ «հատուածական տարր մը» կար, նախքան գիւղաւանին նորակառոյց տարածքը փոխադրուիլը:

«Հասակ նետած եմ այս հաւաքականութեան մէջ, եւ  երաժշտութեան ճամբով այս դպրոցներուն մէկտեղումը կը նկատեմ հրաշալի երեւոյթ մը», կ՛ըսէ ան:

«Նորակառոյց տարածքը ստեղծելէ առաջ ունէինք անջատ դպրոցներ, կը թափէինք անջատ ճիգեր, սակայն ներկայիս բոլորին ճիգերը միացած են: «Պիկ Նոյզ» կեռասն է` զետեղուած կարկանդակին գագաթին: Զարմանահրաշ երեւոյթ մըն է այս»:

Վենեզուելացի խմբավար Կուսթաւօ Տուտամել կը խօսի «Էլ Սիսթեմա»-ի ներշնչումին մասին:

«Մանուկները մէկտեղուած են եւ բոլորն ալ կը հաղորդակցին իրարու հետ, ինչ որ շատ աւելի լաւ գաղափար մըն է: Թէեւ անոնք կը հաւատան տարբեր կրօններու, սակայն այժմ անոնք միացած են», կ՛ըսէ Ճոնզ:

Փոլին Քըր, որուն 7 տարեկան աղջիկը` Քիրսթի մաս կը կազմէ նուագախումբին, կ՛ըսէ. «Ռափլոք տխրահռչակ վայր մըն էր, սակայն այս հռչակը այլեւս կը խամրի»:

«Նորեր կու գան միանալու մեր հաւաքականութեան եւ բնակարանային նոր ծրագիրներ կ՛իրագործուին: Ամէն ինչ կը բարելաւուի»:

«Պիկ Նոյզ» կը խթանէ նաեւ չափահասները, եւ ոչ միայն մանուկները»:

Կ՛Օգտուին Նաեւ Չափահասները

Գոյութիւն ունի նաեւ այս նուագախումբին չափահասներու տարբերակը, որ կը կոչուի «Տը Նոյզ» եւ ունի 45 անդամ:

Ճեքի Պրենտըր, որուն երկու աղջիկները` Լաուրա եւ Ճենիֆըր ջութակ կը նուագեն «Պիկ Նոյզ» նուագախումբին մէջ, սկսած է ջութակ նուագել չափահասներու նուագախումբին մէջ:

«Զաւակներս ինձմէ աւելի լաւ կը նուագեն: Անոնք հաճոյք կը զգան յիշեցնելով, թէ սխալ խազեր կը նուագեմ»:

Ռոզի Ռայս, որ իբրեւ օգնական կ՛աշխատի «Աուր Լէյտի՛զ» դպրոցին մէջ, թաւջութակ կը նուագէ չափահասներու նուագախումբին մէջ:

«Անհաւատալի է, որ նուագել կը սորվեցնեն մեզի: Կը սիրեմ երաժշտական գործիք մը նուագել: Երբեք առիթը չեմ ունեցած սորվելու, սակայն երբեք ուշ չէ»:

«Նոյնիսկ մեզի կը սորվեցնեն երաժշտութիւն կարդալ: Շատ լաւ կը վարուին մեզի հետ եւ միշտ կը քաջալերեն: Երբ բոլորս սրահ մուտք կը գործենք, բոլորս կը գտնուինք նոյն մակարդակին վրայ, բոլորս կը սորվինք երաժշտական գործիք մը նուագել եւ բոլորս ալ հաճոյք կը զգանք նուագելով»:

Ռայս նաեւ իբրեւ օժանդակ կ՛աշխատի «Պիկ Նոյզ» նուագախումբին մէջ եւ կ՛օգնէ այն աշակերտներուն, որոնք կը կքին իրենց ի գործ դրած ճիգերուն տակ:

«Նուագախումբի մը մէջ նուագելը շատ մեծ յանձնառութիւն մըն է մանուկներուն համար, եւ երբեմն անոնք պարզապէս կը փափաքին տուն երթալ: Սակայն շատ հպարտ կը զգամ տեսնելով այն ճիգը, որ ի գործ կը դնեն անոնք»:

Թէյլըր Ֆլեմինկ, 10 տարեկան մանուկ մը, վերադարձած է նուագախումբ, կարճ ժամանակ մը հեռանալէ ետք:

«Շատ մեծ հաճոյք մը չէի զգար, այնքան ալ հաճելի չէր: Սակայն կը տեսնեմ, որ նուագախումբին ուսուցիչները բազմացած են եւ շատ աւելի մեծ թիւով մանուկներ մաս կը կազմեն անոր եւ խումբերը ուռճացած են», կը նկատէ ան:

Միատեղ Համերգ

Վերջին քանի մը օրերուն «Պիկ Նոյզ» կ՛ապրէր յատկանշական պահեր:

Մանուկները երէկ բեմ բարձրացան 8000 հանդիսատեսներու դիմաց` Ռափլոքի մէջ տալով յատուկ համերգ մը` իբրեւ մէկ մասը Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիականի մշակութային փառատօնին:

Վենեզուելայի Սիմոն Պոլիվար նուագախումբը, որ «Էլ Սիսթեմա» ծրագիրին գագաթնակէտն է, համերգէն առաջ շաբաթ մը անցուց սկովտիական այս գիւղաւանին մէջ: «Պիկ Նոյզ» եւ «Սիմոն Պոլիվար» նուագախումբերէն անդամներ նուագեցին կողք-կողքի:

Խմբավար Կուսթաւօ Տուտամել, որ 5 տարեկանին իր երաժշտական ուսումը  ստացած է «Սիսթեմա»-ի ծրագիրին մէջ, հովանաւոր պաշտպան է Սկովտիոյ մէջ կիրարկուող «Սիսթեմա»-ին եւ մօտէն կը հետեւի անոր զարգացումներուն:

Զանգուածները հմայելու գրաւչութեամբ օժտուած այս երաժիշտը կ՛ըսէ. «Երաժշտութիւնը կրնայ շրջել մարդկային ընկերութիւնը: Անիկա կը շրջէ ընտանիքն ու հաւաքականութիւնը, որովհետեւ անոնք հասողութիւն կ՛ունենան գեղեցկութեան, զգայնութեան, ստեղծագործականութեան եւ կարգապահութեան: Այս տարրերը անհրաժեշտ են աշխարհի լաւ քաղաքացի մը դառնալու համար»:

Ընդարձակում

Վենեզուելայէն դուրս «Սիսթեմա»-ն առաջին անգամ Ռափլոքի մէջ կիրարկուած է: Այժմ այլ վայրեր եւս կը փութան որդեգրելու զայն:

Սկովտիական բազմաթիւ տեղական իշխանութիւններ կը քննեն այս ծրագիրը որդեգրելու կարելիութիւնները, սակայն դրամական աղբիւրներն ու քաղաքական հարցերը խոչընդոտներ կը ստեղծեն:

Համայնքին կեդրոնը Ռափլոքի քաղաքաշինական ծրագիրներուն սիրտն է:

Ծրագիրին գործադրութեան առաջին օրէն Սկովտիոյ մէջ գոյացած է շուրջ 3.5 միլիոն սթերլին: Սակայն այս գումարին հետ առնչուած յանձնառութեան ժամանակը վերջ կը գտնէ 2013-ի ամառը:

Սթըրլինկի խորհուրդը յաւելեալ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ` իր տարածքներուն մէջ նիւթական աղբիւրներ ապահովելու համար, սակայն շատ աւելի մեծ պատրաստ գումարներու կարիքը պիտի ունենայ ծրագիրը պահելու համար իր ներկայ մակարդակին վրայ եւ զայն շարունակելու` նոյն թափով:

Սակայն ընդմիշտ զուարթ Հոլոուէյ կ՛ըսէ, թէ կ՛ակնկալէ Սկովտիոյ տարածքին «Պիկ Նոյզ»-ի նման նուագախումբերու «ծաղկում մը»` յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին»:

Ան կը նշէ, թէ աշխարհահռչակ «Սիմոն Պոլիվար» նուագախումբին ներկայութիւնը սկովտիական փոքրիկ բնակավայրի մը մէջ ինքնին «համաստեղային» է:

«Աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի աւելի հռչակաւոր նուագախումբ մը, ինչպէս նաեւ գոյութիւն չունի Կուսթաւօ Տուտամելէն աւելի հռչակաւոր խմբավար մը»:

«Անոնք այս նուագախումբը բերած են Ռափլոք, եւ աշխարհը պիտի դիտէ մեզ»:

«Եթէ այս երեւոյթը չի ցնցեր Սկովտիան եւ չի մղեր որոշելու` «Այո՛, պէտք է շատ աւելի բազմացնենք այս երեւոյթը», ապա հրաբուխ մը պէտք է, որ ցնցէ մեզ», կ՛եզրակացնէ ան:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES