Յայտարարութիւն
Սիրելի՛ նախկին եւ ներկայ զաւարեանական ընկերներ,
Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեանական Էջ»-ի յանձնախումբը կը պատրաստուի հրատարակելու «Խռովք»-ի երրորդ թիւը: «Խռովք»-ը «Զաւարեանական Էջ»-ի բացառիկ հրատարակութիւնն է, որուն համար յօդուածներ կը տրամադրեն ներկայ եւ նախկին զաւարեանականներ, եւ որ լոյս կը տեսնէ պրակի ձեւով ու կը բաժնուի «Ազդակ»-ին հետ:
Յաջորդող «Խռովք»-ը կը փափաքինք տրամադրել հայութիւնը յուզող համեմատաբար լուսանցքային մնացած հիմնախնդիրներու, անոնց վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու, մտածումներու եւ, ինչո՛ւ չէ, ռազմավարական կարելիութիւններու:
Իբրեւ օրինակ կը թուենք`
– Ջաւախքի հիմնախնդիր
– Պոլսահայ գաղութի վերաշխուժացում, դերակատարութիւն, կարելիութիւններ…
– Թուրքիա (ներքին հարցեր, փոքրամասնութիւններ, օգտագործուելիք խոստմնալից լծակներ…)
– Սփիւռքահայ – Արեւմտահայաստան կապ
– Կրօնափոխ (իսլամացած) հայեր
– Ցեղասպանութեան հատուցման հանգրուան
– Հիւսիսային Արցախ
– Նախիջեւան
Այսպիսով ձեր մասնակցութեամբ կը յուսանք ձեռք բերել այժմէական եւ կարեւոր հրատարակութիւն մը:
Նիւթերը կրնան ներկայացուիլ յօդուածի, ուսումնասիրութեան կամ հարցազրոյցի ձեւով:
Կը խնդրենք զանոնք յանձնել ԶՈՄ-ի գործավարութեան կամ ուղարկել [email protected] հասցէին մինչեւ օգոստոս 10:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կապուիլ 70-948511 թիւին:
Ծանօթ.- փափաքելի է նիւթ տրամադրելու պատրաստակամութիւնը ունեցող ընկերներէն առաւելագոյնս կանուխ տեղեկանալ այդ մասին:
ՀՅԴ ԶՈՄ «ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ԷՋ»-Ի
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

